ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵԼՈՅԹԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն  Դերձակեան

Քաղաքիս քաջածանօթ երեք արժանաւոր հայ երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկան            5 Նոյեմբեր 2023 Կիրակի օր, յետ միջօրէին ժամը 2.00 ին Թորոնթոյի « Աղա Խան » թանգարանի գեղեցիկ սրահին մէջ։ Սրահը լեցուն էր օտարներու կողքին մասնաւորաբար հայ երաժշտասէրներու ընտրեալ հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին երիտասարդները քաջալերելու եւ իրենց արուեստը վայելելու։ Երիտասարդներու կատարումները երաժշտական վայելքի անմոռանալի պահեր ապրեցուցին ներկաներուն։

«Տիվայն Տրիմս»  -Աստուածային երազներ- կոչուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին սիրուած օփերայի երգչուհի քոլորաթուրա սոփրանօ Լին անոյշ Իշնար, որ «Թորոնթօ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի», «Գանատիան օփերա ընկերութեան» եւ «Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբերու ելոյթներուն մէջ զանազան նշանաւոր օփերաներու ընթացքին յաջող ելոյթներ ունեցած է։

Նախկին Պոլսահայ, այժմ Թորոնթոյաբնակ բոլորին ծանօթ տաղանդաւոր դաշնակահար Արթուն Միսքճեան, Գանատայի, Ամերիկա Միացեալ Նահանքներ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքոյի եւ Թուրքիոյ մէջ իր սարքած բացառիկ համերգներով եւ իր վերամշակումներով բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած արժանաւոր արուեստագէտ մըն է։

Պոլսահայ ընտանիքի զաւակ, սաքսոֆոնիստ Կարպիս Շահսուվար, Թորոնթոյի երաժշտասէրներուն համար յայտնութիւն մը եղաւ իր սաքսոֆոնի գեղեցիկ նուագով։ Ան շրջանաւարտ եղած է Համպըր քոլէժի ճազային կատարողական ծրագրէն, մասնակցած է Թորոնթոյի մէջ զանազան փառատօներու որպէս ճազի երաժիշտ, ներկայիս երաժշտութեան ուսուցիչ է եւ նաեւ փողային երաժշտական ​​գործիքներու հմուտ արուեստագէտ մը։

Ճազ, պար, դասական եւ հայերէն կատարումներէ բաղկացած յայտագիրը սկսելէ սոաջ սոփրանօ Լին Ա. Իշնար կտորներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ առաջին առթիւ հանդէս եկաւ եւ մեկնաբանեց Իրվինկ Պերլինի  «Ռիչինկ ֆոր տը մուն» Reaching for the moon կտորը։ Այս կտորին վերամշակումը կատարուած էր Սերուժ Գրաճեանի եւ Արթուն Միսքճեանի կողմէ։ Այնուհետեւ Լին Ա. Իշնար իրարայաջորդ կերպով մեկնաբանեց բոլորին կողմէ քաջածանօթ եւ սիրուած ֆրանսերէն կտորներ։ «Սու լeօ սիէլ տը Բարի»  Sous le ciel de Paris, «Լա վի ան ռոզ» La vie en rose, «Աբրէ էօն ռեւ» Apres un reve, «Պեսամէ մուչօ» Besame mucho կտորները, զանոնք մեներգեց իր հրապուրիչ ձայնով եւ իւրայատուկ բարձրորակ արուեստով մը արժանանալով բոլորին ջերմ գնահատանքին։

Ապա Կոմիտաս վարդապետի «Վաղարշապատ» պարը դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի կողմէ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանուեցաւ։ Յաջորդեց Համբարձում Պէրպէրեանի «Անոր» կտորը, որ ներկայացուեցաւ սոփրանօ Լին Ա. Իշնարի եւ դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի կողմէ։

Երեք արուեստագէտները այս անգամ բեմ բարձրացան եւ մեկնաբանեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Որտեղ գտնեմ քեզ» կտորը։

Առաջին բաժնի վերջին կտորը Շարլ Ազնաւուրի» նշանաւոր « Լա պոհեմ » ը բացառիկ գեղեցկութեամբ եւ հոյակապ կերպով ներկայացուցին Արթուն Միսքճեան եւ Կարպիս Շահսուվար որոնք արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու։

Միջնարարէ ետք, երեք արուեստագէտները կրկին բեմ բարձրանալով մեկնաբանեցին Քուրթ Վէիլի «Եուքալի» դասական կտորը։ Որու յաջորդեց Ռոպէրթ Ամիրխանեանի ստեղծագործութիւններէն «Դու՝ ինչպէս մի աստղ», «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը։

Երկու երաժիշտ արուեստագէտներ այս բաժնին մէջ ներկայացուցին Առնօ Պապաճանեանի «Էլեգիա» կտորը։  Ապա երեքը միասնաբար ներկայացուցին Լէոնարտ Պէրնշթայնի դասական

«Տրիմ ուիթ մի» Dream with me կտորը։ Որպէս վերջին երգ ներկայացուեցաւ Առնօ Պապաճանեանի      «Չըքնաղ երազ» կտորը։ Աւարտին արուեստագէտները ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։

Որպէս պիսի կտոր «Ազգ Փառապանծ» երգեցողութեամբ եւ երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ վերջացաւ յայտագիրը։ Ներկաներուն  հրճուանքը իր գագաթնակէտին հասած էր, մեծ խանդավառութեամբ յոտնկայս որոտընդոստ ծափահարութիւններով գնահատեցին արուեստագէտները, որոնք անմոռանալի օր մը ապրեցուցին Թորոնթոյի հասարակութեան։

Վարձքը կատար բոլորին։