ՎԱՆՔՈՒՎԸՐԻ ԹՄՄ-եան ՏԱՐՈՒԱՆ 9-ՐԴ ՅԱՋՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

ԹՄՄ Վանքուվըրի մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած  ընկերային 9-րդ ձեռնարկը որ իրագործուեցաւ Նոյեմբեր 25-ին քաղաքիս հանրածանօթ  Բասբարոս ճաշարանին մէջ, ԹՄՄ անդամներու եւ բարեկամներու խանդավառ շրջանակի մը   պարգեւեց անցեալ ձեռնարկները գերազանցող աննման երեկոյ մը:

Օրուայ  թամատան իր վարպետութեամբ համբաւաւոր՝ տիկին Ռոզի Թոքաթլեանը, ողջունեց ներկաները, եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբի իր գործակիցները: Բարեմաղթանքներու եւ սրամտութիւններու ջերմ խօսքերով ան բացումը կատարեց տարեվերջի ամանորեան հանդիսութիւններու աւանդական շարքին: Ապա, սպասարկուեցաւ համեղ  ճաշը: Անմիջապէս յետոյ, անակնկալօրէն բերուեցան կաղանդի նուէրներ, որոնք բաժնուեցան անխտիր իւրաքանչիւր ներկայի, ձեռամբ ատենապետուհիին, որ խանդավառութիւնը եւ զուարթ մթնոլորտը հասցուց  գագաթնակէտին: Արդէն բոլոր տրամադրութիւնները պատրաստ էին սկսելու խմբային զուարթ հայկական երգերը, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ երեկոն:

Կարծես ոչ ոք չէր ուզեր մեկնիլ: Ուրեմն մեր ճարտար ատենապետուհին իր ընկերային հիւմըրովը, տեղւոյն վրայ կազմակերպեց խաղեր, որոնց ուրախութեամբ մասնակցեցան ներկաները եւ մեծ հաճոյքով կատարուեցաւ իւրաքանչիւրէն ակնկալուած դերը: Խնդուկի բացագանչութիւնները կը լեցնէին ճաշարանը ու կը տարածուէին մինչեւ փողոցը: Այսպէս, երկար ժամեր անցնելէ ետք էր, որ առանց ուզելու ներկաները ստիպուած բաժնուեցան այս  խանդավառ միջավայրէն, պնդելով սակայն որ մեր վարչականները աւելի յաճախ կազմակերպեն նոյնանման հաւաքոյթներ:

Ներկայ մը