Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց Անկախութեան 28-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Նախաձեռնութեամբ 28-ամեակի տօնակատարութեան Թորոնթոյի միացեալ մարմնի «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք., Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք., Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, Հայ Բարեգործական Ընդհ. եւ Հայ Օգնութեան միութիւններու»:

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 20 Սեպտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 8.30-ին Հայ Երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատեսրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ օրուան բանախօս, Ն. Գ. Անահիտ Յարութիւնեան, Գանատայի մէջ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ներկայ էին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ բազմութիւն մը:

Ներկաներ յոտնկայս ունկնդրեցին, Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի ղեկավարութեամբ Հռիփսիմէ Թովմասեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի:

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձին նուիրուած հրապարակային սոյն հանդիսութեան օրուայ հանդիսավարը՝ Մարին Փոլատեան-Աբիկեան տպաւորիչ բացման իր խօսքով, սահուն հայերէնով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, պետական ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի  Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Անահիտ Յարութիւնեանին, հպարտութեամբ ու ջերմ խօսքերով շնորհաւորական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ ողջ հայութեան բացառիկ այս տօնին առթիւ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ մեր հայրենիքին մասնաւորապէս եւ համայն հայութեան ընդհանրապէս, առջեւ դրուած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, որոնց դրական լուծման ըսաւ, կարելի է հասնիլ միայն համազգային ճիգերով, ամբողջ մեր ներուժը եւ հնարաւորութիւնները գործածելով հայրենաշինութեան վսեմ նպատակին:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Իմ Անուշ Հայրենիք», խօսք Շուշան Պետրոսեանի երժշտ. Մարթին Ահարոնեանի, կատարողութեամբ գաղութիս փայլուն մենակատար Մինէ Ծատուրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի, Համազգայինի «Գուսան» բազմանդամ երգչախումբի անդամները, դաշնակի նուագակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի, ներկայացուցին «Հայաստան ասելիս» խօսք Համօ Սահեանի, երժշտ. Վանիկ Յովհաննիսեանի եւ «Երեւան-Էրեբունի» խօսք Պարոյր Սեւակի, երժշտ. Իտկար Յովհաննիսեանի, երգերը:

Հայաստանի անկախութեան առթիւ պատրաստուած, տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ:

Ժամը հասած էր լսելու օրուան պատգամը, երբ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գանատայի մէջ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր, նորանշանակ դեսպան ն.գ. Անահիտ Յարութիւնեանը, որ ներկայացնէ իր պատգամը: Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան գնահատական խօսքերով ողջունեց միացեալ այս տօնակատութիւնը, շարունակելով իր խօսքերը ըսաւ «…Աշխարհասփիւռ հայութեան տարիներու երազանքը անկախ Հայաստանը իրականութիւն է արդէն 28 տարի: Անկախութեան կերտումին առաջին իսկ օրէն դուք ձեր բոլոր եռանդն ու ներուժը ուղղել էք մայր հայրենիքի հզօրացման ազգանուէր գործին: Գանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը իր առաջնահերթութիւնը ու առաքելութիւնը կը համարէ հայ-գանատական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը: Այս առթիւ չեմ կրնար չ’անդրադառնալ օրերս Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած Սառա Քորնինկ ի արձանի բացման արարողութեան, այս կու գայ փաստելու, որ գանատական յարաբերութիւնները եղել են եւ կը շարունակուին ըլլալ փոխադարձ բարեկամութեան օրինակ»:

Խօսքի վերջաւորութեան ըսաւ, լիայոյս եմ, որ մենք համատեղ ջանքեր ի գործ դնելով կը շարունակենք նպաստել հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման, մայր հայրենիքի հզօրացման եւ Արցախի կայուն ու անվտանգ ապագայի կայացմանը: Դեսպանի ելոյթը գնահատուեցաւ ջերմ ծափահարութեամբ:

Գեղարուեստական երկրորդ բաժնին մէջ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեան ի մենակատար Ծիլա Գուրճաքեանի, ներկայացուց «Ղարաբաղ», «Մոկաց հարսեր» եւ «Արտաշատ» պարերը, որոնք խանդավառեցին ներկաները: Գաղութիս երիտասարդ մենակատար դալար Սիմոնեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ վրէժ Ղազարեանի մեներգեց «Իմ Սէր Արցախ» խօսք Վահան Անդրէասեանի, երժշտ. Արթուր Գրիգորեանի, Գէորգ Մանուկեան Սաքսոֆոնի վրայ նուագեց «Իմ Երեւան» երժղտ. Վաղարշակ Կուտոյեանի-, «Երազ իմ երկիր Հայրենի» երժշտ. Ռոպերթ Ամիրեանի եւ «Իմ Երեւան» երժշտ. Առնօ Բաբաջանեանի:

Հանդիսավարը իր փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ բանախօս Ն. Գ. Անահիտ Յարութիւնեանի գեղարուեստական յայտագրի մաս կազմող անհատներուն եւ ներկայ հանդիսատեսներուն:

Շնորհաւոր տարեդարձ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ շնորհաւորութիւններ Թորոնթոյի միացեալ մարմնի անդամներուն, որ միասնականութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’իրագործեն պատուաբեր ձեռնարկներ: