Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Ս. երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ « Բարեւ » Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու Կեդրոնի, 22 Յունիս 2019 Շաբաթ երեկոյ,
եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը։
Բացման խօսքով հանդէս եկան ու ներկաները ողջունեցին Ռոզա Սաֆարեան եւ
Արմինէ Պոյաճեան։
Ասմունքող Նունէ Աւետիսեան որ յատկապէս Լոս Անժելըսէն հրաւիրուած էր իր մասնակցութիւնը բերելու այս երեկոյթին։ Յարգելի ասմունքողուհին իր իւրայատուկ առոգանութեամբ եւ արտասանելու գերազանց կարողութեամբ ձեռնարկի տեւողութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ հանդէս եկաւ մեր բանաստեղծներու քերթուածները հրամցնելով, որոնք բացառիկ կերպով գնահատանքի արժանացան։
Երաժշտական բաժնին մէջ մեր տաղանդաւոր երկու երիտասարդ արուեստագէտներ, օփերայի երգչուհի սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար եւ դաշնակահար Արթուն Միսքճեան բէմ ելան։ Արթուն Միսքճեան վերջերս Պոլսոյ մէջ շատ յաջող մենահամերգ մը սարգած էր։ Լին Իշնար դաշնակի ընկերակցութեամբ Արթունի, բացառիկ գեղեցկութեամբ յաջորդաբար երգեց Կոմիտասի « Կռունկ », « Քելէ-քելէ » եւ « Տլէ եաման » կտորները։ Ապա Արթուն Միսքճեան իր սքանչելի նուագով վարպետօրէն մեկնաբանեց Կոմիտաս-Աւետիսեանի « Վաղարշապատի պար » կտորը, որուն դաշնակի համար մշակումը կատարուած էր իր կողմէ։ Լին Իշնար դարձեալ բէմ բարձրանալով ընկերակցութեամբ Արթուն Միսքճեանի մեներգեց Արմէն Տիգրանեանի Անուշ օփերայէն « Ասում են ուռին » եւ « Ամպի տակից » կտորները, որոնք ներկայ երաժշտասէրներու կողմէ բուռն ծափահարութիւններու արժանացան։
Վաստակաւոր խմբավար Նուրհան Արմանի Սինֆոնիա Թորոնթօ սենեկային նուագախումբէն քառեակ մը, յանձինն Մարքուս Շոլթէս ( առաջին ջութակ ), Էտըմ Տիտէրրիխ ( երկրորդ ջութակ ), Էնթոնի Րափոփորթ ( վիոլա ) եւ Անտրաս Վէպէր ( թաւջութակ ) իրենց մասնակցութիւնը բերին երեկոյթին։ Օտար երաժիշտներուն հայերէն երգերէ կազմուած այս յայտագիրը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներու մօտ, որոնք յաջորդաբար մեկնաբանեցին « Քելէ-Քելէ », « Խումար », « Շողեր Ջան », « Կաքաւիկ », « Հոյ Նազան », « Չինար Ես », « Ալ Այլուղս », « Վաղարշապատի պար » եւ որպէս վերջին կտոր « Հաբրբան »։ Քառեակի մասնակցող բոլոր արուեստագէտները արժանացան երաժշտասէրներու յոտնկայս երկարատեւ ջերմ ծափահարութիւններուն։ Ձեռնարկի աւարտին բոլոր արուեստագէտները ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։
Հուսք բանքը արտասանեց Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, աղօթքով փակեց այս յիշատակելի երեկոյթը։