Թեմիս հովանիի տակ գործող, Հայց. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կեդր. խորհուրդը Հինգշաբթի՝ 6 Յունիս 2024-ին, կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Սէնթ Քաթրինզ եւ Պաֆալօ- New-York, շրջապտոյտի մասնակցողները առաւօտեան ժամը 8:30-ին հաւաքուեցան Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, ուր բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկաւ Տիկնանց Միութեան կեդրոնական խորհուրդի (WGCC) Ատենապետուհի Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, ապա հրաւիրեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, որ իր օրհնութիւնը փոխանցէ ներկայ ուխտաւորներուն, ներկայ էին նաեւ փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան: Երկու հանգստաւէտ օթոպիւսներով (թիւով 112 հոգի, շրջապտոյտին միացան նաեւ Սէնթ Քաթրինզի, Համիլթընի եւ Միսիսոկայի եկեղեցիներէն անհատներ):
Շրջապտոյտին մաս կազմեցին, Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. եւ երեցկին Նայիրա Զարգարեան եւ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. եւ երեցկին Մակի Թանաշեան:
Հանգիստ ճամբորդութենէ ետք ուխտաւորները ժամանեցին, Սէնթ Քաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. եկեղեցի, եւ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու կողմէ:
Սրբազան Հայրը տեղեկութիւններ տուաւ Օնթարիոյի մէջ «1930-ին» կառուցուած հայկական առաջին եկեղեցւոյ մասին, ուխտաւորներու խնդրանքով իրենց սիրելիներու հոգիներու ի հանգիստ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Ծխական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեան կողմէ:
Ամերիկեան սահմանը անցնելէ ետք ուխտաւորները, ուղղուեցան դէպի «Lady of victory Shrine & Basilica» հոյակապ եկեղեցին հոն եւ պատմական բացատրութիւններ տուաւ բարշ. Ալպէրթ Սրկ. Ամաթօ, ուխտաւորները մէկ ժամ անցուցին աղօթելով եւ նկարուելով, եւ իրենց ազատ ժամերուն, շրջագայեցան մօտակայ «Outlet Mall»ը:
«Niagara»-ի բնութեան գեղեցիկ տեսարանները վայելելով, գոհունակ սիրտով վերադարձան Թորոնթօ, շրջապտոյտի մասնակիցները, իրենց սրտանց շնորհակալութիւնները յայտնեցին Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն, խնդրելով մօտակայ ապագային եւս կազմակերպել այսպիսի պտոյտներ:
Ձեր Վարձքը կատար Տիկնանց Միութեան կեդր. խորհուրդի անդամուհիներ: