ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

Սիրվարդ Միքայէլեան

Սուրբ Յարութեան նախօրեակին, Շաբաթ, 31 Մարտ -2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ճրագալոյցի յատուկ ժամերգութիւն, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր Սուրբ Գրային ընթերցումներու կարդացողութեամբ ու Դանիէլ մարգարէի «Ոչինչ է Պէտս» ի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը։

Ընթերցումներն ու երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ներկայ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու կողմէ։

Հոս կ՛արժէ նշել ու գնահատել այն բոլոր աշակերտներն ու անոնց ծնողները, որոնք մեծ սիրով յանձն կ՛առնեն այս պարտականութիւնը ու անթերի կատարողութեամբ կը ներկայացնեն զանոնք տարուայ 5 տաղաւարներէն միայն Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան տօներու նախօրեակին պատահող իւրայատուկ այս արարողութեան ընթացքին, զոր սկիզբ առած է մեր եկեղեցւոյ հայրերու տնօրինութեամբ։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը։ Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց խուռներամ բազմութիւնը եւ Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան աւետիսը փոխանցեց անոնց, մաղթելով որ ազգովին վերանորոգենք մեր հաւատքը, Յարութեան շունչով քալենք դէպի ապագայ եւ Յարութեան ճամբով՝ դէպի լուսաւոր ճանապարհ։