Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ նշուեցաւ ծուխի կազմաւորման 89-րդ եւ ներկայ եկեղեցւոյ (Scaborough) օծման 30-րդ տարեդարձները, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան։
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն եւ սեղաններու օրհնութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկան օրուայ հանդիսավարները՝ օրդ. Ալեքսիա Չիթաք (անգլերէն) եւ բրշ. Տարիյուս սրկ. Կիւմիւշճեան (հայերէն)։
Պատուոյ սեղանին՝ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած էին գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան, ազնուափայլ երէցկին՝ Նայիրա Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ եւ Տիար Արա Ալբայ, Ծխական խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան եւ Տիկին Անիթա Օհաննէսեան, եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան Փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Ժագլին եւ ՏԻար Մասիս Իսաղոլեան։ Ի պատուի էին նաեւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ քհնյ. Կիւլեան, Տ. Հարոլտ Քհնյ. Նահապետեան (անկլիգան հոգեւորական), գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր եւ բարերարներ։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին պրն. Յովհաննէս Մուպայէտ (ջութակ), պրն. Մհեր Մինասեան (երգեցողութեամբ), եւ եկեղեցւոյս «Բարեւ» կեդրոնի «Սասուն» պարախումբէն պարման-պարմանուհիներ, ղեկավարութեամբ՝ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի, որոնք հայկական խանդավառ պարերով ելոյթ ունեցան արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։
Կենաց բաժակներ բարձրացան Ս. Էջմիածնի բարօրութեան եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ուղղուած արեւշատութեան մաղթանքներով։
Ապա, «Բարի Տարեդարձ» երգեցողութեամբ ներս բերուեցաւ կարկանդակը։
Յաջորդաբար, եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան եւ ապա Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ շնորհաւորեցին եկեղեցւոյ 89-րդ տարեդարձը, շնորհակալութիւն յայտնելով նախ՝ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւին, ինչպէս նաեւ՝ Ծխական Խորհուրդին, յարակից Մարմիններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, անդրադառնալով եկեղեցիէն ներս տարուած բազմազան եւ բեղուն աշխատանքներուն։
Այս առթիւ, Եկեղեցւոյս ժրաջան Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը յատկապէս վերյիշելով այն անձերը, որոնք 89 տարիներ առաջ զոհաբերութիւններու շնորհիւ, կերտած ու մեզի ժառանգած են հաւատքի այս տունը։ Ան աւելցուց, թէ անոնք թէեւ այսօր անդարձ բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով միշտ ներկայ են։ Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Պապայեան Հիմնարկ»ին, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց նուիրատուութեամբ սատար կը կանգնին եկեղեցւոյ բարօրութեան. ապա առողջութիւն մաղթեց հիմնարկի Ատենապետ՝ Տիար Հայկ Սելեանին եւ տիկնոջը՝ Ալիսին։ Յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ՝ Տիկ. Շաքէ Պասմաճեանին եւ Դոկտ. Իզա Պասմաճեանին եկեղեցւոյս հիմնադրամին սրտաբուխ իրենց նուիարատուութեան առթիւ։
Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, հովանաւորներուն ինչպէս նաեւ՝ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանին, տարեդարձի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարուհիներուն, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն եւ եկեղեցւոյս հոգատարին։
Ծխական Խորհուրդի կողմէ ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ Երէցկին Նայիրային, առ ի գնահատանք Տէր Հօր եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած տարիներու իր հոգատարութեան եւ աջակցութեան համար։ Ծաղկեփունջով գնահատուեցաւ նաեւ՝ Տիկ. Անիթա Օհաննէսեան։
Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի որոշումով, իրենց մատուցած ծառայութեան առ ի գնահատանք, պարգեւատրուեցան Տիկ. Ժագլին Իսաղոլեան՝ «Տարուայ Կին»ը, Պրն. Լեւոն Գալեմքերեան՝ «Տարուայ Մարդը» յատուկ յուշատախտակներով։ Երիտասարդ սերունդէն պարգեւատրուեցան Օրդ. Արին Մարտիրոսեան եւ Պրն. Սեդրակ Աթաշեան՝ իբրեւ «Տարուայ երիտասարդուհի եւ Երիտասարդ»։ «Տարուայ Օրինակելի Ընտանիք» գնահատագիր յուշատախտակին արժանացան Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Հռիփսիմէ Թահմազեան եւ իրենց զաւակները՝ Նարէ, Ռաֆֆի եւ Արթուր։ Պատուոյ Գիր ստացան Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամները, Տիկ. Հուրի Ազնաւորեան եւ Տիար. Ճոն Սաթուրի։ Օրդ. Սրբուհի Էվրան պարգեւատրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնահատանք երկարամեայ իր ծառայութեան։ Օրդ. Էվրան շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Հօր եւ Ծխական Խորհուրդին սոյն պարգեւատրումին համար։
Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան, անդրադարձաւ Թեմական Խորհուրդի նախկին Ատենապետներէն Պրն. Արա Պոյաճեանի եւ իր տիկնոջ՝ Գալապրինայի բացառիկ նուիրումին, հանդէպ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, ընդգծելով նաեւ՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ գանատահայոց Թեմէն ներս երկար տարիներու արդիւնաւէտ իր ծառայութիւնները։ Առ ի գնահատանք, Սրբազան հայրը Առաջնորդարանի առաջին կարգի «Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրեց Պրն. Պոյաճեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, որ ուղղամտօրէն ու հաստատ քայլերով կ՛առաջնորդէ գանատահայոց թեմը։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեանին, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, որոնք գնահատեցին երկարամեայ իր ծառայութիւնը։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, եւ անդրադառնալով եկեղեցիէն ներս տարուած գործունէութեան, բարձր գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հոգատարութիւնը իր ծուխին եւ գաղութին նկատմամբ։
Ուրախ եւ գոհ մթնոլորտի մէջ ընթացած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։
13 Դեկտեմբեր, 2017