Սուրիացի երիտասարդին խօսքերը յուզած են Գանատայի վարչապետը

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ չէ կրցած զսպել իր արցունքները, երբ 5 Դեկտեմբեր­ին կլոր սեղանի շուրջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին սուրիահայ Վանիկ Կարապետեան վերյիշած է այն պահը, երբ 2015 թուականի Դեկտեմբերին  օդակայանին մէջ վարչապետը առաջինը սեղմած է իր ձեռքը եւ ողջունած զինք Գանատայի մէջ: Այս մասին հաղորդած է գանատական «cbc.ca» կայքը, աւելցնելով, որ Թորոնթոյի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին Թրիւտօ, Վանիկ Կարապետեան եւ ուրիշներ ամփոփած են սուրիացի փախստականներու ընդունման ծրագիրի առաջին տարին։

«Երբ մեր օդանաւը վայրէջք կատարեց օդակայան, առաջին մարդը, որ սեղմեց մեր ձեռքը վարչապետն էր»,-­ նշած է Կարապետեան, որմէ ետք Թրիւտօ վերցուցած է սեղանին դրուած թաշկինակն ու սրբած աչքերը:

Կարապետեան ընդգծած է, որ Թորոնթօ վայրէջք կատարելը ոչ միայն կը նշանակէր, որ ինք, կինն ու աղջիկները ապահով էին, այլեւ այն, որ անոնք ստանձնած են «պատասխանատուութիւն միանալու գանատական ընտանիքին եւ փորձելու կառուցել այս Գանատան, այս երկիրը, այս մեծ ժողովուրդը»:

«Երբ ես այդ պահուն հանդիպեցայ պարոն վարչապետին, ան երկու բառ ըսաւ. «Բարի գալուստ տուն»: Պատկերացուցէք դուք կ՛ապրիք պատերազմական գօտիի մը մէջ, այնուհետեւ կը լքէք ձեր տունը եւ ձեզի կը դիմաւորեն երկու խօսքով` բարի գալուստ տուն: Այդ պահուն յիշողութիւններս զիս  տարին ետ` նախապատերազմական Սուրիա, մեր կեանքը, մեր երջանկութիւնը այնտեղ, ապա նաեւ այն սարսափելի պահերը, որոնց մէջէն անցանք պատերազմի ժամանակ: Եւ ես զգացի, որ հպարտ եմ այստեղ ըլլալուս համար»,-­ նշած է սուրիահայը:

Իր հերթին Թրիւտօ խօսած է շուրջ 25 հազար սուրիացի փախստականներու` Գանատա ընդունելու ծրագիրի կարեւորութեան մասին: «Տեսնելով, թէ ինչպէս դուք եւ ձեր աղջիկները կ՛անցնիք օդակայանէն` ես հասկցայ, որ կան շարք մը գործողութիւններ, զորս կրնայ կատարել մեր երկիրը, եւ որ ես պէտք է օգնեմ երկրիս, որպէսզի ան այդ ամէնը ընէ»,-­ նշած է վարչապետը: