Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 93-րդ Ընդհանուր Անդամական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի Մարտ 6, 2016-ին յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ: Ժողովին կը նախագահէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, ժողովին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, հովիւի օգնական Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան եւ Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Ատենապետուհի Տիկին Աբէթ Ալբայ: Ներկայ 80 տրատու անդամներու ներկայութեամբ ժողովը նկատուեցաւ օրինաւոր:
Նախորդ տարուայ(2015) ընդհանուր ժողովի դիւանի ատենապետ՝ Պրն. Ստեփան Էքմէքճեան ելոյթ ունեցաւ բացման եւ բարի գալստեան խօսքերով: Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանը որ աղօթքով ընթացք տայ ժողովին:
Դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց Տիար Ճագ Ստեփանեան, հայերէն ատենադպրուհի Տիկ. Սօսի Պարոնեան եւ անգլերէն ատենագրութիւնը Դոկտ. Իզա Պասմաճեան: Օրուայ խորհրդարանական (Parliamentarian) նշանակուեցաւ Պրն. Արա Պօյաճեան:
Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագրութիւնը: Տէր Հօր տեղեկագրութիւնը ընդունուեցաւ գնահատանքով: Վաւերացուեցաւ նախորդ Անդամական (2015) Ժողովի ատենագրութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատանքով վաւերացուեցան Ծխական Խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու բարոյական տեղեկագիրերը: Յանուն Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց դիւանի ատենադպրուհի Դոկտ. Իզա Պասմաճեան: Յետ քննութեան եւ տրուած լուսաբանութեան, ժողովականները վաւերացուցին նիւթական տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ 2016 տարեշրջանի նախահաշիւը:
Ընտրողական Յանձնախումբի անունով Տիկ. Անի Սարվարեան ներկայացուց Ծխական Խորհուրդի, Թեմական Պատգամաւորներու, Հաշուեքննիչ եւ Ընտրողական յանձնախումբերու թեկնածուներու ցանկը: Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Օհան Օհաննէսեանի ժողովականներուն ներկայացուցած առաջարկը՝ «Ծխական Խորհուրդի անդամներուն թիւը բարձրացնելու 11-էն 13-ի» ժողովականները վաւերացուցին: Նկատի ունենալով որ Ծխական Խորհուրդի, Պատգամաւորներու, Ընտրողական եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու, ընտրուելու թիւով թեկնածուներ կային, ընտրութիւն տեղի չունեցաւ եւ թեկնածուները ընտրուած նկատուեցան: Ժողովականներու որոշումով հաշուեքննիչ յանձնախումբի խորհրդատու անդամներ նշանակուեցան, Պրնք. Ժիրայր Ազնաւուրեան եւ Արի Պօյաճը:
Ընտրութիւններու արդիւնքը կու տանք ստորեւ-
Ծխական Խորհուրդ: Օհան Օհաննէսեան, Սելլա Գալթաքճեան, Հուրի Ազնաւուրեան, Վիգէն Ալլահեարեան, Մասիս Իսաղուլեան, Օհաննէս Տէր Օհաննէսեան (վերընտրուած) , Ռօզին Իմաստունեան, Հրանդ Քէթէնճեան եւ Նունէ Զոհրապեան:
Թեմական Պատգամաւորներ: Մատաթ Բ. Մամուրեան եւ Ճագ Ստեփանեան (վերընտրուած)
Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամներ վերընտրուեցան Պրնք. Պօղոս Իշխանեան, Արա Տէր Գէորգեան եւ Յակոբ Տէօքմէճեան, իսկ Ընտրողական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան, Այտա Աֆարեան, Ֆիլօր Պօյաճը. Ֆրանս Գանտահարեան, Անի Սարվարեան եւ Ազնիւ Սալիպեան:
Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային տարած աշխատանքները, Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Տիկին Աբեթ Ալբայը, Ծխական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիները իրենց համերաշխ գործակցութեան համար, Դիւանի ատենապետ Պրն. Ճագ Ստեփանեանը, ատենադպրուհիներ Տիկ. Սօսի Պարոնեան, Դոկտ. Իզա Պասմաճեանը եւ նորընտիր անդամները. Իսկ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամուհի Տիկ. Սուսաննա Յարութիւնեանին, շնորհակալութիւն յայտնեց տարած աշխատանքին համար:
Սրբազան Հօր պահպանիչով երեկոյեան ժամը 5:00-ին փակուեցաւ եկեղեցւոյս 93-րդ Ընդհանուր Անդամական ժողովը: