Նոր նշանակում Գանատահայոց թեմի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի մէջ ծառայութեան կոչուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ քահանայ Մանուկեանը, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի հոգեւոր իշխանութեան ներքոյ:

Տ. Հրանդ քահանայ Մանուկեան պիտի ծառայէ որպէս հովիւ Օնթարիօ Համիլթնի շրջանի մէջ:

Բարի գալուստ կը մաղթենք Տէր հօր եւ յաջողութիւն իր ստանձնելիք առաքելութեան մէջ:

 

«ԱՊԱԳԱՅ»