Ս. Պատարագ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 90-րդ Տարեդարձի Առթիւ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 90-րդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ օծման 65-րդ տարեդարձներու առթիւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իրեն առընթերակայ ունենալով Թեմիս Փոխ առաջնորդ եւ Եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ : Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասի կողմէ. ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի:

Յընթացս Ս. Պատարագի, Տիար Յակոբ Ալթունեան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին:

Տիար Յակոբ Ալթունեան երկար տարիներէ ի վեր, Լիբանանէն սկսեալ անսակարկ նուիրումով մատուցած է իր ծառայութիւնը ազգիս, գրականութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Տ. Զարեհ Քահանան Դասէն Ս. Խորան բարձրանալով հանդիսաւորապէս կարդաց Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, որմէ ետք, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Գիր Հայրապետական Օրհնութեան եւ Գնահատած» ուղղուած Եկեղեցւոյս երկարամեայ ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի, առ ի գնահատանք Տէր Հօր անկեղծ հաւատքով ու ներշնչումով ծառայած է, Տիրոջ կենաց խօսքը սերմանելու սրբազան առաքելութեան:

Սրբազան Հայրն ալ իր կարգին շնորհաւորեց զոյգ մեծարեալները առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եւ ընտանիքի պարագաներուն: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյս դպրաց դասը, ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր օրհնութիւնները:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն երեսուն տարիներ առաջ (Դեկտեմբեր 7. 1988) Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, Եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդներու անդամներուն, կնքահայրերուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներու հոգիներուն հանգիստ: