ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Երաժշտութեան մեծ հանճար Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակին առիթով Թորոնթոյի մէջ սարքուեցաւ բարձրամակարդակ համերգ մը, որ անտարակոյս Հայաստանէ դուրս արտասահմանի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ամէնէն փայլուն ձեռնարկներէն մին էր։ Համերգը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն։

 

Այս համերգին ամենայատկանշական կողմն այն էր, որ կատարուեցաւ ութսուն է աւելի ոչ – հայ արուեստագետներու կողմէ, որոնք բարձրամակարդակ համերգ մը սարքեցին եւ ոչ թէ միայն ծանօթացուցին, այլ իր երաժշտութեան ընդ մէջէն կենդանացուցին անմահն Կոմիտասը։ Այսպէս՝ հայերու կողքին օտարներ եւս վայելեցին երեկոն եւ ծանօթացան Կոմիտասի անձին եւ իր բացառիկ ստեղծագործութիւններուն։

 

Համերգը սարքուեցաւսս 25 Հոկտեմբեր 2019 Ուրբաթ երեկոյ Թորոնթոյի «Թէլաս » կատարողական եւ ուսուցման կեդրոնի, ամենալաւագոյն համերգասրահներէն մին հանդիսացող Koerner Hall ի մէջ, Կազմակերպութեամբ «Royal Conservatory of Music » եւ « Amici » սենեկային նուագախումբերու, գործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան։

 

Սրահին մէջ առաջին կարգերու վրայ տեղ գրաւած էին Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան՝ Անահիտ Յարութիւնեան, հիւպատոս Արա Մկրտիչեան, Հ.Հ. Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չալեան, հոգեւոր հայրեր, հանրածանօթ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համերգասրահը ամբողջութեամբ լեցունող հայ եւ օտար երաժշտասէրներու խուռներամ բազմութիւն մը։

 

Համերգին եւ յայտագրին մտայղացողը, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի երաժշտութեան գրեթէ բոլոր մշակումները կատարուած էին տաղանդաւոր դաշնակահար եւ յօրինող Սերուժ Գրաճեանի կողմէ։

Ընտրուած երգերը կը ներկայացնէին Կոմիտասի սէրը հանդէպ գիւղի կեանքին եւ բնութեան նաեւ  հարսանեկան ուրախալի երգեր եւ պարեր, ինչպէս նաեւ յօրինումներ, որոնք նուիրուած էին երախաներուն։

 

Յայտագիրը կը սկսաւ Կոմիտասեան պատարագի կարգ մը շարականներով, բոլորովին օտարներէ կազմուած « Elmer Iseler Singers » երգչախումբի մեկնաբանութեամբ։ Այս խումբը Գանատայի լաւագոյն երգչախումբներէն մին է, որ զանազան առիթներով հայկական ձեռնարկներուն հայերէն երգերով յաջողութեամբ իր մասնակցութիւնը բերած է։

Կոմիտաս իր ապրած շրջանին, ֆրանսացի յայտնի երաժշտագետ եւ յօրինող claude Debussy ի հետ առանձնայատուկ կապ մը ունեցած է։ Claude Debussy ի վերջին գործը, ինչպէս նաեւ տեղահանութեան ժամանակ Կոմիտասի վերջին ստեղծագործութիւնը եղած են մանուկներու համար աղօթքներ։

 

Գեղարուեստական ղեկավար՝Lydia Adams ի մականին տակ « Elmer Iseler Singers » երկսեռ երգչախումբի կողմէ մեկնաբանուեցաւ Կոմիտասի պատարագէն հետեւեալ շարականները։  « Առաւօտ լուսաբեր », « Սուրբ սուրբ » եւ « գոհանամք »։

Երգերուն մեծամասնութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Գանատացի օփերայի նշանաւոր երգիչ՝ պարիթոն « ժունօ » մրցանակի դափնեկիր Russell Braun։ Երգչախումբը Կոմիտասի երկու պարերով հանդէս եկաւ, Երեւանէն պար մը « Երանկի » եւ Վաղարշապատէն պար մը « Շուշիքի » կտորներով։

Այս պարերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի « Էրեբունի » պարախումբի, գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարապետեանի աշակերտները, պարմանուհիներ Վանի Եագուպեան, Մարիա Մանուկեան, Լանա Տէր Պետրոսեան եւ Մեղեդի Կոստանեան։

 

Այնուհետեւ հանդէս եկաւ յայտնի « Amici » սենեկային նուագախումբը, մասնակցութեամբ

գլարինէթ Joaquin Valdepenas, ջութակ Mark Fewer, մեծ ջութակ (viola) Barry Shiffman, թաւջութակ David Hetherington եւ դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան որ երգերուն կարգաւորումը կատարած էր եւ որ ուղղութիւն տուած էր երաժիշտներուն։

 

Յաջորդաբար ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ պարիթոն Russell Braun, որ « Amici » նուագախումբի մասնակցութեամբ երգեց « քելէ-քելէ », « Ծիրանի ծառ » եւ « Գարուն ա » երգերը։ Ապա նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի « Qui tollis peccata mundi »ն, որ այս երգը 1915ի տխուր օրերու ոգեկոչումն էր։

 

Տաղանդաւոր օփերայի երգչուհի Լին Իշնար իր բացառիկ ձայնով ու անսայթաք մեկնաբանութիւններով

հանդէս եկաւ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սերուժ Գրաճեանի։ Ան գեղեցկօրէն մեկնաբանեց « Տլէ Եաման » կտորը։  Յաջորդեց Սերուժ Գրաճեանի « From love song to lament – Սիրոյ երգէն մինչեւ ողբ » եւ Կոմիտասի      « Անտունի », մեներգութեամբ Russell Braun ի։

 

Նուագախումբի կողմէ մեկնաբանուեցան Claude Debussy էն երկու կտորներ « Petite pièce, for clarinet and piano, L. 120 –  եւ « Noël des enfants qui n’ont plus de maison –( Տուն չունեցող երախաներու ծննդեան տօնը )։ Այս երգին իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին Գանատայի մանկական օփերայի ընկերութեան երախաներու երգչախումբը, երաժշտական տնօրէն եւ խմբավար Teri Dunn ի մականին ներգեւ։

 

Դարձեալ նուագախումբի եւ մանկական երգչախումբի մասնակցութեամբ Կոմիտասի « Մանուկներու Հայր Մեր »ը եւ « Հով առէք » կտորները մեկնաբանուեցան։ Այս վերջին երգին մէջ 1910 ին ձայնագրուած Կոմիտասի  ձայնով երգեցողութիւնը ունկնդրեցինք եւ այս երգով յայտագրին առաջին մասը աւարտին հասաւ։

 

Միջնարարէն ետք յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ սայլի երգ « Ել ել » եւ « Սարերի վրով » կտորներով։

 

Կրկին բեմ բարձրացաւ սոփրանօ Լին Իշնար, այս անգամ իր հոյակապ ձայնով եւ բացառիկ կերպով մեկնաբանեց « Չեմ կրնայ խաղալ », « Քելեր ցոլեր » եւ « Կռունկ » ժողովրդական երգերը, որոնք մեծ տպաւորութիւն գործեցին հանդիսատեսներու վրայ արժանացան որոտընդոստ ծափահարութիւններու։

 

Մասնակցութեամբ « Amici » սենեկային նուագախումբի եւ Գանատայի մանկական օփերայի ընկերութեան երախաներու երգչախումբի կողմէ մեկնաբանուեցան « Անձրեւն եկաւ », « Ջան գառնուկ »      եւ « Կաքաւիկ » երգերը։

 

Ապա հանդէս եկաւ պարիթոն Russell Braun։  Ան իր գեղեցիկ ձայնով նուագախումբի եւ երգչախումբի մասնակցութեամբ մեկնաբանեց « Չինար ես », « Ա՜խ Մարալ ջան », « Շողեր ջան » կտորները։

 

Կոմիտասի  Հարսանեկան 5 երգերը « Սարէն կու գայ », « Էրւում եմ », « Եար ջան արի », «Էսօր Ուրբաթ » եւ « Առնեմ երթամ » մեկնաբանուեցան երգչախումբին կողմէ։

 

Որպէս վերջին կտոր խմբային երգուեցաւ « Հոյ նազան » կտորը, մասնակցութեամբ սոփրանօ Լին Իշնարի, պարիթոն Russell Braun ի, նուագախումբի, երգչախումբի եւ « Էրեբունի » պարախումբի

պարմանուհիներու, որոնք ջերմօրէն գնահատուեցան ներկաներու կողմէ։

 

Կոմիտասի երգերու հրաշալի մեկնաբան ու երեկոյի կազմակերպիչ, տաղանդաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան իր սրտի խօսքը արտասանեց հետեւեալ կերպով`« Սիրելիներ նախ ամենամեծ շնորհակալութիւն ձեզմէ ամէն մեկուն որ այսօր ներկայ գտնուեցաք Գանատահայութեան եւ Թորոնթոհայութեան համար պատմական այս իրադարձութեան։ Կոմիտասի երաժշտութիւնը, Կոմիտասի երգերը ընդհանրապէս եղած են մեր ցաւի, տառապանքի, մեր արցունքի, թախիծի, ցասումի եւ մեր կորուստի եւ խորհուրդանիշները, բայց այսպիսի ատեններ Կոմիտասը, երաժշտութիւնը, երգերը կը դառնան նաեւ մեր միասնականութեան եւ մեր սիրոյ եւ վերազարթնումի եւ վերապրումի, չարագործութան դէմ ստեղծագործական կեանքով յաղթելու մեր ժողովուրդի բացառիկ կարողութեան խորհրդանիշ։ Ճիշդ է այդ չարագործութիւնը կարողացաւ Կոմիտասի հանճարը, տաղանդը լռեցնել, կարողացաւ իր հոգին եւ միտքը սպաննել, մտքի թռիչքը կասեցնել, բայց կոմիտասեան երգերու, կոմիտասեան երաժշտութեան անլռելի զանգակատունը յաւերժ պիտի ղօղանջէ եւ որեւէ մէկ ոյժ  չի կարողանար կասեցնել այս երթը դէպի յաւերժութիւն։ Մեզի պարզապէս կը մնայ տէր կանգնիլ այս ժառանգութեան։ Սիրենք եւ նոյնքան կարեւոր է սիրցնել նաեւ օտարներուն այս ժառանքութիւնը եւ այս մշակոյթը արժեւորել նաեւ օտարներու միջոցով։ Այս փառաւոր բեմը վկայ է որ հայ մշակոյթը, հայ երաժշտութիւնը հաւատացէք թերեւս փոքր բայց կարեւոր տեղը ունի համաշխարհային մշակոյթներու գանձարանին մէջ։  Կոմիտաս վարդապետի ամբողջ կեանքը եղաւ նուիրում առ Հայաստան եւ հայութիւն։ Իր ներշնչումը եղան հայութիւնը եւ Հայաստանը։ Այս վերջին երգը կը կոչուի « Հայաստան երկիր դրախտավայր։ » Գրաճեանի այս խօսքերը ջերմ գնահատանքի արժանացան։

 

Որպէս պիսի կտոր երեկոյթին մասնակցող բոլոր արուեստագէտները բեմի վրայ հաւագուեցան ու բացառիկ կերպով մեկնաբանեցին « Հայաստան » կտորը որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց սրահին մէջ, յոտնկայս բուռն ծափողջոյններու արժանանալով։

 

Թորոնթոյի երաժշտասէրները այս եզակի ձեռնարկով հնարաւորութիւնն ունեցան տօնախմբելու ազգային երգահան, յօրինող մեծն Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին նուիրուած այս բացառիկ համերգը որ անմոռանալի ու անջնջելի պիտի մնայ բոլորին սրտերուն մէջ։

 

Համերգը կենդանի ըլլալով սփռուեցաւ համացանցի վրայ բովանդակ աշխարհին։