Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 28 ամեակի տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններով ու մեծ ոգեւորութեամբ տօնախմբուեցաւ Միսիսոկայի մէջ։
3 Փետրուար 2019-ին, կիրակի օրուայ Ս. Պատարագը մատուցանեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան։ Իրեն առընթերական ունենալով ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանը։
Յընթացս Ս. Պատարագի «ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Տէր Հայրը սրբատառ կոնդակով դէպի Ս. Խորան բարձրացաւ ու ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը։
Այնուհետեւ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան, Լիլիան Սվաճեանին փոխանցեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանը ու յանձնեց իրեն սրբատառ կոնդակը։