ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 50 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ԱՐՑԱԽԻ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի ու Միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, կը հաղորդէ «Ազգ»-ը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ԹՄՄիութեան կողմէ Ապրիլ 25-ին կազմակերպուած տարեկան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, այս մասին արդէն իսկ յայտարարած էր ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՌԱԿ Վերականգնումի շարժման ղեկավարներէն Երուանդ Ազատեան:

Վերոյիշեալ գումարին կէսը պիտի տրամադրուի ԹՄՄեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, իսկ մնացեալ կէսը պիտի գոյանայ ԹՄՄի զանազան շրջանակներէ այս նպատակին համար կազմակերպուած նուիրահաւաքէ:

Գումարի բաշխման ձեւի, չափի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին հետագային։