Երէցներու Նուիրուած Օր

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանու տակ գործող այցելութեան յանձնախումբի անդամները գիտակից իրենց առաքելութեան, սիրայօժար եւ խղճամիտ կերպով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը կանոնաւոր այցելութիւններ տալով տարեցներու տուները «Nursing Home» նաեւ աւանդութիւն դարձած է, տարին մէկ անգամ ամրան բոլորին հրաւիրել եւ բերել եկեղեցի, ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագի եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու: Տարիներու փորձը ցոյց տուած է, թէ դէպի եկեղեցի անոնց այցելութիւնը միայն հոգեւոր սնունդ կը սատարէ, այլեւ դրական փոփոխութիւն կը բերէ անոնց կեանքին:

Ահա այդ էր պատճառը, որ այցելութեան յանձնախումբը համաճարակի որոշակի դադարէ ետք, Հինգշաբթի 27 Յունիս 2024-ին կազմակերպեց շատ սպասուած «Երէց քաղաքացիներու նուիրուած» օրը, ձեռնարկը կը հովանաւորէր, փոխառաջնորդ եւ Ս. Ե. Հ. Ա. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ զոր մատոյց փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, իր քարոզը ուղղելով տարեցներուն, թելադրելով որ միշտ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ, նոյնանման պատգամով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, քահանայ հայրերը Ս. Հաղորդութիւն բաշխեց ի ներկաներուն, որմէ յետոյ բոլորն ալ առաջնորդուեցան «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահը, որ ճաշակաւոր կերպով զարդարուած էր Տիկ. Ռիթա Քէթէնճեանի կողմէ: Սեղաններու օրհնութենէ ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն- յանձնախումբի անդամուհիներու եւ խումբ մը կամաւոր տիկիններու կողմէ:

Բարի գալստեան ջերմ խօսքերով հանդէս եկան յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Գարօլին Խուշապէ (անգլերէն) եւ տիկ. Ցոլինէ Ճէլլատեան -Ծիրենցեան Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. կրկին շնորհաւորեց այցելութիւն յանձնախումբի անդամուհիներու տարած քսան տարուայ աշխատանքը, եւ գնահատագիրով պարգեւատրեց յանձնախումբի մէջ երկար տարիներ իրենց ծառայութիւնը բերած անդամուհիները: Տիկնայք Նորա Պալթայեան, Նուարդ Մուշեան, Անի Մկրտիչեան, Արեգնազ Սագարիա, Մատլէն Սահակեան, Լիտա Գիրդաւիթ, եւ պրն. Հրանդ Քէթէնճեան, իր երգեցողութեամբ շէնցուցած է «Տարեցներու օր»ուայ հաւաքները:

Օրուայ մթնոլորտը խանդավառեց Հրանդ Քէթէնճեան, իր ուրախ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը եւ պարահարթակ հրաւիրեց հոգիով երիտասարդ, մեր պապիկներն ու տատիկները:

Շնորհակալական խօսք կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակն ու տաղանդը ի սպաս դրին ձեռնարկի յաջողութեան եւ մեր աւագ սերունդին պարգեւեցին ուրախ եւ անմոռանալի ժամեր: Ձեր վարձքը կատար այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիներուն: