Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցին վերջերս օժտուեցաւ երիտասարդ ու կորովի հոգեւոր հովիւով մը յանձին՝ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի: Առ այդ եկեղեցւոյ վարչութիւնը ծանօթացման երեկոյ մը կազմակերպած էր Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, հրաւիրելով Հ. Հ. պատւոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Սվազլեան, Հ. Հ. Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Տիար Խորէն Մարտոյեան, հոգեւոր հայրեր եւ գաղութիս մէջ գործող եկեղեցական ու մշակութային կազմակերպութիւններ:
Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Միհրան Ճիզմէճեան, եւ ըսաւ թէ «մեծ հաճոյք է ինծի համար եւ պատիւ մը միանգամայն բարի գալուստ մաղթել ձեզի եկեղեցւոյ վարչութեան անունով, եկեղեցւոյս նորընտիր հովիւին վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի հետ ծանօթացման այս երեկոյին:
Աստուծոյ ղնորհքով, մենք 2016 տարին սկսանք առաջնորդութեամբը՝ երիտասարդ, խանդավառ, տեսիլք ունեցող, ազգասէր, Քրիստոսակեդրոն եւ բառին իսկական առումով Հոգեւոր Հայ Աւետարանական Հովիւի մը:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է որ բոլորուինք իր շուրջ եւ որպէս միասնական հայ գաղութ մը, շարունակենք մեր Միջ-յարանուանական սերտ գործակցութիւնը, ի սէր թորոնթոհայ գաղութի կենսունակութեան եւ նորանոր յաղթանակներուն»:
Իր խօսքերուն աւարտին ընթերցեց, Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն՝ վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի «Ես կը հաւատամ» 8-ը կետէրէ բաղկացած գրութիւնը անխտիր, ամէն հայու Ազգային հաւատամքը ըլլալու է, ըլլայ ան Հայց. Առաքելական , Հայ Կաթողիկէ եւ կամ Հայ Աւետարանական եկեղեցի:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան, տիկ. Լիլիթ Սմպաթեան, որ դաշնամուրի վրայ ելոյթ ունեցաւ Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն, պրն. Լեւոն Գալիմքերեան դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Լիլիթ Սմպաթեանի, մեներգեց «Որքան քաղցր է ծառայել քեզ» խօսք վեր. Սամուէլ Պագալեանի, երաժշ. Պերճ Հ. Փանոսեանի, պրն. Ռէմի Կիրկիզ ասմունքեց ժագ Յակոբեանի «Մէկ ենք մենք» քերթուածը, տիկ. Սօնա Յովսէփեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Լիլիթ Սմպաթեանի, մեներգեց, Ֆրանց Շուպերթի «Փրկիչս հզօր բազուկներուն մէջ»:
Հ. Հ. Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Ն. Վ. Արմէն Եգանեանի ողջոյնի խօսքերը փոխանցեց Հ. Հ. պատւոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Սվազլեան, ինքն ալ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց վեր. Սերոբ Մկրտիչեանին, սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հովիւ գերյ. Հայր Դփիա Ծ. վրդ. Գիրէջեան, իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ ըսաւ «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն, Օրհնեալ է ան որ կու գայ Տիրոջ անունով, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, Սուրբ գրային այս խօսքերով է որ կ’ողջունեմ ձեր մուտքը Տիրոջ ու Ազգին թորոնթոհայ այգիէն ներս որպէս մշակ հաւատարիմ, որպէս մշակ քաջ, որպէս բժիշկ իմաստուն. ինչպէս կը ժամերգէ հայ եկեղեցւոյ շարականը, վերապատուելի եղբայր մեր շնորհաւորական, յարգալիր եղբայրական ողջոյններուն կը միացնենք մեր յարաճուն աղօթքները ձերդ կոչման Տիրոջ ու Ազգին ածուէն ներս Աստուածահաճոյ, բեղուն, ներդաշնակ ու հեզասահ առաքելութեան…»:
Հայր Եղիա Ծ. վարդապետ իր ողջոյնի խօսքը վերջացուց ըսելով. «բարեհաճեցէք ընդունիլ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ու եկեղեցւոյ համայն ընտանիքին եւ հաւատացեալներուն ջերմագին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքներն…»:
Միջ-յարանուանական մարմնի ատենապետ պրն. Յակոբ Ճանպազեան, բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի, եւ տուաւ ամփոփ կենսագրական գիծերը: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան ծնած է Քէսապ Սուրիա, Մարտ 19, 1964-ին Ճորճ եւ Վարսենիկ Մկրտիչեաններու յարկին տակ, իր նախակրթութիւնը ստացած է Քէսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանի մէջ, միջնակարգ ուսումը Քէսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանի մէջ, միջնակարգ ուսումը Քէսապի պետական վարժարանի մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Լաթաքիոյ «Զաքի էլ Արսուզի» (Zaki Al Arsouzi) վարժարանին մէջ: Անգլերէն գրականութեան Պսակաւոր Արուեստից վկայականը ստացած է Լաթաքիոյ «Դըշրին» համալսարանէն: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան 1997-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31, 2015 թուականը, նուիրումով եւ երբեմն պատերազմական դժուարին պայմաններու տակ իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Հալէպի Իմմանուէլ եկեղեցւոյ ծուխին, 1999 թուականին կը ձեռնադրուի որպէս լիիրաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ արժանաւոր հոգեւոր հովիւ ստանալով վերապատուելիի բարձր հանգամանքը: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան ամուսնացած է Տօքթ. Ալինա Մինասեանի հետ, եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով Ճորճ-Ժոզէֆ եւ Վարս-Վարդ: Ապա հրաւիրուեցաւ նորընտիր հովիւը վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց, իր անձին հանդէպ ուղղուած բարեմաղթութիւններուն համար, եւ ըսաւ Հայ Աւետարանական համայնքը, պատրաստ է գործակցելու գաղութս բաղկացնող հայկական բոլոր քոյր եկեղեցիներու եւ կազմակերպութեանց հետ: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի օրհնութեամբ եւ Տէրոպւնական Աղօթքի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, Տիկնանց Միութեան կողմէ ներկաները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ մտերմիկ խօսակցութիւններ ունեցան վերապատուելիին հետ: