«Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան Աստուածն է մայրս…»
Յովհաննէս Շիրազ
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի Մայիս 14.2023-ին սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյս հովիւի օգնական, Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, յաւարտ սուրբ պատարագի, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամուհիները եւ Տիկ. Սիլվա Քիւրքճեան «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ դէպի Ս. խորան մօտեցան, ուր ձեռամբ թեմիս փոխ-առաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան օրհնութիւնը: Ծխական խորհուրդի կողմէ նուէրներ յանձնուեցան եւ ծաղկեփունջով պատուեցան առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ նուիրումին եւ ի պայծառութիւնն եկեղեցւոյս, հոգեւոր հովիւի եւ Ծխական խորհուրդի որոշումով «Տարուայ Մայր»ը յայտարարուեցան Տիկ. Սիլվա Քիւրքճեան եւ Տիկ. Նայիրի Հապիպեան, առ ի գնահատանք իրենց մայրական գուրգուրանքի անսակարկ նուիրումին, եւ պատուեցան յուշատախտակով եւ ծաղկեփունջով:
Օրուայ քարոզին մէջ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը ինչպէս նաեւ օրուայ մեծարեալները, մայրերու օրուայ տօնին առթիւ: