Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան. «Գանատայի հետ մեր մշտական երկխօսութիւնը կը շարունակէ ամրապնդել երկկողմ յարաբերութիւնները»

Չորեքշաբթի՝ 4 Սեպտեմբեր  2024-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Անահիտ Յարութիւնեան Երեւանի մէջ հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի արտակարգ եւ  լիազօր դեսպան՝ Էնտրու Թըրնըրի հետ։

«Մեր մշտական երկխօսութիւնը կը շարունակէ ամրապնդել մեր երկրներու միջեւ կապերը: Անհամբեր կը սպասենք հետագայ յառաջընթացին»,- գրած է  ՀՀ դեսպան՝ Անահաիտ Յարութիւնեան իր X  էջին։