Օթթաուայի համայնքը, Կիրակի 15 Սեպտեմբերին, վայելեց հոգեւոր եւ ազգային համազօր օր մը: Ջերմ այլ հեշտագին զեփիւռ մը կ’ընկերանար Խաչվերացի տօնակատարութեան: Իսկ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ երգեցողութիւնը այս անգամ կարծես աւելի գեղեցիկ կը հնչէր Օթթաուայի հաւատացեալներուն:
Հոգեզմայլ հանգամանքով տեղի ունեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի զոյգ դրօշներուն օրհնութիւնը:
Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան – առաջնորդ գանատահայոց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ իր օրհնաբեր մասնակցութեամբ աւելի կը փառաւորէր Սուրբ Պատարագը:
Եւ ահաւասիկ առիթ մըն էր, որ ան կը շնորհաւորէր, Օթթաուա նոր տեղափոխուած Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանին: Վերջապէս այնքան փափաքած եւ անհամբերութեամբ սպասուած մնայուն ու «բնակիչ» հոգեւոր հովիւի մը ներկայութիւնը կ’իրականանար: Սրբազան հայրը յաջողութեան մաղթանքներով օրհնեց Տէր Դաւիթի հոգեւոր աշխատանքը :
Վերացած կ’ունկնդրէինք Ս. Դասի երգեցողութիւնը, առաջնորդութեամբ Վիգէն Աւրիքեանի որ կը փոխարինէր Թամար Թուֆայեանի:
Հոգեպարար արարողութեամբ կատարուեցաւ «Ռեհան»ի օրհնութիւնը:
Հ.Հ. Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան իր ճամբորդութեան պատճառաւ կը բացակայէր, սակայն իրենց ներկայութեամբ մեզ կը պատուէին հիւպատոս՝ Անահիտ Սիրունեան, Գոռ Եթիքարեան Second Secretary Լաուրա Սաղաթէլեան (Executive Assistant) եւ նաեւ ներկայացուցիչներ ՀՕՄ-էն, Մշակութայինէն, Նորայգէն, ARF (Armenian Revolutionary Foundation), ASA (Armenian Student Association) եւ ուրիշներ:
Արարողութենէն ետք հայ հասարակութիւնը բացօթեայ գեղեցիկ մթնոլորտէն օգտուելով փորձութեան ենթարկող խորովածներու բոյրէն խանդավառուած ստեղծեց երգերու եւ պարերու միջավայր մը: Նոյնիսկ հոգեւորականներ՝ Սրբազան, Տէր Հայր, սարկաւագ՝ մասնակցեցան Volly-ball-ի խաղերով՝ պատանիներուն հետ, եւ ստեղծելով այն սերտ ու շնորհալի մտերմութիւնը ու վերցնելով այն աւելորդ վերապահութիւնը որ կարգ մը երիտասարդներ կրնային ունենալ եկեղեցիի մը հանդէպ:
Արժանի է յիշել, որ ինչպէս միշտ, խորովածները սիրայօժար պատրաստուած էին Յակոբ եւ Միսաք Տօքմաճեաններու եւ Օհան Մատթէոսեանի կողմէ:
Պէտք է հպարտութեամբ եւ անվերապահօրէն արձանագրել, որ երկար ատենէ ի վեր այսքան հոծ բազմութիւն մը չէր խանդավառած Օթթաուայի համայնքը, որ յանկարծ կը վերանար ու կը վերանորոգէր իր ուռճացման ցանկութիւնն ու հետեւաբար իրականացումը:
ԹՂԹԱԿԻՑ