Շաբաթ՝ 5 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Վանքուվըրի Քազպա ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-եան անդամներու եւ համակիրներու սեղմ շրջանակի մը երրորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին նշուեցաւ տիկին Հռիփսիմէ Քիւչիւքկէօզեանի ծննդեան 80-րդ տարեդարձը:
Օրուան Թամադան՝ Պրն. Ճէմիլ Քըվրանեան, բարեգալստեան խօսքերէ ետք յայտնեց թէ անգամ մը եւս Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ աւելի լայն շրջանակով հաւաքուած ենք ողջունելու մեր հիւրերը: Ան յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց վարչականներուն, իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար եւ առաջարկեց սկսիլ յայտագրին «Մեր Հայրենիք» քայլերգով:
Ճաշի սպասարկութենէն ետք բերուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը եւ բարի տարեդարձի հաւաքական երգով նշուեցաւ օրուան հիւրին 80-ամեակը, որուն յաջորդեց «Սեղանն է առատ» ժողովրդական խանդավառ խմբերգը:
Ատենապետուհի Տիկին Ռոզի Թոքաթլեան որ բծախնդրութեամբ պատրաստած էր երեկոյթը, բոլոր ներկաներուն կողմէ արեւշատութեան ու առողջութեան բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք յոբելեար հիւրին, ներկայացուց անոր վաստակը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնները ոչ միայն իր ընտանիքին եւ հարազատներուն, այլ նաեւ համայնքային կառոյցներուն՝ Ս. Վարդան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան որպէս վարչական եւ երկարամեայ անդամ, ՀԲԸՄ-ին եւ այլ գործունէութիւններու: Ապա ան ներկայացուց օրուան անակնկալը՝ Միութեան նոր վարչականը, Կապի Քէօրաճեան, որ զուարթ արտայայտութիւններով սկսաւ աճուրդի ընթացքը՝ սակառ մը լեցուն առողջապահական նիւթերու, որ նուիրուած էր տիկին Մելինէ Գալբակեանի կողմէ: Գոյացած շօշափելի գումարին վրայ եկան աւելնալ նոր նուիրատուութիւններ առ ի երախտագիտութիւն Վարչութեան գործունէութիւններուն:
Գիշերուայ ուշ ժամերուն հիւրերն ու անդամները բաժնուեցան յիշատակելի երեկոյթի մը գոհունակութեամբ, ակնկալելով որ շարունակուին ԹՄՄ-ի կազմակերպած նման հանդիպումները:
Ներկայ մը