Մոնթրէալահայերու Հետ Նախարար Մէլանի Ժօլիի Zoom Հանդիպումը

Կիրակի 4 Հոկտեմբերին, Գանատայի կառավարութեան ազդեցիկ անդամներէն  նախարարուհի Մէլանի Ժօլի, Zoom հանդիպում մը կազմակերպած էր հրաւիրելով Մոնթրէալահայ տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ լսելու համար անոնց տրամադրութիւնները եւ ակնկալութիւնները Գանատայի կառավարութենէն այս օրերուն տեղի ունեցող Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած նախայարձակման կապակցութեամբ:

Կատարուեցան բազմաթիւ ոյժեղ արտայայտութիւններ պահանջելու համար թէ Գանատայի կառավարութիւնը եւ յատկապէս Վարչապետ Թրուտօ պարտին հանդէս գալ անվարան կեցուածքով դատապարտելու համար Թուրքիոյ բացայայտ օգնութեամբ Ատրպէյճանի նախայարձակումը: պահանջուեցաւ նոյնիսկ որ Գանատան առաջարկէ պատժամիջոցներու գործադրութիւնը: Յստակ կերպով մատնանշուեցաւ թէ Թուրքիոյ վերջն ական նպ ատակը վերսկսիլ է 1915-ի անկատար թողած ցեղասպանութեան իր ոճիրը:

Մէլանի Ժոլի խոստացաւ այս բոլորը ուղղակիօրէն փոխանցել Վարչապետ Թրուտոյին: Ան խոստացաւ նաեւ յառաջիկայ օրերուն վերադառնալ Մոնթրէալահայ ներկայացուցիչներուն եւ անոնց տեղեկացնել իր կատարած աշխատանքին արդիւնքները: