29 Մարտ 2022 ին, Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը միաձայնութեամբ հռչակեց իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը « Հայկական Ժառանգութեան Ամիս »։
105 րդ. օրինագիծը, իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ որպէս « Հայկական Ժառանգութեան Ամիս »։ Այս օրինագիծը ներկայացուեցաւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի առաջին հայ երեսփոխան Տիար Արիս Պապիկեանի կողմէ, որ ընտրուած էր Սքարպորօ-Էյճինքորդ շրջանէն։
Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը Գանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունեց նման օրէնք մը, որպէս յարգանքի տուրք մատուցանելու Օնթարիօ Նահանգի մէջ բնակող հայերուն, որոնք իրենց գործօն ներդրումն ու բարի աւանդը բերած են գանատական հասարակութեան մէջ։
Օրինագիծին ճանաչումէն ետք, Երեսփոխան Պապիկեան խօսք առնելով հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ։ « Զգացուած եմ Օրէնսդիր Ժողովի գործընկերներուս միաձայն աջակցութեան ու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ իրենց սրտառուչ արտայայտութիւններուն համար։ Հպարտ եմ հովանաւորելու այս օրինագիծը եւ ոգեկոչելու մեր գաղութի նախնիքներուն զոհողութիւնները համայնքին բարգաւաճման ի խնդիր»։ Ապա Երեսփոխան Պապիկեան իր շնորհակալութիւնները ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն նախարար եւ երեսփոխաններուն որոնք օրինագիծին ի նպաստ քուէարկած էին։
Օրէնսդիր Ժողովի երկու ժամ տեւողութեան ընթացքին տրուած վկայութիւնները վերահաստատեցին եւ վերստին ընդգծեցին Օնթարիօ Նահանգի հայերուն նշանակալի ներդրումը, նահանգի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց ներդրումը արուեստի, գիտութիւններու եւ գրականութեան մարզերէն ներս։
Սոյն պատմական իրադարձութեան ներկայ էին Թորոնթոյի հայ համայնքի կրօնական եւ քաղաքացիական առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ՝ Հայ Կեդրոն, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի, Ս. Աստուածածին Հայց, Առաք. Եկեղեցի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի։
Օնթարիօ Օրէնսդիր ժողովի կողմէ ընդունուած սոյն օրինագիծը, 31 Մարտ 2022 ին, Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի Օնթարիօ Նահանգի ներկայացուցիչ եւ կառավարիչ Վսեմաշուք Էլիզապէթ Տաւտըսուէլի կողմէ ստորագրուելէ ետք որպէս օրէնք կեանքի կոչուեցաւ։
Յարութիւն Դերձակեան