Կիրակի՝ 4 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 94-րդ տարեդարձի առթիւ, Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իրեն առընթերակայ ունենալով, եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. թանաշեան: Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կատարուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ բրշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:
Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ էին՝ Ս. Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան, թեմիս փոխ-առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան եւ Անկլիգան եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Արժ. Տէր Հարոլտ Քհնյ. Նահապետեան:
Պատարագիչ Առաջնորդ՝ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյս տարեդարձի ուրախ առթիւ, հաղորդական ոճով իր սրտի խօսքը ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Դեկտեմբեր 7, 1988-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն, բարերարներու, կնքահայրերուն ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներուն հոգիներուն ի հանգիստ: