Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յարակից մարմիններու եւ կամաւոր ծառայողներու գնահատանքի Ընթրիք-խրախճանքը։ Աւանդութիւն դարձած այս խրախճանքին ներկայ էին շուրջ 300 անդամ-անդամուհիներ։
Բարի գալուստի եւ հաճելի ժամանցի մաղթանքները ներկաներուն փոխանցեց Ծխական Խորհուրդի գանձապետուհի՝ Տիկին Ռոզին Իմաստունեան։ Իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ եւ գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, որոնք գնահատանքով արտայայտուեցան յարակից մարմիններու տարած աշխատանքի մասին, ի փառս եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Ապա, Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Ծխական Խորհուրդը եւ յարակից մարմինները, եկեղեցիէն ներս տարած իրենց նուիրական եւ անսակարկ գործունէութեան համար եւ կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։
Երեկոյթը շարունակուեցաւ խնադավառ մթնոլորտի մէջ։ Տիար Հրանդ Քէթէնճեան հայկական եւ օտար պարեղանակներով եւ երգերով ճոխացուց մթնոլորտն ու պարահարթակը, որուն մէջ ընդ մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Ծխական Խորհուրդի անդամներէն խմբակ մը՝ նուագակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ։
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը։ Բախտաւոր ներկաները շահեցան գեղեցիկ նուէրներ։
Երեկոյի աւարտին, ներկաները մեծ գոհունակութեամբ շնորհաւորեցին եկեղեցւոյ Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիները, եւ գիշերուայ ուշ ժամերուն բաժնուեցան երեկոյթէն։