ԼՈՒՐԵՐ ՎԱՆԳՈՒՎԸՐԻ ԹՄՄ-ԵԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

Վանքուվըրի  ԹՄՄ-ի Մասնաճիւղի վարչական կազմը եւ անդամակցութիւնը այս վերջին ամիսներու ընթացքին ունեցաւ երկու հետաքրքրական հանդիպումներ:  Առաջինը՝ ընդհանուր անդամական շինիչ հաւաքոյթ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 25-ին, Գազպա Ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղի բոլոր անդամները եւ հիւրաբար մեր մէջ գտնուող Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութեան երկարամեայ  անձնուէր աշխատող անդամ՝ տիկին Անի Մանուկեանը եւ իր դուստրը՝ Լորի Մանուկեանը: Հանդիպումի բացման խօսքը կատարեց պրն. Ճէմիլ Գեւրանեանը, որ ապա հրաւիրեց վերակազմուած Միութեան ատենապետուհի տիկին Ռոզի Թոքաթլեանը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Պէաթրիս Արքէլէթեանին, որ սիրայոժար կերպով իր տունը կը տրամադրէ մեր ժողովներուն համար: Ան նաեւ գնահատանք յայտնեց ներկաներուն ու  մասնաւորաբար նոր անդամներուն, շեշտելով կարեւորութիւնը հաւաքական աշխատանքի:  Տիկին Մէլինէ  Գալբաքեան  Անգլերէն լեզուով կարդաց Վահան Թէքէեանի հակիրճ կենսագրութիւնը: Խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ հայկական խմբային  երգերով: Աւարտին, ներկաները  շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչական կազմին, յուսալով թէ աւելի  յաճախականութեամբ կազմակերպուին նման հաւաքոյթները:

Երկրորդ հաւաքը տեղի ունեցաւ 10 Դեկտեմբեր 2016-ին: Այդ օրը Վանգուվըրի Թեքէեանցիներուն համար անմոռանալի օր մը հանդիսացաւ, որովհետեւ հակառակ աննպաստ օդին, քաղաքս ի պաշտօնէ այցելող ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Վարիչ Քարտուղար Պարոն Արամ  Արքուն պիտի հանդիպէր մասնաճիւղի անդամներուն հետ:  Նախ քան անդամներու հետ հանդիպումը, Պրն. Արքուն փոքր խումբով վարչականներու հետ խորհրդակցութեան համար  հիւրասիրուեցաւ ատենապետուհի տիկին Րոզի Թոքաթլեանի տան մէջ, որմէ ետք բոլոր անդամները հաւաքուեցան Գազպա  ճաշարանը:  Ամանօրեայ խանդավառութիւնը սկսած էր յատուկ նուէրներու եւ յիշատակներու բաշխումով: Օրուան թամադայ պրն. Ճէմիլ Քեւրանեան բարեգալուստի խօսքերով բացումը կատարեց հաւաքին եւ խօսքը փոխանցեց պատուոյ հիւրին: Պրն. Արքուն շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար եւ քաջալերական արտայայտութիւններով մաղթեց որ շարունակուի գործունէութիւնը խանդավառութեամբ: Տեղի ունեցան հարցումներ որոնց յարգելի հիւրը տուաւ գոհացուցիչ պատասխաններ: Տիկին Ալիս Արմէնի կողմէ խոր ապրումով կարդացուած Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը ամբողջացուց թէքէեանական մթնոլորտի հարազատութիւնը: Տօնական օրերու նուէրներու բաշխումէն ետք ատենապետուհիին առաջարկով, մնացեալ նուէրները վաճառուեցան աճուրդով պրն. Կապի Քէօրհաճեանի խանդավառ հետեւողականութեամբ, գոյացնելով կոկիկ գումար մը նորակազմ ակումբին ի նպաստ:                                                                                                                                                                                                                                                                    Ներկայ մը: