Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Թորոնթոբնակ վերջին երեք տիպար եւ օրինակելի հայ մայրերէն վերջինը ողբացեալ Էօժէնի Գոգորեան-Երկանեան 105 տարեկան հասակին իր աչքերը փակեց Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020-ին: Ան ծնած էր Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքի Իոնիէ գաւառին մէջ 1915-ին: Ծնողքը չէ ճանչցած: Հայրը 1915-ին զինուորագրած են բայց չէ վերադարձած: Երեխայ տակաւին եւ արդէն կորսնցուցած է եւ մայրը: Ունեցած է երկու քոյր, երեք եղբայր եւ երեք մօրաքոյր: 1919-ին Ամերիկեան ՛՛ՆԻՐ ԻՍԹ ՌԻԼԻՖ՛՛ միութեան միջոցաւ զանազան եւ հեռաւոր գաւառներէն հաւաքուած որբերուն մէջ եղած է նաեւ Էօժէնին:1922-ի վերջերը քաղաքական պայմաններու բերումով որբերը Յունաստան կը փոխադրեն: Տարիներ ետք կը մեկնի Եգիպտոս: 1931-ին ամուսնութիւն կը կնքէ Կարապետ Գոգորեանի հետ եւ կը սկսի իր բնականոն կեանքը: 1958-ին դժբախտութիւնը կ՛ունենայ կորսնցնելու իր սիրեցեալ կողակիցը սակայն բարեկամներու թելադրութեամբ եւ միջնորդութեամբ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը հոգերը զինք կը մղեն 1965-ին կնքելու իր երկրորդ ամուսնութիւնը Մարգար Երկանեանի հետ եւ ապա 1973-ին միասնաբար կը գաղթեն Գանատա, բնակութիւն հաստատելով Թորոնթօ, որ դարձաւ նաեւ իր վերջին հանգրուանը:
Ողբացեալ Էօժէնի Գոգորեան-Երկանեան իր ետին կը թողու 5 զաւակներ, 9 թոռներ, 14 ծոռեր եւ 1 թոռան թոռ: Իր թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ եկեղեցւոյ հովիւ եւ Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեանի: Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Գեր.Եղիա Ծ. վարդապետ Գիրէճեան, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան վրդ. Թաշճեան, Միսիսոկայի Ս.Վարդան Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Միւռոն Քահանայ Սարգիսեան եւ Ս.Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւի օգնական Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ բարեշնորհ Գրիգոր եւ Նուրհան սարկաւագները: Դամբանականներ խօսեցան հանգուցեալին թոռներէն Անի Գոգորեան եւ Կարէն Յակոբեան վեր առնելով ննջեցեալին որպէս առաքինի եւ նուիրեալ մայր եւ մեծ մայր բարեմասնութիւնները: Պատշած եւ մխիթարական խորիմաստ խօսք արտասանեց նաեւ Տէր Զարեհ Ա.Քահանան: Այս տխուր առթիւ ցաւակցական գիրեր ուղարկած էին Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Ս.Եպիսկոպոս Յովակիմեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան: Աւարտին սգաւորներու խումբը ուղղուեցան դէպի Նորթ Եորքի գերեզմանատան Հայկական բաժինը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգը եւ դագաղը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Գանատայի ցուրտ հողը թեթեւ գայ վրան: Հանգիստ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն:
Մատաթ Բ. Մամուրեան