Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը ծածանեցաւ Օթթաուայի քաղաքապետարանի դիմաց

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակի առիթով, Երեքշաբթի՝  21 Սեպտեմբեր 2021-ին, ժամը 10: 00 -ին, Օթթաուայի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման արարողութիւնը, ներկայութեամբ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան՝ վսեմաշուք Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Մեծայարգ քաղաքապետ Ճիմ Ուոթսոնի, նաեւ իրենց կողքին ունենալով՝ գանատահայ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Ներկայ էր յատկապէ՛ս Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազան Յովակիմեան, որուն կ’ընկերակցէին Մոնթրէալի ծուխերու հովիւներէն Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան եւ Տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան ինչպէս նաեւ Թեմական Խորհուրդի պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան: Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Թ.Մ.Մ.-ի կողմէ ներկայ էին պրն. Արա Պալեան եւ Տօքթ. եւ Տիկ. Հրայր եւ Մանուշ Տէր գէորգեան. ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբազան Չարեան ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեանց եւ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչներ: