Գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ պարային զոյգը «Bavarian open» միջազգային մրցաշարքին գրաւեց երկրորդ տեղը:
Ինչպէս կը յայտնէ ՀԱՕԿ-ի պաշտօնական կայքը, ազատ ծրագրի մէջ Հայաստանը ներկայացնող զոյգը յաջող ելոյթ ունեցած է եւ հաւաքած ընդհանուր 140,16 միաւորով գրաւած է երկրորդ տեղը: Առաջին տեղը գերմանական Քումես-Պուքլանտ զոյգն է, որ հաւաքած է 165,68 միաւոր:
Կարապետեան-Սենեկալ զոյգը իրաւունք ստացած է մասնակցելու Պոսթընի մէջ կայանալիք աշխարհի ախոյեանութեան: