Գանատայի մէջ Յունուար 19-ին մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածը` Քնար Եմենիճեան:
Ըստ Armenpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Եմենիճեան 107 տարեկան էր:
Ան ծնած էր Կեսարիա, 1909 թուականին: Ընտանիքի բոլոր անդամները յաջողած էին փրկուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ:
«Մօրս հայրը զինուորական եղած է: Անոր ընտանիքին փրկած է թուրք ծառայակիցը, պահած ագարակին մէջ: Քանի օր անոնք ապրած են ամբարին մէջ: Ամիսներ շարունակ գրեթէ չեն ունեցած ուտելու բան: Իսկ մեծ հայրս, որ մնացած է բանակին մէջ, տիֆով հիւանդացած է: Ըսած են` «ամէն պարագայի պիտի մեռնի» ու չեն սպաննած, պարզապէս հեռացուցած են բանակէն: Ան գտած է իր ընտանիքը, բայց տիֆը հասած է նաեւ անոնց: Բարեբախտաբար, կրցած են յաղթել հիւանդութեան»,- պատմած է Եմենիճեանի որդին` Յովսէփը:
Ընտանիքը կրցած է վերադառնալ իր հրդեհուած տան աւերակներուն մօտ: Այնտեղ ալ, 10 տարի շարունակ, ապրած են ուրիշի անունով, ստիպուած ներկայացած են իբրեւ մահմետական: Այնուհետեւ, տեղափոխուած են Եգիպտոս, վերականգնած են իրական անունները: Աւելի ուշ ընտանիքը տեղափոխուած է Գանատա: