Յաւարտ Ս. Պատարագի, Յունիս 10- 2018-ին տեղի ունեցաւ Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի հանդէսը, եկեղեցւոյս “Մակարոս Արթինեան” ներքնասրահին մէջ: Ներկայ էին եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ եւ Գատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Ռօզին Իմաստունեան, վարժարանիս նախկին տնօրէնուհիներ՝ Տիկիններ Սիրվարդ Միքայէլեան եւ Սեդա Գանտահարեան, Ս. Սահակ եւ Ա Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհի` Դոկտ Արփի Փանոսեան-Մըթարթ, պատուական հիւրեր, նուիրատուներ եւ ծնողք:
Հանդիսութիւնը սկսաւ” Տէրունական Աղօթք” եւ “Զգործս Ձեռաց Մերոց” աղօթքներով, որմէ ետք վարժարանիս աշակերտութիւնը խմբերգեց” Ամէն Հայի” երգը, ղեկավարութեամբ՝ Արինա Յաքոբյանի, որմէ ետք աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին այլ երգեր, զոր խանդավառելով եւ ճոխացնելով մթնոլորտը արժանացաւ ծափողջունի:
Հռիփսիմէ Սիմոնեանի բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վարժարանիս գեղարուեստական յայտագիրը, որ կը կրէր Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած “Երիտասարդներու Տարի” թեման:
Յիսուս՝ մանուկները Կը Սիրէ- Կը Հոգայ- Կը Խրատէ- Կ’առաջնորդէ- Կը Պաշտպանէ- Կը սորվեցնէ:
Փոքրերը արտասանեցին” Բարի Յիսուս” աղօթքը եւ” Քաջ Վարդան” արտասանութիւնը։
Զանազան կարգերու աշակերտներ ներկայացուցին սաղմոսներ, աղօթքներ, առակներ եւ համարներ, բոլորը ձօնուած Աստուածաշունչին: Ներկայացուեցաւ թատրոն մը “Հրեշտակ” վերնագրով եւ ունեցանք մեներգող մը :
Տնօրէնուհի Տիկ. Սօսի Պարունեան ընթերցեց տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բարձր նկատած են Կիրակնօրեայ վարժարանը եւ իրենց մասնակցութիւնը բեռած՝ թէ նիւթապէս եւ թէ աշխատանքով:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը, յանձնելու վկայականները մեր աւարտական աշակերտուհիներուն, որոնք էին.-
Մարիամ Ճէնք
Ալին Նիսանեան
Էլիզաբէթ Ավանէսյան
Տէր Հայրը իր սրտի խօսքն ու մաղթանքները փոխանցեց եւ շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, օգնականները, աշակերտները եւ ծնողները:
Շնորհիւ մեր նուիրատուներուն եւ տնօրէնութեան, մրցանակներ եւ ծաղկեփունջեր տրուեցան վկայեալ աշակերտներուն,” ճաշու գիրք” կարդացողներուն, օգնականներուն, ինչպէս նաեւ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներուն:
Ապրի՛ն մեր աշակերտները. անշուշտ մեծ գնահատանքը կ’երթայ մեր նուիրեալ ծնողներուն, որոնք ամէնայն զոհողութեամբ եւ յարատեւութեամբ իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ Վարժարան կը բերեն, ստանալու կրօնական, հայկական եւ հաւատքի դաստիարակութիւն:
Յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով եւ բոլորը ուրախութեամբ եւ հպարտանքով հրաժեշտ տուին ուսուցչական կազմին, բարձր գնահատելով անոնց անխոնջ աշխատանքը, որոնք մեծ նուիրումով եւ Աստուածապարգեւ ծառայութեամբ կրօնական դաստիարակութիւն կը սերմանեն մանուկներուն հոգիներուն մէջ:
Բոլորին Վարձքը Կատար
Տնօրէնուհի՝
Սօսի Պարունեան