Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ`Անի քաղաքին վերաբերող լուսանկարներու շնորհանդէս

Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ, Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անի քաղաքին վերաբերող «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի` ﬕջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք» թեմայով լուսանկարներու շնորհանդէս` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրաﬕ Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտչեանի ներկայացմամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

«Երեկոյին կը մասնակցէին հայ եւ գանատացի արուեստագէտներ, հասարակական–քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ,բազմաթիւ գանատահայեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արէն Եգանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Մկրտչեանին շնորհանդէսի իրականացման համար եւ ընդգծեց վերջինիս երկարատեւ տարիներու անձնուէր գործունէութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: ՀՀ դեսպանը հանգամանալից անդրադարձաւ Անի քաղաքի ﬔծագոյն մշակութային ժառանգութեան:

Շնորհանդէսի ընթացքին Մկրտիչ Մկրտչեան ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը` լուսանկարներու ﬕջոցով ցուցադրելով Անիի եկեղեցիներու եւ այլ ճարտարապետական կոթողներու` իր այցելութիւններուն ժամանակ իր կողէ նկարահանուած համայնապատկերները: Շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ Օթթաուայի հայկական լրատուաﬕջոցներուն կողմէ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871