ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՄԵԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

ՀՀՀիմնադրամի վարչութեան անդամներ դեսպաններու հետ։

Հայաստան եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան 25 ամեակի տարեդարձներուն առիթով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ( Հ.Հ.Հ. ) կողմէ կազմակերպուած աւանդական համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, ջերմեռանդ մթնոլորտի մէջ տօնախմբուեցաւ Կիրակի՝ 23 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան « Ալեք Մանուկեան » ընդարձակ սրահին մէջ։ Հրաւիրեալներ սրահի մուտքին կը դիմաւորուէին հիմնադրամի վարչութեան անդամներու կողմէ եւ կը հիւրասիրուէին քոքթէյլի սպասարկութեամբ։

 

Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով, մեկնաբանութեամբ՝ սոփրանօ Արմէնիա Քիարա Սարգիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։

 

Բացման Խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար՝ Օր. Թենի Նիկողոսեան։ Ան հայերէն ու անգլերէն լեզուներով ներկաները ողջունելէ ետք, մէկ առ մէկ ներկայացուց պատուոյ հիւրերը ։ Օրուայ պատուոյ հիւրը եւ պատգամախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ( Հ.Հ. ) Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ կողակիցը Տիկ. Վիկտորիա, Հ.Հ. Գանատայի մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եկանեան ու կողակիցը Տիկ. Մարիա, Հ.Հ. Թորոնթոյի Պատուոյ Հիւպատոս Պրն. Պերճ Սըվազլեան, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ.Վրդ. Քիւսպէկեան  ( ներկայացուցիչ՝ Գանատահայոց Կիլիկիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի ), Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, Առաջնորդի փոխանորդ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան Գանատայի Խորհրդական Պրն. Խորէն Մարտոյեան, գաղութիս կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ

Օնթարիօ նահանգին մէջ ուսանող խումբ մը համալսարանական երկսեռ  աշակերտներ, Ինչպէս նաեւ սրահը լեցնող հիմնադրամի սատարող բարերարներու եւ համակիրներու ընտրեալ խուռներամ բազմութիւն մը։

 

Նախ իր սրտի խօսքը փոխանցեց  Հ.Հ. Գանատայի դեսպան Արմէն Եկանեան։ Պրն. Եկանեան յատկապէս շեշտեց, թէ մենք շինարար ժողովուրդ եղած ենք, յիշեց նաեւ թէ ինչեր շինուած էին մեր նախահայրերուն կողմէ, այսօր օտարներ կուգան ու կը հիանան այդ հոյակապ դարաւոր կոթողներու վրայ եւ կը ծանօթանան քրիստոնէութեան դարաշրջաններու հետ։ Ստեղծած ենք, բայց եղած են ժամանակներ որ մենք կորսնցուցած ենք զանոնք։ Մենք պէտք եղածին չափ ուժեղ չենք եղած։ Պրն. Եկանեան գնահատեց հայ ժողովուրդի յատկութիւնները, բայց նաեւ քննադատեց մեր տկարութիւնները եւս։ Հայկական զոյգ պետութիւնները 25 տարեկան են, ունինք մեծ նուաճումներ եւ ունինք նաեւ մեծ խնդիրներ։ Բոլորս պէտք է մէկ առ մէկ ներկայացուց մասնակցինք այս դրամահաւաքին օգնենք եւ կառուցենք Հայաստանի ապագան նշեց դեսպանը։

 

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան սոփրանօ Սոնա Յովսէփեան, որ իր հրապուրիչ ձայնով բացառիկ գեղեցկութեամբ մեկնաբանեց Սայաթ Նովայէն

« Դուն էն հուրին իս » եւ Արտեմի Այվազեանէն  « Քարաւան » կտորները։ Ինչպէս նաեւ մեր երիտասարդ սերունդէն երգչուհի սոփրանօ Արմէնիա Քիարա Սարգիսեան գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց  Ալէքսէյ Հէքիմեանի « Ղարաբաղի  եղնիկ » կտորը։ Այս երգերուն դաշնակի ընկերակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեան, արուեստագէտները գնահատուեցան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով։

 

Հայաստան եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան 25 ամեակներու տօնակատարութեան առիթով 25 մոմերու մոմավառութիւնը տեղի ունեցաւ։ Ապա Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց ։

 

Այնուհետեւ Հիմնադրամի երկարամեայ ժրաջան Ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան հանդէս եկաւ հիմնադրամի վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները, հիմնադրամին Արցախի մէջ կատարուած ու կատարուելիք շինարարական գործունէութիւններուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Պրն. Մկրտիչեան յայտնեց թէ 25 ամեակը եղաւ անկիւնադարձային։

Ապրիլի սկիզբը արտաքին եւ Յուլիսին ալ ներքին  պատահարներ եղան, ապացոյց եղաւ որ երկիրը պահելու եւ պահպանելու դժուարին գործը դեռ կը շարունակուի։ Սփիւռքը ի՞նչ կրնայ ընել ամրապնդելու համար մեր պետականութիւնը։ Այս մէկը կարելի է ոչ միայն հայրենասիրութեամբ այլ հայրենաշինութեամբ։ Հիմնադրամի շնորհիւ հայրենիքի մէջ ապրող քոյրերու եւ եղբայրներու ընկերային եւ տնտեսական վիճակը զարգացնելով ամրապնդել ու պաշտպանել ներկայ սահմանները երկաթեայ շերեփով։ Հիմնադրամի կառուցած բազմաթիւ շինարարութիւնները գործ հայթայթեցին նաեւ տեղւոյն բնակիչներուն կառուցուած գործարաններու մէջ։ Մինչ այդ պաստառի վրայ ցոյց տրուեցաւ տեսաերիզ մը, ուր կը տողանցէին շէնքերու նկարները եւ բացման հանդիսութիւնները, որոնք Հ.Հ.Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ Արցախի մէջ կատարուած շինարարական աշխատանքներուն մասին զանազան տեղեկութիւններ կը փոխանցէին։

Պրն. Մկրտիչեան ուրախութեամբ նշեց, թէ հետեւեալ ծրագիրները աւարտած էին,

  • Նալպանտեան գիւղի դպրոցի հիմնական վերանորոգումը եւ վերակառուցումը։ ( բարերարութեամբ եւ 600.000 տոլար իշխանական նուիրատուութեամբ Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններու )։
  • Բազմազաւակ ընտանիքներու համար Ճարտար գիւղաքաղաքի մէջ երկու տուն, հատ մը Վանք գիւղի մէջ եւ հատ մըն ալ Քրազնի գիւղին մէջ ( իւրաքանչիւր տուն կ՚արժէ 50 հազար Ամերիկեան տոլար)։
  • Մատաղիս դպրոցի հիմնական վերանորոգում։
  • Մատաղիս գիւղին համար շտապօգնութեան փոխադրամիջոց։

( Բարերարութեամբ՝Բրշ.Պերճ Սրկ. Լիւլէճեանի )։

  • Շուշի եւ Ամարաս եկեղեցիները այցելող զբօսաշրջիկներու համար արդիական լուացարաններ։
  • Իվանեան գիւղի մանկապարտէզ։
  • Ընթացիկ ծրագիր ։ Իվանեան գիւղի բժշկատուն եւ համայնքային կեդրոն։

Յառաջիկային կատարուելիք նոր ծրագիրներ։

  • Ուխտասար գիւղի համար դպրոց։
  • Խնձորիստան գիւղի համար բժշկատուն եւ համայնքային կեդրոն։
  • Բազմազաւակ ընտանիքներու համար 3 նոր տուն։

 

Որպէս դրամահաւաք տեղի ունեցաւ զանազան ապրանքներու լուռ աճուրդ, ինչպէս նաեւ աճուրդի դրուեցաւ Մարսելաբնակ հայ  լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի կողմէ ստորագրուած շապիկը, որմէ գոյացաւ 3.500 տոլար։ Ինք առաջին հայ անձն էր որ մեծ եղեռնի 100 ամեակի առիթով 22 Մայիս 2016 ին մագլցեցաւ Էվէրէստ լերան գագաթը 8848 մեթր, հոն ծածանեցաւ հայոց եռագոյն դրօշը։

 

Կատարուած ու կատարուելիք բոլոր այս ծրագիրներուն համար, Ատենապետ Պրն. Մկրտիչեանի ու վարչութեան անդամներու ջանքերուն շնորհիւ ու յարատեւ աշխատանքներուն որպէս արդիւնք երկու տարուայ ընթացքին հաւաքուեցաւ 1.300.000 տոլար, որ աննախնդաց  նոյնպէս ալ բացառիկ ուրախալի երեւոյթ մըն է Թորոնթոյի նման մօտաւորապէս 30 հազար հայ  բնակչութիւն ունեցող գաղութի մը համար։

 

Պրն. Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն սիրայօժար աշխատողներուն, որոնց յիշատակի նուէրներ յանձնեց, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ « Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլին, հայ մամուլէն « Թորոնթոհայ » ամսաթերթին, « Լուսաբաց » շաբաթաթերթին, Մոնրէալի « Ապագայ » եւ « Հորիզոն » շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ  « Մարմարա » օրաթերթին որոնք երկար տարիներէ ի վեր իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամի ձեռնարկներուն։

 

Նալպանտեան ընտանիքի երկուորեակ զաւակները Նորա եւ Րաֆֆի որոնք երկու տուն կառուցանեցին Արցախի մէջ, ձեռամբ Դեսպան Պրն. Եկանեանի ստացան հիմնադրամի նուիրատու մետայլը։ Ինչպէս նաեւ երկու համալսարանի աշակերտներ քուէարկութեամբ շահեցան դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն։

 

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ  օրուայ  պատուոյ հիւր Հ. Հ. Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու մօտ  Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Պրն. Յովհաննիսեան իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25 տարուայ անկախութեան շրջանի յաջողութիւններուն եւ նոյն ժամանակ մարտահրաւէրներուն ։ Դեսպանը բարձր գնահատեց  Հ.Հ.Հիմնադրամի գործունէութիւնը, որու շնորհիւ այս 25 տարիներու ընթացքին լուծում ստացան մեծ խնդիրներ հայրենի ժողովուրդին համար։ Պրն. Յովհաննիսեան խօսք ուղղեց նաեւ համալսարանական երիտասարդներուն, որոնք ներկայ էին այս ձեռնարկին, զիրենք կոչեց մեր ազգի որպէս ապագայի գործիչները։ Դեսպանին այս խօսքերը ջերմ գնահատանքի արժանացան։ Իր խօսքին հիմնական առանցքը եղաւ հետեւեալը

« Այսօր դուք պէտք է ցոյց տաք եւ լաւ օրինակ դառնաք մեր Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ժողովուրդին, կարեւոր է ձեր նուիրուածութիւնը եւ շռայլ օգնութիւնը, բերէք այսօր եւ վաղը, նաեւ ունեցէք ձեր գաղափարական մասնակցութիւնը։ »

 

Հ.Հ.Հիմնադրամի վարչութեան անունով երկու դեսպաններուն նուիրուեցաւ յիշատակի նուէրներ, ինչպէս նաեւ իրենց կողակիցներուն գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։

 

Հիմնադրամի փոխ Ատենապետ Տիկ. Հուրի Նաճարեան « Մենք կը կառուցանենք մեր ապագան » բնաբանով իր սրտի խօսքը ուղղեց։ Արցախէն նոր վերադարձած ըլլալով որպէս ականատես հիմնադրամին կատարած գործունէութիւններուն մասին իր տպաւորութիւնները ու լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց, շնորհակալութիւն յայտնելով հիմնադրամի բոլոր սատարողներուն, որոնց շնորհիւ է որ այսօր Արցախի մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին, հրաւիրեց ներկաները նեցուկ կանգնելու յառաջիկայ իրենց աշխատանքներուն։

 

Հուսկ բանքը արտասանեց Առաջնորդ Աբգար Սրբազան, որուն աղօթքով այս նշանակելի ու բացառիկ երեկոն իր աւարտին հասաւ։ Հիմնադրամի այս ձեռնարկը աւելիով հասաւ իր նպատակին ուրախացնելով թէ՜ կազմակերպիչները եւ թէ՜ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871