26 Սեպտեմբեր 2016-ին, Թորոնթոյի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Քսան Հնչակեան Անմահներու 101-ամեակի յիշատակի ոգեկոչում, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին թորոնթոհայ գաղութը ներկայացնող հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու, երեք յարանուանութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկը սկսաւ Հալէպէն Գանատա ապաստան գտած ընկերներու նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմուած փողերախումբին ելոյթով, որ նուագեց Գանատայի, Հայաստանի եւ Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ.հի Սօնա Չորպաճեան-Անուշեան: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա Քսաններու խօսքերէն մէջբերումներ կատարելով՝ վեր առաւ օրուան իմաստը եւ նշանակութիւնը: Ընկերուհին յատկապէս նշեց. «Քսանները թէեւ կազմակերպչականօրէն կը յարէին յատուկ կուսակցութեան մը, սակայն անոնք կը նկատուին համայն հայ ժողովուրդին նահատակները: Հնչակեան Կուսակցութեան յեղափոխական պատմութիւնը չի սահմանափակուիր Քսաններով: Նազարբէկեաններ, Մարօներ, Խանազատներ, Զաքարեաններ, Ժիրայր-Մուրատներ, Աղասիներ, Չելլօներ, Մինաս Օղլուներ ու ասոնց պէս բազմաթիւ առասպելական դէմքեր, որոնք զէնքով թէ գրիչով՝ անդուլ պայքար մղած են հայ ժողովուրդի ամէն տեսակի թշնամիներուն դէմ, անոնք ըլլան ցարական, սուլթանական թէ իթթիհատական»: Ապա ցուցադրուեցաւ «Քսանի Լուսաբացը» վաւերագրական ֆիլմը, որ պատրաստուած էր Հայաստանի մէջ անցեալ տարի՝ Քսաններու նահատակութեան 100-ամեակին առթիւ:
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցաւ ջութակահար Պրն. Ճորճ Մպայյէտ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Մարիա Տաուտեան-Այվազեանի:
Ապա օրուան հանդիսավարը առանձին-առանձին անուանեց Քսան Անմահներու անունները եւ 20 պատանիներ, իւրաքանչիւրին ձեռքը մոմ մը՝ վրան պատկերուած նահատակի մը նկարը, մէկ առ մէկ բեմ բարձրացան եւ զանոնք զետեղեցին կախաղանները խորհրդանշող եռոտանիի մը առջեւ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պէյրութէն յատկապէս այս ձեռնարկին որպէս բանախօս հրաւիրուած ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեան: Ընկերը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Թորոնթոյի ընկերներուն, խօսեցաւ Քսաններու համամարդկային արժէքներուն մասին: Ան նշեց, որ Քսանները եւ Փարամազ դարձած են յետադիմութեան դէմ, ազգերու ինքնորոշման համար պայքարողներու տիպարներ եւ ոգեշնչողներ: (Ընկերոջ խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք ստորեւ):
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Պրն. Մհեր Մինասեան, որ փունջ մը հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ կատարողութեամբ խանդավառեց ներկաները:
Քսաններու ոգեկոչման հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի սրտի խօսքով եւ պահպանիչով:
Ներկայ մը
Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի խօսքը
Յարգելի ներկաներ, սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Նախ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել Թորոնթոյի Վարիչ Մարմինին, ձեզի հետ զրուցակից դառնալուս առիթը ընծայելուն համար:
Ամէն տարի համայն հայութիւնը յառաջադէմ մարդկութեան հետ միասին կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, որուն զուգահեռ կը յիշենք 1915-ի Յունիս 15-ին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած Քսան Հնչակեան նահատակները:
Մինչեւ երեք տարի առաջ, Փարամազի եւ իր 19 ընկերներուն սխրագործութեան արժեւորումը եւ անոնց զոհողութեան առջեւ յարգանք մատուցելը սահմանափակուած էր Հնչակեան Կուսակցութեամբ եւ հայկական շրջանակներով: Սակայն այսօր այդ յուշատօները անցած են հայկական սահմանները եւ Փարամազները դարձած են Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիոյ Հանրապետութիւն կոչուած տարածքին վրայ ապրող բոլոր իրաւազրկուած փոքրամասնութիւններուն պայքարը ոգեշնչող տիպարներ:
Հատելով ժամանակի եւ աշխարհագրութեան պատնէշները, Փարամազի կերպարը դարձած է յետադիմութեան եւ կրօնամոլութեան դէմ, ժողովուրդներու ազգային ազատագրութեան եւ մարդկային իրաւանց համար տարուող պայքարի խորհրդանիշ, կամ ինչպէս հրապարակախօս Սարգիս Հացպանեան որակեց զայն՝ «մեր Չէ Կեվարան»:
Հաւանաբար վերը գրուածները զանգուածային սպառման համար արտասանուած ամբոխավարական բնոյթի խօսքեր մնան, եթէ չամրագրենք զանոնք հաստատ եւ ամուր փաստերով:
Այդ փաստերէն մէկը արձանագրեցինք 2014 թուականի Հոկտեմբերին, երբ Սուրիոյ հիւսիսային Քոպանի շրջանին մէջ կ’ընթանային թէժ մարտեր քիւրտ ազատամարտիկներու եւ «Իսլամական Պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան հրոսակներու միջեւ:
Պոլիսէն տեղեկացանք, որ Քոպանիի մէջ գտնուող «Միշթենուր» կոչուող բլուրի մը վրայ 2 ժամ միայնակ դիմադրելէ ետք զոհուած է Փարամազ-Գզըլպաշ անունով մարտիկ մը: Մեր բարեկամներուն միջոցով գտանք անոր ծնողքը եւ ցաւակցական նամակ մը ղրկեցինք անոնց: Մի քանի ամիս ետք, 2015 Ապրիլ 18-ին երբ Պոլիս մեկնեցանք մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Փարամազ Հայ Յեղափոխականը եւ Հայ Սոցիալիստները» գիրքի շնորհանդէսին եւ այնտեղ կուսակցութեան պատգամը փոխանցելու, մեր խնդրանքով յատուկ հանդիպում մը ունեցանք նահատակի ծնողքին հետ «Նոր Զարթօնք» հայկական կեդրոնին մէջ: Մայրը հպարտութեամբ ըսաւ. «Որդիս՝ Սուպհի-Նեժատ հիացած էր Փարամազի յեղափոխական գործունէութեան վրայ, եւ այդ պատճառով երբ մեկնեցաւ «Ռոժավա»՝ մասնակցելու կրօնամոլութեան դէմ տարուող պայքարին, իր մարտական-յեղափոխական անունը ընտրեց Փարամազ-Գզըլպաշ, ի զօրակցութիւն եւ համակրանք Թուրքիոյ մէջ հալածուած հայ եւ ալեւի ժողովուրդներուն»:
Փակագիծ մը բանալով ձեզի տեղեկացնել կ’ուզեմ, որ այդ բլուրը Քոպանի տեղական ինքնակառավարման խորհուրդի որոշումով այսօր կը կոչուի Փարամազի բլուր, եւ Փարամազ-Գզըլպաշ Սուպհի-Նեժատ անունով բացուած է ժողովուրդներու բարեկամութեան մշակութային կեդրոն:
Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ,
Փաստ մը, որ գրուած է արեան մելանով եւ հաստատուած է գերագոյն զոհողութեան անտարակուսելի կնիքով, մեկնաբանութեան կարք չունի եւ միայն արժանի է խորին յարգանքի եւ երախտագիտութեան:
Ի լուր Քոպանիի խորհուրդի որոշումին, ակամայ հարցում մը կը վրդովեցնէ հոգիս, թէ Երեւանի քաղաքապետարանը ի՞նչ կը սպասէ իր հարազատ որդիին յիշատակը յաւերժացնող պատշաճ կոթող կանգնեցնելու Երեւանի մէջ, երբ Քիւրտիստանի եւ հեռաւոր Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ հրապարակներ կ’անուանուին Փարամազի եւ իր ընկերներուն անունով: Երբ այս ելոյթին սեւագրութիւնը գրեցի առաջին անգամ, շատ աւելի մեղմ եւ դիւանագիտական ոճով մը շարադրուած էր այս հարցումը, սակայն այսօր կը կարծեմ, որ ներկայի Երեւանի քաղաքային իշխանութիւններուն հետ պէտք է խօսիլ ուղղակի եւ յստակօրէն:
Հայաստանի պետական այրեր, արդեօք քանի՞ հազար տոլար պէտք է վճարել, որ Երեւանի հրապարակներէն մէկը կոչէք հնչակեան յեղափոխական ընկեր Փարամազի անունով: Արդեօք կը ճանչնա՞ք անոր եւ իր ընկերներուն սխրագործութիւնները: Հաւանաբար ոչ:
Յարգելի ներկաներ,
Անցեալ տարի Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած «Հնչակեան 20 գործիչներու Նահատակութեան 100-րդ Տարելիցին»: Տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ եւ օտար պատմաբաններու շարքին կը գտնուէր «Փարամազ Հայ Յեղափոխականը» գիրքի հեղինակ Քատիր Աքըն, որուն խօսքերէն կը մէջբերեմ.- «Փարամազ Վանի դատարանին մէջ արտասանեց հրաշալի ճառ մը. պատկերացուցէք, որ 118 տարի ետք անոր պաշտպանողական ելոյթը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը, ճառին մէջ հնչեցուցած պահանջները այսօր եւս Թուրքիոյ սոցիալիստներուն պահանջներն են»:
Աքըն աւելցնելով կ’ըսէ.- «1910 թուականին Պոլսոյ մէջ օրինական արտօնագիր ստացած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ծրագիրը շատ նման է եւ համահունչ այսօրուայ ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան ծրագրին:
Յարգելի ներկաներ,
Երեք տարի առաջ երբ հրաւէր ստացանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Թուրքիոյ յառաջադէմ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Պոլսոյ մէջ ոգեկոչելու Քսան Անմահներուն 98-ամեակը, իր գագաթնակէտին հասած էր ժողովրդային ըմբոստութիւնը, որ ճանչցուեցաւ «Կէզի զբօսայգիի դիմադրութեամբ»: Պոլսոյ ապահովական իրավիճակը լարուած էր, չէինք գիտեր ո՞ւր կերթայինք, չէինք գիտեր մեզ ի՞նչ կը սպասէր այնտեղ, չէինք գիտեր մինչեւ ո՞ւր կրնային հասնիլ մեր կապերը, ինչքանո՞վ կրնայինք նպաստել մեր ազգային պահանջատիրական դատին, չէինք գիտեր ի՞նչ կրնար ըլլալ մեր ժողովուրդի հակազդեցութիւնը: Սակայն առնուած էր յանդուգն որոշումը եւ պատրաստ էր 6 հոգինոց խումբը՝ բաղկացած չորս լրագրողներէ եւ երկու կուսակցականներէ:
Վրէժխնդրութեան պահը եկած էր՝ երթալու Սուլթան Պայազիտ հրապարակ եւ խօսելու Փարամազին, Յակոբ Գազազեանին, Մինաս Քէշիշեանին, Սմբատ Գլըճեանին, Վահան Պոյաճեանին, Տօքթ. Պեննէին, Արմենակին, Աբրահամ Մուրատեանին, Արամ Աչըգպաշին, Հրանդ Եկաւեանին, Գարեգին Պօղոսեանին, Պօղոս Պօղոսեանին, Յակոբ Պասմաճեանին, Թովմաս Թովմասեանին, Երեմիա Մանանեանին, Մկրտիչ Երէցեանին, Վանիկին, Երուանդ Թոփուզեանին, Յովհաննէս Եղիազարեանին, Գառնիկ Պոյաճեանին, եւ ըսելու անոնց.
– Սիրելի նահատակ ընկ. Տօքթ. Պեննէ, մենք երբեք չմոռցանք ձեզ, 20 հազարներս քալեցինք ձեր ետեւէն, եւ այսօր եկանք Պայազիտի հրապարակ՝ ձեր բարձրացած պատուոյ պատուանդանին կարմիր ծաղիկներ նուիրելու:
– Սիրելի նահատակ ընկ. Փարամազ, կը յիշե՞ս, ըսած էիր, որ «մեր ուզածը հաւասարութիւն է»: Այսօր նոր պատմութիւն մը կը գրուի Թուրքիոյ մէջ. այստեղ ապրող հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ալեւիներ, լազեր, ասորիներ եւ եզիտներ հաւասարէ հաւասար ապրելու պայքարի ելած են: Ձեր նահատակութենէն վերջ ահռելի Ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր բռնի թրքացան, իսկ անցեալ ամառ անոնց թոռնիկները եկան Հայաստան մկրտուելու, եւ անոնցմէ մէկը քու անունդ ընտրեց որպէս աւազանի անուն:
– Սիրելի նահատակ ընկ. Վանիկ, իմաստուն, քաջ, երիտասարդ ընկեր, ըսած էիր, որ «մարդուն միակ լաւագոյն ուղին պայքարի ուղին է». երանի՜ հրաշք մը պատահէր՝ իջնէիր երկնային թագաւորութենէդ եւ միանայիր մեր շարքերուն ու տեսնէիր, որ աչքիդ լոյսով խմբագրած «Կայծ»-դ քանի՜-քանի՜ երիտասարդ սրտերու ջահերը բոցավառած է:
Յարգելի ներկաներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Հնչակեան Կուսակցութիւնը եղաւ առաջին աւանդական ազգային կազմակերպութիւնը, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ ճեղքելու փակ եւ ծանր դուռը եւ անցում մը կատարեց դէպի պատմական հողեր: Իր օրին տատամսողներ եղան, կասկածամտութեամբ մօտեցողներ եղան, այնուամենայնիւ մենք բոլորին մտահոգութիւններն ու վերապահութիւնները հասկացողութեամբ ընկալեցինք եւ գործը յառաջ տանելու որոշումին վրայ մնացինք, որովհետեւ կորսնցնելու բան չունէինք: Այսօր կը տեսնենք, որ այդ ճեղքուած դուռը եւ զարգացող յարաբերութիւնները տուած են իրենց դրական արդիւնքները: Յաջողեցանք կտրելու Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերը, Թուրքիոյ ընկերվարական պատմութեան մէջ յստակ շեղում մը մտցուցինք, մինչ այդ ատեն սոցիալիստական շարժման հիմնադիր ճանչցուած Մուսթաֆա Սուպհին փոխարինուեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեամբ: Թուրքիոյ ընկերվարական շարժման պատմութեան մէջ չէին յիշատակուած Քսաններու եւ Հնչակեան Կուսակցութեան ընկերվարական գործունէութիւնները. այս բացայայտումը նոր պատմագրութեան եւ ուսումնասիրութիւններու դաշտ մը բացաւ յառաջդիմական շրջանակներուն մօտ:
Բաւական է նշել, որ «Փարամազ Հայ Յեղափոխականը» գիրքին չորրորդ հրատարակութիւնը սպառած է եւ այդ գիրքը 2015-ին Թուրքիոյ մէջ անակնկալ վաճառք արձանագրած տասը գիրքերու շարքին էր: Լոյս տեսած է «Թուրքիյ Ձախէն Դիմանկարներ» անունով գիրք մը, որուն առաջին դէմքը կը նկատուի Փարամազը:
Այս բաժինը աւարտելու համար կը մէջբերեմ Փարամազ գիրքին գրախօսականներէն հատուած մը, ուր կ’ըսուի. «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով այս երկիրը կորսնցուց մտաւորական, մշակութային մեծ հարստութիւններ, ասոնց շարքին մեծ վնաս կրեց ընկերվարական շարժումը, որ մնաց առանց հաստատուն արմատներու. այսօր՝ 100 տարի ետք կը յայտնաբերենք, որ մեր երկրի յառաջդիմական եւ համամրդկային գաղափարներու յառաջամարտիկները եղած են հայ հնչակեանները՝ Փարամազները»:
Ի միջի այլոց նշեմ, որ ընտրուած հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այս գիրքէն օրինակներ բաժնած է Էրտողանի կուսակցութեան երեսփոխաններուն, որպէսզի անոնք ծանօթանան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ հայերու դէմ կատարուած ոճիրին մասին ճշմարտութիւնը ճանչնան:
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնող համահայկական հռչակագիր մը համայն աշխարհին յայտարարուեցաւ: Այս հռչակագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող աշխատանքներու ուղեցոյց մըն է, այնտեղ շարադրուած միտքերը յենած են իրաւական եւ համամարդկային օրէնքներու վրայ եւ ունին ծրագրային բնոյթ: Այս պատմական հռչակագիրէն սղագրութեամբ կը մէջբերեմ.
«Արտայայտելով հայ ժողովուրդի միասնական կամքը՝
3.- Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք խիզախութիւնը ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
4.- Երախտագիտութիւնկը յայտնենք այն ազգերուն, կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք յաճախ իրենք զիրենք վտանգելով՝ մարդասիրական բազմաբնոյթ օգնութիւն ցուցաբերեցին… բազմաթիւ հայերու:
8.- Կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը…:
Կը զօրակցինք Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան ա’յն հատուածին, որուն ներկայացուցիչները այսօր արդէն համարձակութիւն կը դրսեւորեն այդ հարցով՝ ի հակադրութիւն իշխանութիւններու պաշտօնական դիրքորոշումին:
9.- Յոյս կը յայտնենք, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ պիտի դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման գործընթացին»:
Հռչակագրի աշխատանքային ծրագրային բաժինը բաղկացած է 12 կէտերէ, որոնցմէ 4-ը առնչուած են հայ եւ թուրք հասարակութեանց յարաբերութիւններուն: Մեր գնահատումով, ամէնէն դժուար իրագործելի, նուրբ եւ զգայուն բաժինն է ընդհանուր գործընթացին մէջ, եւ առ ի գոհունակութիւն, առաջին նախաձեռնողը եղաւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ երկու տարի առաջ կայացած 20-րդ համագումարին առնուած որոշումով:
Այս հռչակագրով մեր ազգային պահանջատիրութեան քաղաքական ասպարէզին մէջ նոր աշխատանքային դաշտ մը բացուած կը նկատենք, այդ դաշտը Թուրքիոյ Հանրապետութիւն կոչուած աշխարհագրական տարածքն է: Այդտեղ գործելը վտանգաւոր է եւ զգուշաւոր, լեցուն է անակնկալներով, որովհետեւ այդ տարածքին վրայ գործող մեր հակառակորդները լաւ կը ճանչնանք: 1915-էն մինչեւ օրս դեռ չեն փոխուած անոնք, նոյն կրօնական ծայրայեղականներն են՝ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, նոյն Գորշ Գայլերն են՝ Տեւլէթ Պահչէլիի եւ իրմէ առաջ՝ Ալփասլան Թիւրքէշի, նոյն իթթիհատականներու ժառանգորդները, ռազմատենչները, խունդայականները, մեր իրաւունքները ժխտողներու վոհմակը եւ ամբողջ յետադիմական ուժերը, որոնք սպաննեցին Հրանդ Տինքը եւ կը շարունակեն շրջապատել Հայաստանը, թեւ եւ թիկունք կը կանգնին Իլհամ Ալիեւներուն, արեան մէջ խեղդած են Սուրիան, եւ կը շարունակեն զօրակցիլ իսլամ ծայրայեղական ուժերուն, որոնք ամբողջ տարածաշրջանը կը փորձեն տանիլ դէպի խաւարամտութիւն:
Այս ահռելի թշնամիներուն դէմ մաքառողներու ճամբարին մէջ կը գտնուին մեր բնական դաշնակիցները, որոնց հետ գործակցելու եւ անոնց բարոյական թիկունք ըլլալու պատիւը ունինք մեննք՝ հնչակեաններս: Մեր բարեկամներն են հողին կառչած, Թուրքիոյ հասարակութեան յառաջադէմ շարքերուն առաջին ճակատային գիծին վրայ պայքարող մնացած հոյլ մը Կարօ Փայլանները, ժողովուրդներու հաւասարութեան հաւատացող, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչցած, աշխատաւորին վաստակը պաշտպանող, բնապահպան եւ քաղաքական յեղաշրջումը ղեկավարող Տէմիրթաշները եւ Ֆիկէնները:
«Մեր ուզածը հաւասարութիւն է», կ’ըսէ Փարամազ եւ կը շարունակէ. «Մենք մոլեռանդ ազգայնականներ չենք, մեր պահանջը, հայ թուրք, քիւրտ, ալեւի, լազ, ասորի, եզիտի, արաբ եւ ղպտի, բոլորս ալ հաւասարէ հաւասար ապրելու իրաւունք ունենալն է: … Եւ քանի որ մեր ուզածները Օսմանեան Պետութեան մէջ հնարաւոր չէ իրականացնել, մենք մեր մարդկային իրաւունքները ապրելու եւ գործադրելու համար, Հայաստանի տարածքին վրայ ապրող ժողովուրդներուն Օսմանեան Կայսրութենէն անջատումը կը պահանջենք»:
Այս վերջին սղագրութիւնը պիտի չմեկնաբանեմ, միայն պիտի առաջարկեմ նոյն տողերը կարդալ Օսմանեան Կայսրութիւնը փոխարինելով Թուրքիոյ Հանրապետութեամբ, որ յար եւ նման է ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան ծրագրի նախաբանին, այլ խօսքով՝ 100 տարի ետք եւ մինչեւ օրս փոխուած են միայն անունները, ուրեմն մեր պայքարը այսօր ալ կը շարունակուի: Քսաններուն գործը կը շարունակուի իրենց աներեւոյթ ներկայութեամբ, եւ մենք որպէս Փարամազներու ժառանգորդներ, ստիպուած ենք գտնուելու պայքարի բովին մէջ՝ փոխարինելու մեր նահատակ ընկերներուն եւ աւարտին հասցնելու կիսատ ձգուած առաքելութիւնը:
Սիրելի ընկերներ, յարգելի բարեկամներ,
Ապրիլ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ ազգովին դիմակայեցինք նոր ճակատամարտ մը, որ կոչուեցաւ քառօրեայ պատերազմ: Մամուլէն մեր քաղած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ ունեցած ենք տարածքային կորուստներ, որոնք, իր խօսքերով, «ռազմավարական կամ մարտավարական տեսակէտից որեւէ նշանակութիւն չունեն»: Յամենայնդէպս, մեզի համար պատերազմը դեռ վերջացած չէ, ճակատամարտ մըն էր միայն պատահածը:
Առանց մանրամասնութիւնները թուարկելու, արագ վերլուծում մը կատարելով, այսպէս կոչուած քառօրեայ պատերազմի բռնկման մի քանի պատճառները յայտնաբերելու կ’ուզեմ:
Մեր կարծիքով, պատերազմին որոշումը առնուած էր Մարտ ամսուան կէսերուն Ալիեւի Անգարա այցելութեան ժամանակ: Հարաւային Կովկասի մէջ վիճակի ապակայունացումը պիտի օգնէր Էրտողանին ժամանակաւորապէս դուրս ելլել Սուրիոյ պատերազմի ճահիճներէն եւ վերադառնալ տարածաշրջան, որպէս ազդու պետութիւն Ռուսիոյ եւ Իրանի կողքին, ինչպէս նաեւ դիրքային առաւելութիւն մը արձանագրած պիտի ըլլար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն դիմաց, որ բացայայտօրէն կը զինէ եւ կը մարզէ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական զինեալ ջոկատները: Թուրքիոյ կարծիքով, քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան միաւորները կը նկատուին որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւններ, որոնք կը փորձեն քրտական ինքնավար պետութիւն մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ եւ կը նկատուին Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան շարունակութիւնը:
Երկրորդ պատճառը՝ ինքնին Ալիեւի անձնական շահերն են: Իլհամ Ալիեւի փտած վարչակարգը աւելի քան երկու տասնամեակ ռազմատենչ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ եւ կը փորձէ համոզել Ատրպէյճանի ժողովուրդը, որ Ղարաբաղի հարցը կարելի է լուծել միայն զէնքի միջոցով: Այդ պատճառով, երկար տարիներու ընթացքին կուտակած է միլիառաւոր տոլարներու սպառազինութիւն, մէկ կողմէ աղքատացնելով Ատրպէյճանի ժողովուրդը եւ միւս կողմէ հարստացնելով Ալիեւ ընտանիքն ու անոր շուրջ գտնուող փտած վարչակարգի անդամները, որոնք պիտի ծառայէին Ալիեւներու ընտանիքի իշխանութեան կառչած մնալուն:
Երրորդ պատճառը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին տարիներու արձանագրած հետեւողական ձախողութիւններն են: Այս ձախողութիւնները՝ համակարգի լայնածաւալ փտածութիւնը եւ մասնաւորապէս լուծումներու բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան վրայ գտնուողներու ապարդիւն աշխատանքը, երկիրը հասցուցին ընկերային, այսինքն՝ սոցիալական պայթիւնային վիճակի: Թշնամին տեսնելով եւ գնահատելով պատեհ առիթը, սանձազերծեց լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ, որուն արդիւնքները յայտնի են բոլորիդ:
Այսուամենայնիւ, շնորհիւ մեր ժողովուրդի զաւակներու արթնութեան եւ Հայրենիքին սահմանները հսկող արիասիրտ մեր մատղաշ զինուորներու հերոսական դիմադրութեան եւ անձնուէր մաքառումներուն, թշնամին չկրցաւ հասնիլ իր վերջնական նպատակին:
Յարգելիներ,
Հայրենի իշխանութիւնները այսօր կանգնած են շատ լուրջ քննութեան մը առջեւ. կը յուսանք, որ անդրադարձած են սխալներուն լրջութեան եւ պարտաւոր են սրբագրելու գոյութիւն ունեցող թերութիւններն ու բացթողումները:
Չէինք ուզեր մեր իշխանութիւնները դնել մեղաւորի աթոռին վրայ, սակայն եւ միեւնոյն ժամանակ չենք կըրնար չմատնանշել անոնց ունեցած պատասխանատուութիւնը երկրին մէջ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր թերութեան մէջ:
Հնչակեան Կուսակցութիւնը պէտք է դրական ընդդիմութիւն ըլլայ. մեր դերը սխալներն ու թերութիւնները լուսարձակներու տակ առնել պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ ճիշդ, գիտական միջոցներով, յստակ փաստերու վրայ հիմնուած ախտորոշումներ կատարելէ ետք, համոզիչ եւ հիմնաւորուած լուծումներ առաջարկել պէտք է ըլլայ: Հայաստանի մէջ գրանցուած օրինաւոր բոլոր կուսակցութիւնները, մեծէն մինչեւ պզտիկ, իրաւունք ունին ձգտելու իշխանութեան՝ ժողովրդավարութեան պարտադրած օրէնքներով եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ:
Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է, ինչ որ ալ ըլլան այնտեղ տիրող իրաւակարգերը եւ ովքեր ալ ըլլան իշխանութեան վրայ գտնուողները: Հայրենիքը մնայուն է, իսկ իշխանութիւնները եւ վարչակարգերը՝ գնայուն: Ինչպէս երէկ՝ այսօր եւս մենք պարտաւոր ենք ըլլալ Հայրենիքի եւ ժողովուրդի կողքին, իսկ իշխանութիւնները մենք կը նկատենք մեզի մօտիկ՝ այնքան ժամանակ, որ անոնք կը ծառայեն ժողովուրդին եւ կ’ապահովեն երկրի տնտեսական ու ընկերային զարգացումը: Երբ կ’ըսենք տնտեսական զարգացում, յստակօրէն նկատի ունինք հասարակութեան մեծ շերտին տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը: Անհատներու միլիոններուն կրկնապատկումը մեզի համար չի նշանակեր, թէ Հայաստանն է որ կը զարգանայ: Հայաստանի բարգաւաճման ցուցանիշը մենք կը նկատենք ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումը, արտագաղթի կասեցումը, նոր աշխատատեղիներու ստեղծումը:
Սիրելի ուխտեալ հնչակեան ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Գում Գաբուի ցոյցի առաջնորդ Յարութիւն Ճհանկիւլեան շատ պարզ հայերէնով ըսուած խօսք մը ունի ան կ’ըսէ. «Ընկերներ, վաղը իմ ճրագս պիտի մարի, բայց մի թողուք որ յեղափոխութեան ճրագը շիջի երբեք»: Պատգամ մը, որ իր մէջ կը պարունակէ աննահանջ գործելու, գաղափարին կառչած մնալու հրամայականը: Շատ գործ կայ ընելու ըլլա’յ Սփիւռքի մէջ, ըլլա’յ Հայրենիքի մէջ: Մենք այլընտրանք չունինք. մեր թիրախը Հայաստանի բարօրութիւնն է:
Օգտուելով առիթէն, մեր սրտագին ողջոյնները կը փոխանցենք եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք այն բոլոր քաջամարտիկներուն, որոնք կը պաշտպանեն Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները, խոր յարգանքով կը խոնարհինք մեր ժողովուրդի բոլոր հին եւ նոր նահատակներու յիշատակին առջեւ: Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ ազատ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը:
Եզրափակելով, մեր ուխտը կը վերանորոգենք Քսան Նահատակներուն յիշատակին առջեւ՝ պայքարը շարունակելու անոնց ճամբով եւ վերահաստատելու, որ Քսաններուն գործը դեռ կը շարունակուի:
Սիրելի ուխտեալ հնչակեան ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Խօսքս յաճախ կը փակեմ Քսան Նահատակներէն երիտասարդ Գեղամ Վանիկեանի «Կեանքի Նպատակին Շուրջ» գրած յօդուածէն փոխառութեամբ մը, ուր կ’ըսէ. «Կեանքը նպատակ ունի եւ այդ նպատակը մարդու բարձրացումը եւ կատարեալ երջանկութիւնն է: Ես կ’ուզեմ մտնել անօթութենէ չորցած կուրծքին տակ՝ այնտեղ մրափող առիւծին բաշերը թափ տալու համար, ես կ’ուզեմ մտնել արցունքոտ մօր աչքերուն մէջ՝ այնտեղ կայծկլտող հուրը բոցավառելու համար, ես կ’ուզեմ գործ ունենալ աշխատող բազուկներուն հետ, անո’նք են կեանքի երջանկութեան աղբիւրները: Ահա’ իմ փիլիսոփայութիւնը»:
Ահա’ մեր փիլիսոփայութիւնը:
Ահա’ Հնչակեան Կուսակցութիւնը:
Կեցցէ’ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ’ ազատ, անկախ, միացեալ, ընկերվարական Հայաստանը: