Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Ծուխի Հիմնադրութեան 93-րդ Տարեդարձի Ս. Պատարագ եւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կիրակի, 5 Դեկտեմբեր 2021-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ,

Ծուխի կազմաւորման 93-րդ տարեդարձի առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան իրեն առընթերակայ ունենալով թեմիս փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան:

Ս. Պատարագի ներկայ էր Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան (հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ):

Ս. Սեղանին սպասարկեցին բրշ. սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ, երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն Դեկտեմբեր 7-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդներու անդամներուն, բարերարներուն, կնքահայրերուն, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Սուրբ Պատարագէն վերջ, կէսօրէ ետք ժամը 2.00-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյս ծուխի հիմնադրութեան 93-րդ տարեդարձի առթիւ:

Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան:

Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգեց Անի Պապայեան, յոտնկայս ունկնդրութենէն եւ սեղաններու օրհնութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար, Տիրան Բարնակօղլու:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց թեմի փոխ առաջնորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ երէցկին Նայիրա Զարգարեան, եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. եւ երէցկին Մակի Թանաշեան: Ծխական Խորհուրդի Ատենապես պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան եւ տիկինը, Թեմական Խորհուրդի նախկին Ատենապետ պրն. Օհան Օհաննէսեան եւ տիկինը, Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Տիար Վարուժան Լափոյեան եւ տիկինը, պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր, բարերարներ եւ թորոնթոհայ համայնքի զաւակներ:

Ճաշկերոյթին ի պատուի էին, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան եւ տիկինը, գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ նախկին ծխական խորհուրդի անդամներ:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լենա Տէր Պետրոսեան որ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի, «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը, «Տօնեմք» եւ Երեւան Էրեբունի եւ Անի Պապայեան հանդէս եկաւ զոյգ երգերով: Յաջորդաբար իրենց շնորհաւորանքներն ու սրտի խօսքը փոխանցեցին եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան: Ծխական Խորհուրդի Ատենապես պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, «Պապայեան» հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ տիկ. Քնար Պասմաճեան, իսկ Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆօրտի, շնորհաւորական եւ բարեմաղթութեան գիրը ընթերցեց, երեսփոխան Արիս Պապիկեան:

Ապա «Բարի Տարեդարձ» երգեցողութեամբ ներս բերուեցաւ 93-րդ ամեակի կարկանդակը:

Եկեղեցւոյս ժրաջան հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, իր կարգին փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Ծխական Խորհուրդի, յարակից մարմիններու, 93-րդ ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն անգամ մը եւ մէջ բերելով եկեղեցւոյս ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար: Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան նաեւ շնորհակալութիւններ յայտնեց, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ հիւրերուն, եւ եկեղեցւոյ քարտուղարութեան:

Ապա Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր ձեռամբ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց մատուցած ծառայութեան առ ի գնահատանք, հետեւեալ անհատներուն՝ Տիկ. Սեզա Նազարեան (Տարուայ կինը) Բրշ. . Ռօյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ (Տարուայ մարդը), երիտասարդ սերունդէն պարգետրուեցան օրդ. Նանէ Կոստանեան (Տարուայ երիտասարդուհին) եւ պրն. Կոստան Կոստանեան (Տարուայ երիտասարդը), «Տարուայ օրինակելի ընտանիք» գնահատագրին արժանացան տիկ. Լորանս Նալպանդեան-Սարգիսեան եւ դուստրերը (Մարիամ եւ Ալիս): Պատուոյ գիր ստացան Ծխական խորհուրդի շրջանաւարտ անդամները: Գնահատագրով պատուեցաւ նաեւ եկեղեցոյս երկարամեայ հոգատար Գանտիան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն ըստ արժանւոյն գնահատեց Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայի գործունէութիւնը, շնորհաւորեց Տէր Հօր Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ հովուութեան 25ամեակը եւ այս առթիւ «Ս. Գեղարդ» խորհրդանշող յուշամետալ մը փոխանցեց անոր:

Յիշելի է որ տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ ի նպաստ եկեղեցւոյ, հասոյթը պիտի տրամադրուի եկեղեցւոյ 93-ամեակի առթիւ կազմակերպուած դրամահաւաքին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով, վերջ գտաւ ուրախ եւ գոհ մթնոլորտի մէջ ընթացած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը: