Կիրակի 9 Հոկտեմբեր 2016-ին յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա ներգաղթած Սուրիհայերու, առաջին գոհաբանութեան օրուայ ճաշկերոյթը, կազմակերպուած եկեղեցւոյս Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան (Հ.Ը.Օ.Ծ.) յանձնախումբի կողմէ:
Ճաշկերոյթին յատուկ հրաւէրով մասնակից դարձաւ Թորոնթոյի Քաղաքապետ Ճոն Թորի, ներկայ էին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի «Սքարպորոյի տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ, Զուպէր Բաթէլ, Սալմա Զահիտ եւ Ճոն Մքէյ, Օնթարիոյ նահանգի երեսփոխան Միթցի Հանթըր, Ս.Ե.Հ. Ա. եկեղեցւոյ օգնական հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան, Ծխական Խորհուրդի Փոխ Ատենադպիր Ճոն Սաթուրի եւ հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան յանձնախումբի Ատենապետուհի Ռիթա Օճախեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղաքապետ Ճոն Թորիին եւ օտար հիւրերուն իրենց ներկայութեան համար, եւ ըսաւ «…Ամէն տարի Հոկտեմբերի երկրորդ Երկուշաբթին, կը տօնենք Գոհաբանութեան Օրը: Աւանդութիւն է ընտանիքներ իրենց հարազատներով կը համախմբուին սեղանի շուրջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ շնորհած բարիքներուն համար, այսօր մենք ալ Փառք կու տանք Աստուծոյ որ մեր Սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները ապաստան գտան ասպնջական Գանատա եւ սրտբաց ընդունուեցան թորոնթոհայութեան կողմէ, յաջողութիւն մաղթեց:
Եկեղեցւոյս օգնական հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեանի սեղաններու օրհնութենէ ետք, ներկաները Քաղաքապետին հետ ճաշակեցին յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած եւ սպասարկուած ճաշը:
Հաւաքի ընթացքին Քաղաքապետ Ճոն Թորի իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց (Հ.Ը.Օ.Ծառայութեան յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետուհի Ռիթա Օճախեանի, իրենց տարած կամաւոր աշխատանքին համար ի նպաստ մեր հայրենակիցներուն:
Գանատահայոց թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Ս.Ե.Հ.Ա. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի (յատուկ առաքելութեամբ մը Հայաստան կը գտնուէր) ողջոյնի խօսքը ընթերցեցին Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան (հայերէն) եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներէն Հուրի Ազնաւուրեան (անգլերէն):
Սուրիահայ սիրուած երգիչ Մհեր Մինասեան, հայկական գեղեցիկ երգերով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը:
Վարձքը կատար բոլորին: