Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի մասնաճիւղերուն, մասնակցութեամբ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք., Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք., Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ., Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անկախութեան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016, կ. ե. Ժամը 1:30-ին Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ հովանաւորութեամբ Գանատայի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եկանեանի: Ներկայ էին ՀՀ դեսպանն ու իր կողակիցը՝ Մարիա, յատկապէս Մոնթրէալէն հրաւիրուած օրուայ հիւր բանախօսը՝ Պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ հոծ բազմութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները բեմ բարձրանալով կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները:
Յանուն 25-ամեակի տօնակատարութեան միացեալ մարմինին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան, որ յաջողութեամբ վարեց հանդիսութիւնը: Տօնակատարութեան այս ուրախ առիթով ան շնորհաւորեց զոյգ հանրապետութիւնները:
Գեղարուեստական առաջին բաժնին մէջ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը ներկայացուց «Արփա-Սեւան», «Հայրենիքիս հետ» եւ «Երեւան-էրեբունի» երգերը, ղեկավարութեամբ Տիկ. Հռիփսիմէ Տեմիրճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Պրն. Վանիկ Յովհաննիսեանի: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց՝ Պրն. Սեւակ Աւագեան, ներկայացուց «Քոչարի» եւ «Սասնայ Պար» հայկական պարերը, որոնք արժանացան ջերմ ընդունելութեան: Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի անցեալն ու ներկան ցոլացնող վաւերագրական տեսերիզ մը:
Խօսք առաւ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եկանեան, որ շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեանց 25-ամեակին առթիւ ու ըսաւ. «Անկախութիւն՝ որուն համար մեր ժողովուրդը յամառ պայքար մղած է դարեր շարունակ, զոր վայելելու բախտը վիճակուած է մեզի եւ մեր ապագայ սերունդներուն: Բազմաթիւ խոչընդոտներ յաղթահարեցինք եւ կը շարունակենք յաղթահարել. այսօր մեզի համար անհրաժեշտ է շարունակել մեր յամառ ջանքերը Արցախի ժողովուրդի գոյութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ի խնդիր: Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւնը միշտ զգացած է Սփիւռքի իր հայրենակիցներուն զօրակցութիւնը»: Դեսպան Եկանեան իր խօսքի աւարտին գնահատագրեր յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Օնթարիոյի Մարմինի անդամներուն՝ առ ի գնահատանք իրենց տարած անվերապահ գործակցութեան:
Գեղարուեստական երկրորդ բաժնին մէջ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար՝ Օրդ. Լոռի Նաճարեան, ներկայացուց «Քոչարի» եւ «Արտաշատ» պարերը, որոնք խանդավառեցին ներկաները: Պրն. Վրէժ Ղազարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Ազգ Փառապանծ»ը, իսկ զանազան բանաստեղծութիւններու համադրումով ասմունքեց Օրդ. Սարին Փոլատեան, որոնք ողջունուեցան գնահատանքի ծափահարութիւններով:
Օրուան բանախօսը՝ Պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, շնորհաւորելէ ետք ներկաները անկախութեանց 25-ամեակին առթիւ, անդրադարձաւ անցեալի եւ ներկայի նուաճումներուն եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային բարւոք լուծումներ գտնուին հայրենիքի դժուարութիւններուն եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ապրին համապատասխան քաղաքակիրթ աշխարհի չափանիշներուն:
Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք, թէ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք, որպէսզի մեր հայրենիքը դառնայ այն՝ ինչ որ մենք կ’երազենք»: Բանախօսին ելոյթը գնահատուեցաւ ջերմ ծափահարութեամբ:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի պահպանիչով
Մատաթ Բ. Մամուրեան