«Շատ հաճելի է կրկին Հայաստան գտնուիլ, պարոն Միրզոյեան, թէպէտ ըսիք, որ այս արտաքին գործերու նախարարի՝ Հայաստան առաջին պաշտօնական այցն է, բայց իմ երկրորդ այցս է, որովհետեւ այն ժամանակ արտաքին գործերու նախարար չէի. Ֆրանքոֆոնի համար պատասխանատու նախարարն էի եւ մեծ ուրախութեամբ կը յիշեմ այն հրաշալի գագաթաժողովը, որ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի կողմէ 2018 թուականին։ Այլ ժամանակներ էին, յիրաւի։ Բայց հրաշալի է, որ վերադարձած եմ», այս մասին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժօլին։
Ան նշեց, որ Գանատայի եւ Հայաստանի բարեկամութիւնը հիմնուած է երկու ժողովուրդներու միջեւ խոր կապերու վրայ։ Նախարարը շեշտելով ըսաւ, որ երբ ինք կը վերադառնայ Հայաստան, իրեն կը թուի, թէ իր ընտանիքին քով կը վերադառնայ։
Այնուհետեւ Գանատայի արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ, որ հայկական ծագում ունեցող 50.000 անձ Գանատան հայրենիք կը համարեն, եւ Գանատայի հայկական համայնքը աշխոյժ է, այն շատ գործուն է եւ էական ներդրում ունի իրենց երկրի քաղաքներու կեանքին մէջ, ընդ որում իր հայրենի քաղաքի՝ Մոնթրէալի։
«Գանատան կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ աջակցելով հայ ժողովուրդի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան, մենք կը հաւատանք ձեր ժողովրդավարական նկրտումներուն եւ պատրաստ ենք աշխատելու ձեզի հետ զանոնք իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ։ Այսօր կարեւոր փուլ է Գանատայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ուրախ եմ նշելու, որ մենք այսօր Երեւանին մէջ պաշտօնապէս կը բանանք Գանատայի նոր դեսպանատունը: Այդ խոստումը մենք հայ ժողովուրդին տուինք անցեալ տարի եւ այդ խոստումը պահած ենք», յաւելեց նախարարը։