Անխախտելի Ճշմարտութիւն է, որ Հայութիւնը կը մարմնաւորուի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միաւորումով։ Բոլորս ալ հաստատ այն համոզումը ունինք, որ Հայրենիքը ուժեղ է Սփիւռքով, իսկ Սփիւռքը կայուն է եւ մնայուն՝ ազատ ու անկախ Հայրենիքով։ Իսկ թէ ի՞նչն է «ուժեղ Սփիւռք» ունենլաու գրաւականը, եթէ ոչ, Հայ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԴՊՐՈՑ եւ ԱԿՈՒՄԲ հիմնելն ու զանոնք կանգուն պահելը, որոնք համաշխարհայնացումի վտանգաւոր համաձուլման դէմ որպէս լուսաւոր փարոսներ՝ կը գործեն ի խնդիր հայապահպանութեան։
Այսու, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին՝, մէկը վերոյիշեալ փարոսներէն, 1 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, մեծ ուրախութեամբ նշեց Ծուխի հիմնադրութեան 90-րդ ամեակը պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ, եկեցեւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահէն ներս։
Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի։
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկան օրուայ հանդիսավարները՝ Օրդ. Նարէ Շահմուրադյան (անգլերէն) եւ Տիար Տիրան Փարնաքօղլու (հայերէն)։ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Պատուոյ սեղանին՝ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան, ազնուափայլ երէցկին՝ Նայիրա Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, Ծխական խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Ռոզին եւ Տիար Աբիկ Իմաստունեան, եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Սելլա եւ Տիար Լեւոն Գալթաքճեան, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան։ Ի պատուի էին նաեւ՝ Հայ Կաթողիկէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան, Տ. Հարոլտ Քհնյ. Նահապետեան (անկլիգան հոգեւորական), Միջ Յարանուանական Մարմնի ատենապետ՝ տիար Յակոբ ճանպազեան։ Պաշտօնական այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ՝ գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր, բարերարներ եւ թորոնթոհայ համայնքի զաւակներ։
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինով հանդէս եկան Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի 6-8-րդ դասարաններու շուրջ 40 աշակերտները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին երեք երգեր, խմբավարութեամբ՝ Տիկին Նատա Նաւասարդյանի։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկին Ռոզին Իմաստունեան, նշելով որ խումբ մը հայու բեկորներու հաւատքի տուն մը հիմնելու լուսաշող տեսիլքի հետեւանքն էր Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը, որմէ ետք ներկաները հետեւեցան տեսերիզի ցուցադրութեան (պատրաստուած Դաւիթ Տէր Յարութիւնեանի կողմէ)։
«Պապայեան» հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Քնար Պասմաճեան ներկայացուց իր սրտի խօսքը եւ փոխանցեց հիմնադրամի նիւթական նուէրները գանատահայոց Առաջնորդութեան եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ։
Գեղարուեստական յայտագրով յաջորդաբար բեմ բարձրացան Տիար Արթուն Միսքճեան, որ դաշնամուրի կատարողութեամբ ներկայացուց երաժշտական կտորներ Կոմիտասէն եւ Շարլ Ազնաւուրէն։
Յաջորդ հանգրուանին, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան ընթերցեց իր սրտի խօսքը 90 ամեակի ուրախ այս առիթի կապակցութեամբ, փոխանցելով շնորհաւորական իր մաղթանքը, որմէ ետք ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին երաժշտական կատարումներ հայր ու որդի՝ Նվեր եւ Սեյրան Ղազարյաններու ներկայացմամբ (դուդուկ եւ երգ)։
Սրահը աշխուժացաւ, երբ «Սասուն» պարախումբի երիտասարդ – երիտասարդուհիներ խանդավառ պարերով մտան սրահ ու հրաւիրեալներուն մէջէն անցնելով հասան բեմ։ Պարախումբը, տուտուկի եւ թմբուկի նուագակցութեամբ ներկայացուց ժողովրդական ճոխ պարերու շարք մը, ղեկավարութեամբ՝ խումբի պարուսոյցներ՝ Սեւակ եւ Սարին Աւագեաններու։ Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով մասնակցեցան անոնց ելոյթին։
Հայրենի լուսանկարիչ՝ Տիար Զավեն Խաչիկյան, խօսք առնելով շնորհաւորեց ներկաները եկեղեցւոյ 90-ամեակի առիթով։ Ան լուռ աճուրդի դրուած իր մէկ լուսանկարի պատմականը ներկայացնելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմնին, որ այս ուրախ առիթով Թորոնթոյի մէջ լուսանկարչական անհատական իր առաջին ցուցահանդէսը ներկայացնելու առիթը ստեղծեց։
Եկեղեցւոյս հոգատար Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 90 ամեայ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն։ Մատնանշելով հիմնադիրներու կողմէ մեզի ժառանգուած այս կառոյցի կարեւորութիւնը, ան աւելցուց որ այսօր, աւելի քան հրամայական է պահել Հայ եկեղեցին, որուն հայաբոյր հովանիին տակ սերունդներ հասակ առած են եւ ՀԱՅ ընտանիքներ կազմուած։
Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ Հովիւներուն, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, 90 ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարուհիներուն, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյս հոգատարին եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արժ. Տէր Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ 7 անդամներու պարգեւատրումները՝ իրենց տարած գործունէութեան համար։ Յաջորդաբար, յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Օրդ. Իվէթ Փանոսեանին (Տարուայ Կինը), Տիար Արա Տէր Յարութիւնեանին (Տարուայ Մարդը), Օրդ. Նարէ Շահմուրադյանին (Տարուայ Երիտասարդուհին), Տիար Արեն Զարգարեանին (Տարուայ Երիտասարդը), Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Սելլա Գալթաքճեաններուն եւ իրենց զաւակներուն` Սագօ եւ Էլիզ (Տարուայ Ընտանիքը)։
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն «Սբ. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Տիար Ճաք Ստեփանեան երկարամեայ իր գործունէութեան համար։ Առաջնորդարանի առաջին կարգի «Ս. Խաչ» շքանշանին արժանացաւ Տիկին Աբէթ Ալբայ երկար տարիներու արդիւնաւէտ իր գործունէութեան համար։
Տեղի ունեցաւ 90 ամեակի կարկանդակի հատումը Սրբազան Հօր, Տէր Հօր, Ծխական Խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով, որ շնորահաւորեց պարգեւատրեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու Հայ եկեղեցւոյ. Սրբազան Հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ Ծխական Խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ, յիշելով որ յաջորդ օր՝ Կիրակի 2 Դեկտեմբերին, Ս. Պատարագի աւարտին պիտի ընթերցուի Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ուղարկուած Օրհնագիրը, շնորհաւորելով Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը՝ իր Քահանայութեան 26 տարիներու եւ հովւութեան 22 տարիներուն առթիւ։