Թորոնթոյի հայկական համայնքի կեդրոնը կ’օգնէ փախստական ընտանիքներու հովանաւորման հարցերու լուծման, որոնք կը փորձեն փախչիլ Մերձաւոր Արեւելքէն, որ կը նկատուի համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք արձանագրուած ամենամեծ գաղթականներու ճգնաժամը:
Հայ համայնքի կեդրոնի գրասենեակի աջակցութեամբ Գանատա հասած ընտանիքներէն մէկն է նաեւ Գարակէօզեան ընտանիքը: Գարակէօզեանները Թորոնթօ կը գտնուին 2015-ի Յուլիս ամիսէն ի վեր: Յակոբի քոյրը՝ Սօսէն եւ անոր ամուսինը՝ Հրաչ Այնէճեան, հովանաւորած են Յակոբի, անոր կնոջ՝ Լուսինէին եւ երկու զաւակներուն՝ Սագոյի եւ Յուշիկի կեցութիւնը: Անոնք իրենց դիմումի թուղթերը լրացուցած էին Նոյեմբեր 2014-ին եւ ընդհանուր գործընթացը տեւած էր ութ ամիս:
Նախքան Գանատա հասնիլը, Գարակէօզեան ընտանիքը ստիպուած եղած է անցնիլ անվտանգութեան գործընթացի մէջէն, որ կը վարուի Գանատացի պաշտօնեաներու կողմէ: Արտերկիր տեղակայուած Գանատական անցագրային ծառայութիւնը ապահոված է թուղթերը եւ ստուգած ու հաստատած անոնց փախստականի կարգավիճակ ունենալը:
Ըստ կանոնի, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ, որ կը դիմէ, պէտք է հարցազրոյցէ անցնի: Երբ մուտքի արտօնագրի աշխատակիցը որոշէ, որ փախստականներու դիմումը հաւաստի է, անոնք կրնան Գանատա մուտք գործել, իսկ եթէ հարցեր առաջանան, դիմումնագիրը պէտք է յանձնուի Գանատայի անվտանգութեան հետախուզական մարմնին, որ կրնայ երկարել գործընթացը 18-24 ամիսներ: Սակայն, եթէ հարցազրոյցը բնականոն ընթանայ, գործընթացը սովորաբար կը տեւէ 8-10 ամիս, ինչպէս էր պարագան Գարակէօզեան ընտանիքին: Հարցազրոյցը կրնայ իրականացուիլ Յորդանանի, Թուրքիոյ, կամ ինչպէս Գարակէօզեաններու պարագային էր՝ Լիբանանի մէջ:
Գարակէօզեանները ստիպուած եղած են անցնիլ սուրիական միջազգային սահմանը, հասնելու համար Լիբանան: Անոնք պէտք է ուղեւորուէին կառավարութեան հսկողութեան տակ գտնուող Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհով, որովհետեւ այդ երթուղին ապահով էր «Տահէշ»ի զինեալներէն: Անոնց ճամբորդութիւնը սկիզբ առած էր Հալէպէն, անցնելով Համա-Հոմս, ապա ուղղուած են դէպի հիւսիս, խուսափելու համար անապահով ճանապարհներէն եւ հասած՝ Լաթաքիա, հոնկէ Թրիբոլի, նախքան ապահով Պէյրութ հասնիլը: Ապահով պայմաններու մէջ հինգ ժամ տեւող ուղեւորութիւնը իրենց հետ տեւած էր ամբողջ օր մը: Անոնք շուրջ չորս ամիս մնացած են Լիբանան, ուր Պէյրութի մէջ Յակոբ ճարած էր նօսր ամսավճարով աշխատանք մը, իսկ անոր կինը զբաղուած՝ երեխաներու խնամքով, որոնք դպրոց չէին յաճախեր:
Այնուհետեւ, այլ փախստականներու շարքին՝ Գարակէօզեաններու Գանատա ժամանումէն ետք, հայ համայնքի գրասենեակը օգնած է անոնց՝ բնակեցման, ընկերային, ապահովագրութեան, բժշկական թուղթերու եւ այլ հարցերու մէջ: Գրասենեակը նաեւ ջանք կը թափէ օգնելով սուրիացի փախստականներուն աշխատանք ապահովելու հարցով:
Չորս անձերէ բաղկացած Յակոբի ընտանիքը ներկայիս կ’ապրի Scarborough գտնուող սեփական տան մը մէջ Սօսէի հինգ անդամներէ բաղկացող ընտանիքին հետ: Սօսէն կը վկայէ, որ ընտանիքի աշխատունակութեան ոճը եւ կենսապայմանները կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուած են . «պէտք է մենք ուշադիր ըլլանք, թէ ինչ կը դիտենք հեռատեսիլէն, որովհետեւ երբեմն եղբօրս զաւակները կը վախնան, տեսնելով Սուրիոյ պատերազմը յիշեցնող տեսարաններ» ըսած է Սօսէն:
Նշենք, որ Գարակէօզեաններու ապրած ոդիսականին մասին գրած է՝«Արմինեըն Ուիքլի» պարբերականը, որ կը նշէ, թէ հովանաւոր կողմը պատասխանատու է ապահովել իր հովանաւորած անձի կամ ընտանիքի մէկ տարուան ապաստանը, երթեւեկութեան ծախսը, սնունդը եւ հագուստը: «Toronto Star»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ մէկ անձի հովանաւորման տարեկան ծախսը գնահատուած է 12,000 գանատական տոլարով: Հովանաւոր կողմը, պէտք է նաեւ վստահեցնէ իր հովանաւորած փախստականին Թորոնթօ մնալը՝ գոնէ առաջին տարուան ընթացքին: Այս կապակցութեամբ Սօսէի ամուսինը իր հերթին մատնանշած է այն ֆինանսական ծանր բեռը, որուն ենթարկուած է իր ընտանիքը հովանաւորելով Գարակէօզեաններուն Գանատա հասնիլն ու հաստատուիլը, ան այս առումով կ’ըսէ՝ «Ես պէտք է ընտանիքիս ծախսի կողքին՝ հոգամ ծախսերը յաւելեալ չորս անձերու: Մէկ տարուան ընթացքին անոնց հովանաւորելու ծախսը պիտի կազմէ շուրջ 25.000 հազար գանատական տոլար, որպէսզի անոնք կարողանան մերուիլ եւ նոր կեանք մը սկսիլ Գանատայի մէջ»:
Հայ համայնքի գրասենեակի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ սուրիացի փախստականներուն աշխատանք ապահովելու հարցը, ինչպէս նաեւ Համայնքի (ARS) հայկական դպրոցը փախստականներու երեխաներուն դպրոցի առաջին տարուան ուսումը կ’ապահովէ անվճար կարգով: Այս առումով, ինչ կը վերաբերի Սօսէի եղբօր՝ Յակոբ Գարակէօզեանին, ան աշխատանք ճարած է իր մասնագիտութեան մէջ, որպէս երկաթագործ եւ ինք ու իր ընտանիքը աստիճանաբար կը յարմարին գանատական կեանքին, անոր զաւակները կը յաճախեն տեղի հայկական դպրոցը, Սօսէի զաւակներուն հետ միասին, եւ անոնք ուրախ են՝ անվտանգ եւ խաղաղ երկրի մը մէջ ապրելնուն համար: