Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 102-րդ տարեկան անդամական եւ գանատահայ համայնքներու Ծառայութեան «Բարեւ» Կեդրոնի տարեկան 6-րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 28 Ապրիլ 2024-ին յետմիջօրէի ժամը 2.00-ին, վերանորոգուած եկեղեցւոյ կամարներու տակ: Նախագահութեամբ գանատահայոց թեմի բարեխնամ  Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. եպս. Յովակիմեանի, ժողովին ներկայ էին նաեւ թեմիս փոխ-առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ թեմական խորհուրդի փոխ ատենապետ Պրն. Պետրոս Չինչինեան:

Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք հրաւիրեց, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր աղօթքով ժողովը բացուած յայտարարեց:

Դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց  Պրն. Օհան Օհաննէսեան, հայերէն ատենագրութիւնը տիկ. Պէթթի Փանոսեան, իսկ անգլերէնը՝ տիկ. Լինա Մարինոսեան, դիւանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Օհան Օհաննէսեան, իրենց վստահուած պաշտօններուն համար: Յետ ընթերցումի, ներկայ ժողովականները վաւերացուցին նախորդ Անդամական (2023) ընդհանուր ժողովի ատենագրութիւնը:

Հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան ընթերցեց իր միամեայ (2023) գործունէութեան տեղեկագիրը,  խօսքի վերջաւորութեան երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, իր հայրական հոգատար վերաբերմունքին համար, շնորհակալութիւններ յայտնեց, հովիւի օգնական Տ. Հայարի Քահանային իր նուիրեալ ծառայութիւններուն համար, եկեղեցւոյ գրասենեակի պաշտօնէութեան եւ եկեղեցւոյ կամաւորներու, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն: Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, «Բարեւ» կեդրոնի անդամներուն եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի անձնակազմին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երէցկնոջ Նայիրային եւ զաւակներուն անոնց ցուցաբերած համբերութեան համար:

Դիւանի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան իր կարգին գնահատեց Տէր Հօր տարած գործունէութիւնը:

Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան եւ տիկ. Արմինէ Պօյաճեան յաջորդաբար ներկայացուցին Ծխական խորհուրդի եւ «Բարեւ» Կեդրոնի բարոյական տեղեկագիրները զոր ընդունուեցաւ գնահատանքով: Եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի նիւթական հաշուետուութիւնը, ներկայացուց տիկ. Արմինէ Պօյաճեան, յետ քննութեան, ժողովականները վաւերացուցին գնահատանքով, հաշուապահ տիկ. Արմինէ Պօյաճեան, ներկայացուց,  եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի նիւթական հաշուետուութիւնը, յետ քննութեան ժողովականները գնահատանքով վաւերացուցին գործունէութեանց նիւթական տեղեկագիրերը, ինչպէս նաեւ 2024 տարեշրջանի նախահաշիւը եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի:

Տիկ. Ա. Պօյաճեան տեղեկացուց թէ անձնական պատճառներով որոշ շրջանի համար, պիտի դադրի իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ ծիրէն ներս: Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Արմինէ Պօյաճեանի տարած երկարամեայ գործունէութեան համար եկեղեցւոյ , Շաբաթօրեայ վարժարանի եւ «Բարեւ» կեդրոնէն ներս:

Ընտրողական Յանձնախումբի տեղեկագիրը ներկայացուց տիկ. Անի Սարվարեան:

Հետեւեալ անունները իրենց սիրայօժար պատասխանատուութիւնները կ’ստանձնեն յառաջիկայ շրջանին:

Ծխական Խորհուրդ

Պրն. Զօհրապ Գազանճեան եւ Պրն. Յակոբ Տօքմէճեան:

Թեմական պատգամաւորներ

Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, Տիկ. Ռօզին Իմաստունեան, Պրն. Պետրոս Չինչինեան, Բրշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեան եւ Պրն. Հրանդ Քէթէնճեան:

Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ

Տիկ. Սիրվարդ Պէնէտիքթ Տիկ. Տիանա Պօղոսեան եւ Արպէ Սաթուրի

Ընտրողական Յանձնախումբ

Տիկ. Ֆրանս Գանտահարեան, Տիկ. Սելլա Գալթաքեան, Տիկ. Սուզաննա Յարութիւնեան, Տիկ. Այտա Աֆարեան եւ Ռօզին Իմաստունեան:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց եկեղեցւոյս Հովիւին, Հովիւի օգնականին իրենց տարած աշխատանքները, օրուայ դիւանի անդամները, Ծխական խորհուրդի անդամները եւ նորընտիր անդամները, շնորհակալութիւն Ծխական խորհուրդի շրջանաւարտ անդամներուն, Պրն. Վարդան Գասպարեանին եւ Վազգէն Քէշիշեանին եւ թեմական պատգամաւորներ, Տիկ. Աբէթ Ալբային եւ Պրն. Արամ Իշնարին:

Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ փակուեցաւ եկեղեցւոյս ընդհանուր անդամական ժողովը: