Գանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Մելանի Ժոլի Գանատայի խորհրդարանին մէջ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան հարցով լսումներու ընթացքին չէ բացառած Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կարելիութիւնը:
Երեսփոխան Իվ Փեռոն արտաքին գործոց նախարարէն խնդրած է մեկնաբանել` արդեօք Գանատան Ատրպէյճանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել կը նախատեսէ՞, եւ արդեօք այդ հարցը քննարկուա՞ծ է եւրոպացի գործընկերներու հետ:
«Մենք հակուած ենք պատժամիջոցներու հարցը քննել շարք մը այլ երկիրներու հետ, որպէսզի այդ երկրին վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրուի: Այնպէս որ, ամէն բան սեղանի վրայ է», պատասխանած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը: