ՍԱՄՈՒԷԼ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄՈՒՐԱՏ ՌԱՓԱՅԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 180 ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Մխիթարեան Սանուց Միութիւն-Թորոնթոն ( ՄՍՄ-Թ ), որ աշխարհացրիւ Մխիթարեան Միաբանութեան ժառանգորդ սաներէն կազմուած միութիւն մըն է, իր տեսակին մէջ եզակի համամխիթարեան սանուց միութիւն մը եղած է. Մայիս 2009ին իր հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակէ, ամէն տարի տարբեր Մխիթարեան վարժարանի մը համար կազմակերպելով որակաւոր ձեռնարկներ, որոնք կ՚ արժանանան հանրութեան ջերմ գնահատանքին։ Մխիթարեան Սանուց Միութեան բուն նպատակը եղած է իր նախկին սաներու միջոցով, Մխիթարի փոխանցած հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգը վառ պահել հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ։

Թորոնթոյի Մխիթարեան Սանուց Միութեան հիմնադրութեան 7 րդ. տարեդարձի առիթով այս տարուայ տարեկան հաւաքը, Պէյրութի, Հալէպի եւ Պոլսոյ Մխիթարեաններէն ետք, Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան եւ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարաններու 180 րդ. ամեայ յոբելեանը ( 1836 – 2016 ) յիշատակելու համար կազմակերպուած էր։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 17 Սեպտեմբեր երեկոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ միութեան պատուոյ անդամ եւ սոյն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի։ Այս առթիւ որպէս Պատուոյ հիւր եւ օրուայ պատգամաբեր յատկապէս Վենետիկէն հրաւիրուած էր, Ս. Ղազար վանքի նախկին Աբբահայր Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանը, ներկայ էր նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օգնական Հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան։

Սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր Մխիթարեանի սաներով եւ համակիրներով, բացի Թորոնթոյի սաներէն եկած էին նաեւ շրջակայ քաղաքներէն, մինչեւ հեռաւոր Վանգուըրէն բաժնելու համար  այս օրուայ տօնին առթած ուրախութիւնը։

Որպէս հանդիսավար բացման խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքիս երիտասարդ սերունդէն Մարիա Չամիչեան։ Ան ուրախութեամբ յայտնեց թէ հպարտ է որպէս ամենակրտսերագոյն Մխիթարեանի սան ըլլալով ներկայանալ։

Ապա բոլորիս ծանօթ երիտասարդ ու արժանաւոր երգչուհի եւ դաշնակահար Արմինիա Քիարա Սարգիսեան իր տպաւորիչ ձայնով « Մխիթար »ի քայլերգը գեղեցկօրէն մեկնաբանեց

Իր սրտի խօսքը փոխանցելու ու սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու համար բեմ բարձրացաւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան։ Հայր Եղիա, նախ Մխիթարեանի սաները ու համակիր ներկաները ողջունելէ ետք, բարի գալուստի առաջնահերթ խօսքով ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանը, որ 2007 թուականին որպէս Աբբահայր Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքէն օրհնաբեր իր առաջին այցելութիւնը կատարած էր քաղաքս։  Հայր Եղիան ողջոյնի խօսքերուն կցեց՝ բարեմաղթելով որ համայն Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերագտնէ իր անցեալի ոսկեդարեան վերածնունդի նոր Պենտեկոստէն, որուն բոցավառ տեսիլքով, վերանորոգ ուժականութեամբ շարունակէ իր նուիրումը, իր ծառայութիւնը եւ իր առաքելութիւնը։  Ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։

Ընթրիքի աւարտին Մխիթարեան սաներու անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մուրատ Ռափայէլեանի սան Ալֆրէտ Պողօսեան։ Պրն. Պօղոսեան նշեց թէ՝ իրենց յաջողութիւնները կը պարտին Մխիթարեան Միաբանութեան, որոնք ջամբեցին հաւատք, կրօնք, ուսում որով այսօր իրենք օգտակար կը դառնան Սփիւռքի մէջ մեր ազգին նաեւ մեր նոր սերունդին, որ կարենան նոյն գործունէութիւնները ունենալ իրենց կարգին անոնք ալ փոխանցեն գալիք սերունդներուն։

Այնուհետեւ Սամուէլ Մուրատեան եւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարաններու պատմականը  մանրամասնօրէն տուաւ Հրաչ Գասպար։ Պրն. Գասպար յայտնեց թէ ծաղկեալ շրջան մը եղաւ ԺԹ դարը հայ վարժարաններու համար, որոնք լոյս սփռեցին հայ ազգի մանուկներուն եւ անմահ պահեցին մեր հայ մշակոյթը։ 1746 ին երբ տակաւին ողջ էր Մխիթար Աբբահայր, Մխիթարեանները հիմը դրին առաջին վարժարանին Հունգարիոյ մէջ։ Այս վարժարանը յաճախած է Մուրատ Ռափայէլեանի ապագայ բարերար Սամուէլ Մուրատեանը։ Արդարեւ 1834 ին Մուրատեանը հիմնուեցաւ Իտալիոյ Փատովա քաղաքին մէջ եւ երկու տարի ետք 1836 ին Ռափայէլեանը Վենետիկի մէջ։ 1814 ին Մոսկուայի մէջ հիմնուեցաւ Լազարեան ճեմարանը, 1825 ին Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, 1838 ին Սկիւտարի ճեմարանը եւ 1870 ին Էջմիածնի Գէորգեանը։

Մուրատ Ռափայէլեան վարժարաններու երկու բարերարներ Եդուարդ Ռաֆայէլ Ղարամեան եւ Սամուէլ Մուրատեան ո՜չ միայն Հնդկահայ վաճառականներ էին, այլեւ գիտակից ազգասիրութեամբ օժտուած դէմքեր, որոնք դիմելով Մխիթարեան հայրերուն իրենց միջոցներով եւ իմաստութեամբ տուին անոնց շօշափելի իրականութիւն մը, հիմը դնելով կրթական նորովի առաքելութեան։ Մուրատեան վարժարանը քանի մը տարի գործելէ ետք 1845 ին փոխադրուեցաւ Փարիզ, իսկ Ռափայէլեանը 1850 ին Վենետիկի Փեզարօ պալատէն փոխադրուեցաւ Քա Ծէնոպիօ ընդարձակ պալատը։ 1870 ին Ֆրանս-Բրուսական պատերազմի ընթացքին Փարիզի աշակերտութիւնը Վենետիկ անցաւ եւ այդ օրէն ի վեր զուգուած վարժարանները կոչուեցան Մուրատ Ռափայէլեան։

Փոթորկալից տարիներէ ետք 1929 ին վերաբացուեցաւ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, որ մինչեւ այսօր մասամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը։ Իսկ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը իր դռները փակեց աշակերտութեան 1997 ին, սակայն մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել որպէս մշակութային ձեռնարկներու կեդրոն։ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը վերածնունդի տարիներէն մինչեւ այսօր մեծ դեր կատարած է մեր պատմութեան մէջ, հասցնելով ազգային բարձր արժէքներով օժտուած մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնցմէ կրնանք յիշել բանաստեղծութեան մէջ՝ Դանիէլ Վարուժան եւ Թովմաս Թերզեանը, հրապարակագրութեան մէջ՝ Արփիար Արփիարեանը, թատրոնի մէջ՝ Պետրոս Ադամեան եւ Վահրամ Փափազեանը, գեղարուեստի մէջ՝ Էդգար Շահին եւ Կարապետ Ադամեանը, երիտասարդ սերունդէն Արամայիս Սրապեանը, Հրաչ Քաչարենցը, Գուրգէն Ալեմշահը, Արիէլ Աճէմեանը եւ շատմը ուրիշներ։ Հրաչ Գասպար իր խօսքերը աւարտեց արտասանելով Դանիէլ Վարուժանէն « Ակութը » քերթուածը։

Օրուայ բանախօս Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան պատգամեց հետեւեալը « Ունինք Սարուխանի պատկեր մը, ուր Աբբահայրը ջահը ձեռին մէջտեղը կեցած է եւ վարդապետները կ՚անցնին ջահին մէջ իրենց ձէթը կը դնեն։ Ահաւասիկ պատկեր մը ուր կ՚ուզենք տեսնել եւս այսօր։ Այս հաւաքոյթներուն երիտասարդ սերունդը պէտք է մասնակից դառնայ, ներկայ ըլլայ։ Մխիթարեան սաները պարտական են իրենց զաւակներուն ջահերուն վրայ ձէթ դնել եթէ ոչ այդ ջահերը շուտով կը մարին։ Մխիթար Աբբահայրը միշտ ինք ռահվիրայ մը եղած է դպրոցներ բացած, գիրքեր հրատարակած, հովուական գործունէութիւն ունեցած է, բայց ամենէն կարեւոր ռահվիրայ ըլլալու յատկանիշներէն առաջին մէկը մեծ գաղթականը եղած է։ Ան Պոլիսը ձգեց եկաւ երկիր մը որ քրիստոնեայ ըլլայ։ Այս որոշումը ուզեց նաեւ նիւթականացնել վանքով մը, աւելի վերջ դպրոցներով եւ գիրքերով։ Գաղթական մը եղաւ ոչ միայն հաց բնտռելու այլ գնաց իր ինքնութիւնը, իր պատմութիւնը, մշակոյթը վերստեղծելու հայրենիքէ դուրս, բայց հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն համար։ Այսօր թէեւ Մուրատ Ռափայէլեան մը չի գործեր Վենետիկի մէջ, բայց հայաստանի մէջ ունինք իւրայատուկ Մուրատ Ռափայէլեան մը, որ մեր միաբանութեան հոգեւոր ճեմարանն է, գիշերօթիկ է ուր կը սորվին նաեւ ոչ քահանայական դրութեամբ ուսանողներ։  Կը մաղթենք որ օր մը դարձեալ կը վերադառնանք Մուրատ Ռափայէլեան։ Մենք հայերս միշտ յոյսը ունինք, բայց յոյսը առանց գործելու շուտով կը մեռնի։»

Օրուայ բանախօսը իր պատգամի աւարտին ձեռամբ՝ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի որպէս ՄՍՄ-Թ պատուոյ անդամ, առ ի գնահատանք բոլոր անդամներու անունով պարգեւատրուեցաւ միութեան զինանշանով։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ յաջորդաբար ներկայացան քոյր եւ եղբայր Աննա-Մարիա     ( ջութակ ) եւ Միքայէլ-Վահէ Մուպայէտ ( թաւջութակ ) մեկնաբանեցին Կոմիտասի « Օրօր » ը, ինչպէս նաեւ իրենց հայրը Յովհաննէս Մուպայէտ ( ջութակ ) մեկնաբանեց նաեւ Կոմիտասի       « Ծիրանի ծառ »ը։

Մուրատ Ռափայէլեանի անուանի սաներուն մասին արտայայտուեցաւ Պօղոս Մարտիրոսեան, տալով անոնցմէ մասնաւորաբար յայտնի սաներուն հակիրճ կենսագրութիւնը։

ՄՌ. Ի սաներու անունով երէց սաներէն Ժոզէֆ Գույումճեան իր դպրոցական յուշերէն զանազան դրուագներ պատմեց, ապա Հայր Գիլաղպեանի ձեռամբ ստացաւ յուշամետայլ մը։

ՄՍՄ-Թ 7 րդ. տարեդարձին առիթով ՄՌ. ի քայլերգը երգուեցաւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Արմինիա Քիարա Սարգիսեանի։ Ապա Մխիթարեանի խանդավառ սաները մէկտեղուելով նկարուեցան ու տարեդարձի կարկանդակի հատումը կատարուեցաւ։

ՄՍՄ-Թ անունով արտայայտուեցաւ Յարութ Մարտիրոսեան, որ միաբանութեան գաղափարին վրայ ծանրացաւ։ Շեշտեց՝ Մխիթար Աբբահօր որոշումը վարժարան մը հիմնելու։ Ըսաւ որ՝ Մխիթարի մահէն 90 տարի վերջ ազգը ունեցաւ նոր դէպք մը. երկու վաճառականներ երբ իրենց զաւակները Եւրոպայի մէջ ուզեցին դաստիարակել, վստահեցան Մխիթարեաններուն, այսպէսով Մխիթարի սկսնակ գաղափարը մէկ քայլ առաջ երթալով արդիւնաւէտ եղաւ։ Մխիթարեաններէ շրջանաւարտներ հիմնեցին վարժարաններ, դարձան տնօրէններ, ուսուցիչներ, հեղինակներ, խմբագիրներ որոնք եղան հայ ազգի վերածնունդի ամենամեծ առաքեալները։ Ես կը հաւատամ որ ներկայիս դադար առած ՄՌ. վարժարանը մօտ ապագային Մուրատի նման լուսամիտ հայու մը նախաձեռնութեամբ պիտի բանայ իր դռները հայ պատանիներու առջեւ։

Վենետիկի գեղեցկութիւնները ներկայացնող Դանիէլ Վարուժանի « Վենետիկ » կտորը արտասանեց Մովսէս Հայիթեան։

Մկրտիչ Մկրտիչեան հանդէս գալով յայտնեց թէ այս գիշերուայ գոյացած հասոյթէն տարեթոշակ պիտի յատկացուի Մխիթարեան Միաբանութեան Հայաստանի Աւանի ժառանքաւորաց վարժարանի աշակերտ Մեսրոպ Աղասեանին։

Փակման խօսքը կատարեց ՄՍՄ-Թ ատենապետ Ժիրայր Ազնաւուրեան, շնորհակալութեան խօսքերէն ետք յայտնեց, թէ գալ տարուայ համար ջահը պիտի փոխանցուի Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին։

Մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամեր տեւող երեկոյթը Գ. Ալէմշահի միաբերան երգուած « Իմ հեռաւոր հայրենիք » կտորով վերջ գտաւ, այս կտորին դաշնակով իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալեքսանտրա Պալեան։

* * *

Կիրակի առաւօտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  մէջ պատարագեց ու իր պատգամը փոխանցեց  Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան։ Յընթացս Ս. պատարագի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ  Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան Շաբաթ օրուայ Պոլսոյ  « ՄԱՐՄԱՐԱ » օրաթերթի Շաբաթի թիւէն տեղեկանալով, ներկայ հաւատացեալներուն հաղորդեց թէ վախճանած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախորդ Վիճակաւոր Գերապայծառ Չոլաքեան Սրբազանը։ Որու մասին տուաւ նաեւ կենսագրական տեղեկութիւններ։  Յաւարտ Ս. պատարագի մասնաւոր Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ Չոլաքեան Գերապայծարի հոգւոյն ի հանգիստ։