Մատաթ Բ. Մամուրեան
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Բարեւ» կեդրոնի հովանաւորութեան տակ գործող «Լուսաբեմ» թատերախումբի օժանդակ յանձնախումբը, Մայրերու Տօնին առթիւ, Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8-ին եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը՝ Dinner-Theater, «Նոր Բժիշկ- Միժամեայ Բժիշկ» կատակերգութիւնը, հեղինակութեամբ՝ Յակոբ Թորոսեանի, վերամշակմամբ եւ բեմադրութեամբ՝ Սեդա Քէշիշեանի։
Երկար տարիներու դերասանուհի եւ բեմադրիչ՝ Սեդա Քէշիշեան, սրտին մէջ թատրոնի սէրը եւ բեմադրելու կորովը միշտ վառ պահած է բեմերու վրայ։
Շուրջ 250 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ ձեռնարկը սկիզբ առաւ ընթրիքով, որուն յաջորդեց թատերական ներկայացումը։
Մուտքի կարգով մասնակից դերակատարներն էին՝ Ռուզաննա Արսլանեան, Գէորգ Արսլանեան, Թալին Պալթայեան, Արէթ Պոյաճեան, Դալար Սարգիսեան, Արշակ Մավիսակալյան, Սեւակ Քէշիշեան, Բիէր Օթճեան, Մաթիւս Ադամեան, Պարէթ Սանդուրճեան, Տիրան Բարնաքօղլու, Սիլվիա Քէշիշեան, Ալիանա Աթթա, Լիլիան Պապայեան, Լարա Թորոսեան եւ Ժոզէֆին Եղոյեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ապրումով, վարպետութեամբ, բնական միմիքներով, վճիտ եւ սահուն հայերէն առոգանութեամբ լաւապէս մարմնաւորեց իրեն վստահուած դերը։
Ներկայացման աւարտին, անոնք արժանացան հանդիսատեսի յոտնկայս ծափահարութիւններուն, ապա Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան իր սրտի խօսքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց դերակատարներուն, բեմադրիչ՝ Սեդա Քէշիշեանին, Օգնական բեմադրիչ՝ Ցոլինէ Ճելլատեան Զերէնցեանին. երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ՝ թատրոնի պատրաստութեան մասնակից բոլոր անհատներուն։
«Պահպանիչ»ով երեկոն իր աւարտին հասաւ։
Ներկայացումը կրկին անգամ հանրութեան ներկայացուեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին։
Քաջալերելի է խումբ մը տաղանդաւոր երիտասարդներու տարած նուիրական աշխատանքը եւ ցուցաբերած սէրը՝ Հայ Թատրոնին նկատմամբ։