Վերափոխման Ս. Աստուածածնի տօնը. Տիրամօր այս աշխարհէն մեկնիլն ու իր մարմինով երկինք վերափոխուելու յիշատակն է: Այս տօնը Աստուածածնի նուիրուած միւս տօներէն գլխաւորն ու հնագոյնն է եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք ու մեռելոց, Ս. Աստուածածնի տօնին Ս. Պատարագի աւարտին կը կատարուի խաղողօրհնէք:
Քրիստոս իրեն կը համեմատէր խաղողի որթատունկի հետ, խաղողէն կը պատրաստուի նաեւ Ս. հաղորդութեան գինին, որպէս Քրիստոսի փրկարար արեան խորհրդանիշ:
Կիրակի Օգոստոս 18, 2024-ին Ս. Աստուածածնայ տօնի առթիւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց, թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, դասին մէջ ներկայ էր եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպիրները: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ՝ բարշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:
Պատարագիչ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն, նոյն օրը «Արարատ» ճամբարի մասնակցողները իրենց պատասխանատուներով, թիւով 300-ի մօտ եկած էին ստանալու հաղորդութիւն Տէր Հայրը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ բարի երթ մաղթեց իրենց, երեք օթոպիւսներով խումբը հրաժեշտ տալով մեկնեցան դէպի «Camp Tamarack», յիշենք այս տարի «Արարատ» ճամբարի հիմնադրութեան 20-րդ ամեակն է (2004-2024):
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն ձեռամբ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, ի ներկայութիւն հոծ հաւատացեալներու: Արարողութեան աւարտին Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան օրհնեց Աստուածամօր տօնին առթիւ հաւատացեալները որոնք կը կրէին «Մարիամ, Մարի…» անունները: Կազմակերպութեամբ Ծխական Խորհուրդի եւ եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան անդամուհիներուն, տեղի ունեցաւ խորովածի սպասարկութիւն:
Վարձքը կատար բոլորին: