Կիրակի` Մայիս 1, 2016-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցին հիւրընկալեց Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեանը, որ մատուցեց Ս. Պատարագը։ Իր խօսքին մէջ, Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան բարի գալուստ մաղթեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեանին, ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց Գերշ. Վազգէն Եպիսկոպոսի կենսագրականը։
Օրուան քարոզէն առաջ, Գերշ. Վազգէն Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անոր օրհնութիւններուն համար դէպի Գանատա իր ճամբորդութեանը առիթով, ներկայ ըլլալու իր երկարամեայ ընկերոջ, դպրեվանքի դասընկեր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձի հանդիսութեան։
Վազգէն Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Աբգար Սրբազանին, հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն, Դպրաց Դասին, Ծխական Խորհուրդին, Թեմական Խորհուրդի պատգամաւորներուն, որոնք այս օրհնաբեր առիթով հաւաքուած էին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծուխի անդամներուն, որոնք միասնաբար Եկեղեցին կ’իմաստաւորեն իբրեւ աղօթատեղի։
Ան խօսեցաւ Քրիստոսի մասին. Առաջնորդը որ Իր հետեւորդներուն հետ կիսեց Իր սէրը ամէն անգամ որ անոնց հետ կ’ըլլար։ Ան նշեց նաեւ հովիւները, որոնք ինքզինքնին կը նուիրաբերեն իրենց հօտը պաշտպանելու համար։ Ապա Սրբազանը Քրիստոսի կեցուածքն ու հովիւներու նուիրուածութիւնը բաղդատեց Տէր Զարեհի առաքելութեան՝ որ կը պաշտպանէ իր հօտը, վերջինիս առաջնորդելով անխախտ հաւատքով ու սիրով, անքակտելի կապը պահելով Հայաստանի ու Արցախի հետ։
Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն
Ծխական Խորհուրդի հրաւէրով, Ս. Պատարագէն ետք «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձին առիթով։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Գերշ. Աբգար Սրբազանը։ Տիկ. Սելլա Գալթաքճեան բեմ հրաւիրեց վաստակաւոր կիթարիստ Լեւոն Իշխանեանը եւ անոր հայրը՝ Միջին Արեւելեան արուեստագէտներու երաժշտական ղեկավար՝ հանրածանօթ Էտուար Իշխանեանը։ Հայր եւ որդի, իրենց ներկայացուցած երաժշտական կտորներով հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ներկաներուն համար։
Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան արտասանեց բացման խօսքը։ Ան ողջունեց պատուոյ հիւրերուն ներկայութիւնը, շնորհաւորեց Տէր Զարեհ Զարգարեանը անոր 50-րդ տարեդարձին առիթով եւ գնահատեց 20 տարիներու վաստակը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ՝ իբրեւ Հոգեւոր Հովիւ։ Պրն. Օհաննէսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Երէցկին Նայիրային, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներուն՝ Նարեկին, Արէնին ու Արազին, իրենց համբերութեան, սիրոյն եւ գուրգուրանքին համար հանդէպ Տէր Հօր, որպէսզի ան կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը իբրեւ Հովիւ։ Ապա, Պրն. Օհաննէսեան եւ Ծխական Խորհուրդի անդամները լանջախաչ մը նուիրեցին Տէր Հօր եւ Աստուածամայրը պատկերող վզնոց մը Երէցկին Նայիրային։
Նարեկ, Արէն եւ Արազ Զարգարեաններ անհատապէս իրենց շնորհաւորանքները արտայայտեցին իրեն հօր, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, իր անսակարկ սիրոյն եւ հոգատարութեան համար։ Նարեկ աւելցուց թէ Տէր Հօր նուիրումը ծուխին կը նշանակէ թէ իրենք եւս հաւասարապէս կը բաժնեն իրենց հայրը նոյն ծուխին հետ։
Մոնթրէալէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհն. Պոյաճեան շնորհաւորեց Տէր Զարեհը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրուած ու անխոնջ ծառայութեան համար Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ։ Ան նաեւ ընթերցեց Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի շնորհաւորական նամակը՝ Տէր Զարեհին։
Վազգէն Սրբազան շնորհաւորեց Տէր Զարեհը եւ փոխանցեց Ռուսիա եւ Հայաստան գտնուող իր ընկերներուն բարեմաղթութիւնները։ Ապա ան Տէր Զարեհին նուիրեց արծաթեայ կողքով Աւետարան մը, ինչպէս նաեւ մի քանի գեղեցիկ պաստառներ վրացահայ գեղանկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցի գործերէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ դեսպան Վսեմաշուք Պրն. Արմէն Եգանեան Տէր Զարեհ Քահանային փոխանցեց իր շնորհաւորանքներն ու բարի մաղթանքները, անոր յանձնելով փորագրուած գեղեցիկ նուէր մը։ Ան յիշեց առաջին առիթը որ Տէր Զարեհ կազմակերպած էր, հանդիպելու համայնքի անդամներուն հետ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ոչ միայն հանդիպում էր, այլ փաստ մը կենսունակ հաւաքականութեան մը։
Երբ տարեդարձի կարկանդակը սրահ կը բերուէր, Տէր Զարեհ շրջապատուած էր իր ընտանիքով ու հիւրերով, որոնք «Բարի Տարեդարձ» կ’երգէին։ Այստեղ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մարօ Վարդանեանին, որ բծախնդրութեամբ իւրայատուկ կարկանդակ մը պատրաստած էր։
Եկեղեցւոյ «Սասուն» Պարախումբը ներկայացուց մի քանի ժողովրդական պարեր, ճոխացնելով արդէն իսկ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտը։
Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իր շնորհաւորական ուղերձը փոխանցեց Տէր Հօր եւ անոր նուիրեց ձեռնախաչ մը։
Օրուան մեծարեալը՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան, իր սրտագին երախտագիտութիւնը արտայայտեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ դեսպան՝ Վսեմաշուք Պրն. Արմէն Եգանեանին, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մօտ պատուակալ հիւպատոս՝ Պրն. Րիչարտ Սվազլեանին, Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Խորէն Մարտոյեանին, Արժ. Տ. Վազգէն Քհն. Պոյաճեանին, Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Կիւլեանին, Արժ. Տ. Տաթեւ Քհն. Մէնէնկիչեանին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանին, եւ բոլոր անոնց որոնք ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին եւ հիւրասիրութեան։
Տէր Զարեհ գնահատեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Պրն. Օհան Օհաննէսեանի, եւ բոլոր անոնք որոնք բաժին ունեցան սոյն հիւրասիրութիւնը կազմակերպելու։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ այն բոլոր օրհնութիւններուն զորս Աստուած շնորհած է իրեն. առաջին հերթին ծնողները, իրենց սիրովն ու առաջնորդութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ որ հաւատք եւ ուսում արմատացուցած է իր մէջ, իր սիրելի Երէցկին Նայիրան, որ ամէն ձեւով նեցուկ կանգնած է իրեն, սիրեցեալ զաւակները՝ որոնց անսակարկ սէրը վայելած է, նոյնիսկ երբ իր պարտականութիւններուն պատճառով անոնց հետ չէ կրցած ըլլալ միշտ։
Տէր Զարեհ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն, որոնք, անսալով իր փափաքին, տարեդարձին առիթով իրենց սրտագին նուիրատուութիւնները Եկեղեցւոյս Մարդասիրական Հաշուեհամարին միջոցաւ կատարեցին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ ընտանիքներուն։ Այդ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները մինչեւ օրս կը հաշուեն 45,000։ Ապա աւելցուց թէ նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր, երբ Տէր Զարեհ Հայաստան ճամբորդութեան, հետը պիտի տանի հաւաքուած գումարը, բաժնելու համար զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն։
Ապա Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան հրաւիրեց Տէր եւ Տիկ. Զագարեանները, որ իրենց նուէրը՝ գեղեցիկ ձեռնախաչ մը, նուիրեն Վազգէն Եպս. Միրզախանեանին։
Հիւրասիրութիւնը վերջ գտաւ գոհունակ մթնոլորտի մը մէջ։ Հոս կ’ուզենք դարձեալ քաջալերել մեր համայնքի անդամները որ մասնակից ըլլան յայտարարուած նուիրահաւաքին։ Փոխգիրերը կարելի է ուղարկել Ս.Ե.Հ. Առաք. Եկեղեցւոյ Մարդասիրական Հաշուեհամար-Արցախ անունին, համացանցի միջոցաւ եւ կամ հեռաձանելով եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ 416-431-3001 թիւին։
Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր բոլորի հետ ըլլայ։