Թրքահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, հետազոտող, լրագրող, բառարանագէտ, հասարակական – քաղաքական գործիչ Սեւան Նշանեան՝ մայրը, քոյրը եւ հարազատները տեսնելու նպատակով իր կողակցին Իրա Ցուրուի հետ միասնաբար Թորոնթօ ժամանած է։ Այս բացառիկ առիթէն օգտուելով Թորոնթոյի Պոլսահայ Մշակութային Միութիւնը իրեն հետ հանդիպում մը ունենալու նպատակով երեկոյ մը կազմակերպեց, որ սարքուեցաւ 23 Յունուար 2020 Հինգշաբթի երեկոյեան Ս. Երրորդութիւն հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ։ Կանուխ ժամերէն սկսեալ հայեր մեկտեղուած էին մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու Սեւան Նշանեանը մասնաւորաբար Պոլսահայեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը։ Ներկայ էր նաեւ Գանատահայոց թեմի փոխ – Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։
Սեւան Նշանեան ինչպէս ծանօթ է բոլորին 2010-ին հրատարակած է «Ստուգաբանական բառարան», որ կը բովանդակէ Թուրքիոյ աւելի քան 16,000 տեղանունները, որոնք փոխուած էին թրքացման քաղաքականութեան պատճառով։ Ան հեղինակ է աւելի քան 20 գիրքերու։ 2004 թուականին արժանացած է Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու կազմակերպութեան «Այշէ Հիւր Զարաքօղլու ազատութեան» մրցանակին, ինչպէս նաեւ 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոեան» մետայլին։
Նշանեան գրած է «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը, որ կը ներկայացնէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման առասպելները։
Թրքական իշխանութիւնները 2012 թուականէն սկսեալ հետապնդումներ կատարել սկսան Սեւան Նշանեանի դէմ։ Նշանեան որ կը բնակէր Իզմիրի Շիրինճէ գիւղի իր սեփական այգիին մէջ, ուր ապօրինի շինանարութիւն կատարած ըլլալու հանցանքով 2014 թուականին դատապարտուած էր 17 տարուայ ազատազրկման։
Սեւան Նշանեան 3.5 տարի բանտարկուած մնալէ ետք, 14 Յուլիս 2017-ին Ֆոչայի բաց ռեժիմի բանտէն թոյլտուութեամբ դուրս եկած եւ այլեւս չէ վերադարձած, ապաստանելով Յունաստանի «Սամոս» կղզին որպէս քաղաքական ապաստանեալ։ Իսկ երկու օր վերջն ալ Յունաստանէն 6 ամեայ կեցութեան արտօնագիր ստացած էր։
Նշանեան վերջերս դիմատետրի իր էջին վրայ սովորութիւն ըրած է ամէն Կիրակի կենդանի ըլլալով ուղղակի սփռումով Համակիրներուն հետ զրուցել եւ անոնց հարցումներուն պատասխանել։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ, հրապարակագիր, Րաֆֆի Պետրոսեան, ներկաները ողջունելէ ետք մանրամասն կերպով ներկայացուց օրուայ հիւր բանախօսը, հրաւիրեց զինքը որպէսզի իր շահեկան զեկուցումը փոխանցէ։
Նշանեանի այդ երեկոյի նիւթերն էին ոչ թէ քաղաքական թեմաները այլ իր հրատարակած գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել էր։
Նշանեան ներկաները ողջունելէ ետք, նախ արտայայտուեցաւ իր վերջին գրած գիրքերուն մասին։ Ան պատրաստած է «Նշանեան սէօզլիւք» արմատական բառարանը, ուր կը տրուի բառերու արմատները, կը բացատրուի բառին ծագումի պատմութիւնը,առաջին անգամ ի՞նչպէս մէջտեղ ելած եւ գործածուած ըլլալը եւ նաեւ թէ Ի՞նչ է առաջին իմաստը։ Նշանեան 2 տարուան մէջ 9 գիրքեր գրած է, որոնցմէ չորսը նորեր են։
Նշանեանի բանախօսութեան գլխաւոր նիւթը «Թուրքիոյ տեղանուններու բառարան» գրքին մասին էր։ Այս գիրքը տասնըմէկ տարիներու երկար աշխատանքի արգասիքն էր, որ կը բաղկանայ 1800 էջերէ, որը կ’ընդգրկէ 56.000 տեղերու անունները։ Հեղինակը այս գրքի պատրաստութեան համար ուսումնասիրած եւ գործածած է 1911 էն սկսեալ թուրքիոյ կառավարութեան պատրաստած զինուորական քարտէսները։ 1800 ին պատրաստուած գիւղերու տարեգիրքերը, նաեւ 1500 ներէն Օսմանեան շրջանի գիւղերու տուրքի ցանկերը, հին յունական, սուրիանի եւ հայկական պատմագիրքերէն տեղանունները պրպտած եւ այս բոլորը իրարու քով բերելով աշխատանք տարած է։
Սեւան Նշանեան իր շատ շահեկան այս բանախօսութիւնը շարունակեց մի առ մի ցուցադրելով 15 յաջորդական քարտէսներ, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ սեւ կէտերու խումբերը ցոյց կ’ուտային թէ տարիներու ընթացքին հայեր, յոյներ, քիւրտեր, ասորիներ, արաբներ, կիւրճիւ – վրացիներ, ազէրի – քարաբաբաքներ, ալեւի -արաբ ալեւիներ, չէրքէզ , ապղազ , տաղստանցի, չէչէն, նոկայններ եւ թուրքեր։ Որ մասերու մէջ ապրած են, իրենց այդ գիւղերուն, աւաններուն, քաղաքներուն անուններ դրած են, որոնք ժամանակի ընթացքին ունեցած են անունի փոփոխութիւններ։ Կան բնակավայրեր որոնց անունները բնակող ժողովուրդներուն հետ կապ չեն ունեցած։ Նշանեան այս բոլոր բացատրութիւնները կու տար նշելով նաեւ ներկայ քաղաքներու անունները եւ անցեալին այդ վայրերու մէջ ապրուած թուականները։
Սեւան Նշանեան խօսքերու աւարտին հանգամանօրէն նեկաներու հարցումներուն պատասխանեց, հարցումի մը վրայ յայտնեց թէ ինք 12 լեզուներու կը տիրապետէ։
Նշանեանի ապագայ ծրագիրն է « Թուրքիոյ անուններու բառարան » գրքին պատրաստութիւնը, որ թրքերէն,հայերէն, յունարէն,արաբերէն եւայլն անուններու 100 միլիոնի չափ ցանկ մը ի ձեռին ունենալով արդէն իսկ սկսած է աշխատութեան։
Այս շատ շահեկան երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հուսք բանքով։