Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը 1953-ին կառուցուած է Թորոնթոյի առաջին հայկական եկեղեցին Woodlawn եւ Yong խաչմերուկի մօտ: Նորակառոյց եկեղեցին անուանակոչուած է Ս. Երրորդութիւն, առ ի երախտագիտութիւն Անկլիքան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, որ հիւրընկալած էր (1928-1953) թորոնթոհայ համայնքը:
Նոյեմբեր 1987-ին ծուխը կառուցեց, Թորոնթոյի Սքարպորօ արուարձանի մէջ գտնուող ներկայի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, որը օծուած էր ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
Յունուար 8 2024-ին թեմիս փոխ առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ Ծխական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, 37 տարիներու բազմաբնոյթ գործունէութիւն ծաւալած եկեղեցին սկսաւ վերանորոգութեան աշխատանքը որ մաս կը կազմեն կառոյցի ներքին պատերու եւ սիւներու ներկի, Ս. Խորանի սալապատումի, ձայնային եւ տեսանկարահանման համակարգի, գորգերու նորոգութիւնները:
Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին Մարտ 30 2024-ին կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին ձեռամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, առընթերակայ ունենալով, փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, հոգեւոր հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ սարկաւագաց դասին, արարողութեան ներկայ էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրիջեան եւ ներկայ հաւատացեալներու, տեղի ունեցաւ դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք դպրաց դասի երգեցողութեան ներքոյ, հոգեւոր դասը եւ ներկայ հաւատացեալները, մուտք գործեցին վերանորոգուած եկեղեցիէն ներս:
Առաջնորդ՝ Սրբազան Հայրը վերստին օծեց Մայր Խորանը, յարակից խորանները, մկրտութեան աւազանը, հիմնասիւները, նորակերտ մարմարեայ մոմավառութեան սեղանը եւ սրբանկարը:
Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան իր խօսքերուն մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը կատարելուն համար, յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց նորոգութեան աշխատանքները ստանձնած ժրաջան վարպետներուն, որոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքով, եւ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց անսակարկ հաւատքով եւ նուիրական ոգիով, իր աւարտին հասցուցին շինարարական աշխատանքները առ այդ ձեռամբ Սրբազան Հօր, ստացան գնահատագրեր, եկեղեցւոյ հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի կողմէ:
Վերաօծման արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ Վարժարանի սաները կատարեցին, Ս. Զատկուայ Ճրագալոյցի, Ս. Գրային ընթերցումները Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ իր օրուայ պատգամը փոխանցեց Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան:
Նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկուայ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Թեմիս փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն: