ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

  Յարութիւն Դերձակեան

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերէն մէկն է, արդէն իսկ երկու տարիներէ ի վեր կը նշէ մօտակայ իր 100 ամեակը։ Նուագախումբը իր մէջ ունի յայտնի երաժիշտներ, լաւագոյն մենակատարներ, որոնք բարձրամակարդակ արհեստավարժ նուագածուներ են:

Վերջին 20 տարիներուն 2000 թուականէն սկսեալ երգչախումբը փոխեց իր դիմագիծը եւ դարձաւ որպէս միջազգային նուագախումբ, շնորհիւ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Թոփճեանի։

85 երաժիշտներէ կազմուած ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի զանազան երկիրներ ինչպէս՝Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներ, նաեւ Ճափոնի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ հանդէս եկած է կատարողական չափազանց բարձր մակարդակով, թէ խմբավարը եւ թէ նուագախումբը ջերմօրէն գնահատուած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի իր այս վերջին համաշխարհային շրջապտոյտին սկսած է

Երեւանէն, Յունաստան երկու համերգ, ապա Նիւ Եորք Գարնեկի հոլ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ,

Պոսթըն, յետագային Իտալիա եւ Չինաստանի այլ քաղաքներ։

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120, Սերգեյ Ռահմանինովի 150 ամեակներուն նուիրուած բացառիկ ձեռնարկը Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ 17 Նոյեմբեր 2023 Ուրբաթ երեկոյ, «Ռոյ Թամսըն Հոլ» ի շքեղ սրահին մէջ։

Հանճարեղ արուեստագէտ՝ Արամ Խաչատուրեան ծնած է թիֆլիս (1903 – 1978 ) եղած է դասական երաժշտութեան տաղանդաւոր յօրինող, խմբավար, երաժշտագէտ, դաշնակահար, թաւջութակահար, ջութակահար, համալսարանի դասախօս, պարուսոյց, Ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ եւ քաղաքական գործիչ։ Խաչատուրեան ճանչցուած է 20 րդ. դարու համաշխարհային դասական երաժշտութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ, ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ։

Համերգի առաջին բաժինը նուիրուած էր Արամ խաչատուրեանի «Սփարտաքիւս» -Սպարտակ-պալէէն սուիթներու։  Խաչատուրեանի այս ստեղծագործութեան թեման, հռոմէացիներու դէմ ստրուկներու երրորդ ապստամբութեան պատերազմի շրջանին առաջնորդ՝ Սփարտակի արկածախնդրութիւնները կը ներկայացնէ։ Պալէին երեք սուիթները իրերայաջորդ կերպով ներկայացուեցան նուագախումբի կողմէ, ստանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։

Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեանի 1940 թուականներուն գրած ջութակի «քոնչերթօ Տ – Մայնըր»-ը ներկայացուեցաւ։ Խաչատուրեան այս քոնչերթոն ձօնած էր հրէական ծագումով նշանաւոր Ռուս ջութակահար Տէյվիտ Օյստրախին։

Այս գեղեցիկ քոնչերթոն նուագախումբի հետ միասնաբար նուագելու համար բեմ բարձրացաւ տաղանդաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատուրեան։ ան ծնած է Երեւան, ապա փոխադրուած է Գերմանիա, մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցումներու, փառատօններու մէջ արժանացած է առաջնութեան մրցանակներու։ Սերգէյ Խաչատուրեան համագործակցած է Պէրլինի  ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Նետրլանտի Ռատիօ ֆիլհարմոնիքի, Օրքեսթրա Նաշընըլ տէօ Ֆրանսի, Լոնտոնի, Սիտնեյի եւ Մելպուրնի սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ։

Սերգէյ Խաչատուրեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբի յայտագրի լրիւ տեւողութեան ընթացքին երաժշտասէրները հմայեց իր ջութակի կատարումներով, ստանալով բուռն ծափահարութիւններ։

Միջնարարէն ետք յայտագրի երկրորդ մասը նուիրուած էր տաղանդաւոր արուեստագէտ Սերգէյ Ռախմանինովի։ Ռախմանինով ծնած է Ռուսիոյ մէջ (1873-1943), ան համարուած է իր օրերու լաւագոյն դաշնակահարներէն մէկը, եղած է յօրինող նաեւ ռուսական դասական երաժշտութեան ռոմանթիզմի վերջին մեծ ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ռուսական յեղափոխութենէն ետք 1918 իր ընտանիքով վերջնականապէս փոխադրուած է Նիւ Եորք եւ մինչեւ իր մահը գործունէութիւնը շարունակած է որպէս դաշնակահար Ամերիկա եւ Եւրոպայի մէջ։

Այս բաժնին մէջ ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ներկայացուց՝ Սերգէյ Ռահմանինովի              «Սիմֆոնի թիւ-2  Է-Մայնըր, օփ. 27» քոնչերթոն։ Ռահմանինովի դաշնակի այս երկրորդ քոնչերթոն արուեստագէտին գոյատեւման պատմութիւնն է։ Ռահմանինով իր հոգեկան ընկճուած յուսահատ վիճակին ուրիշ բուժման ելք չէր տեսնէր, այնպէս որ այս քոնչերթոն ձօնեց զինք դարմանող

ախտաբուժագէտին։ Նուագախումբը հոյակապ հնչեղութեամբ ներկայացուց երեք սուիթներէ

բաղկացող այս քոնչերթոն։

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը այս բացառիկ համերգի աւարտին, երաժշտասէրներու կողմէ երկարատեւ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան։

Համերգի ամենայատկանշական կողմը այն էր եւ յատուկ գնահատանքի արժանի էր խմբավար՝Էտուարտ Թոփճեան։ Ան աւելի քան երկու ժամ տեւող լման ելոյթի ընթացքին առանց իր առջեւ նոթա ունենալու նուագախումբը ղեկավարեց։

Որպէս «Պիսի» կտոր Արամ Խաչատուրեանի լաւագոյն եւ սիրուած ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն «Դիմակահանդէսի» վալսով երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Ներկաներ յոտնկայս եւ ոգեւոր խլացուցիչ ծափահարութիւններով գնահատեցին խմբավարը եւ բոլոր արուեստագէտները։