Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ.ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ 89-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ  ԱՌԹԻՒ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ին, եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 89-րդ եւ ներկայ եկեղեցւոյս (Scarbourough) օծման 30-րդ տարեդարձներու առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իրեն առընթերակայ ունենալով Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Կիւլեան եւ Արժ. Տ. Հարոլտ Քհնյ. Նահապետեան (Անկլիգան եկեղեցւոյ հոգեւորական)։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ։ Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ Դպրաց Դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սօնա Արթինեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Տիար Ճոն Սաթուրի արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին։ Տիար Ճոն Սաթուրի երկար տարիներէ ի վեր, Պարսկաստանէն սկսեալ, անսակարկ նուիրումով մատուցած է իր ծառայութիւնը Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ պայծառութեան։

«Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան դասէն Ս. Խորան բարձրանալով հանդիսաւորապէս կարդաց հայրապետական սրբատառ Կոնդակը։ Կոնդակի ընթերցումէն ետք, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ՝ Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի, որ իր կարգին շնորհաւորեց Տիար Ճոն Սաթուրին եւ իր տիկինը՝ Մակին։

Կոնդակի տուչութեան արարողութենէն ետք կրկին «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասը, ստանալու համար Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր օրհնութիւնները։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ  հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն Դեկտեմբեր 7, 1988-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդներու անդամներուն, կնքահայրերուն, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներու հոգիներուն ի հանգիստ։

Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Սուրբ Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ Պաշտօնական ճաշկերոյթ հանդիսութեամբ իր աւարտին հասաւ տօնակատարութիւնը։