Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի՝ 29 Սեպտեմբեր 2019-ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ, Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի մէջ հիւրաբար գտնուող Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, առ ընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանին: Սուրբ Խորանի Ծառայողներն էին՝ Գրիգոր Սրկ. Թոզակը, Շահնուր Սրկ. Այնաճեանը, Նուրհան Սրկ. Իփեկեանը, Սեւան Սրկ. Իշխանեանը, Տիրան Սրկ. Բարնակեանը եւ Տարիոս Սրկ. Կիւմիւշճեանը:

Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան յանուն Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Ծխական Խորհուրդի, Յարակից Մարմիններու եւ հաւատացեալներու, ողջունեց  հիւրաբար Թորոնթօ գտնուող Սրբազան հայրը, որ իր քարոզի  ընդմէջէն, Ս. Պատարագին ներկայ հաւատացեալներու բազմութեան, փոխանցեց օրուայ տօնին խորհուրդը եւ իր հայրական պատգամը: Ապա, Ս. Գէորգ Զօրավար տօնի առթիւ, Ս. Խորան հրաւիրուեցան ներկայ գտնուող Գէորգ, Գէւօ, Գեւիկ, Ճորճ, Ժորժ, Ժորժէթ եւ Ժորա անունները կրող հաւատացեալները ստանալու համար Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, ներկաները ուղղուեցան ժողովասրահ, ուր Ծխական Խորհուրդը գլխաւորութեամբ Տիկ. Րոզին Իմաստունեանի նախօրօք պատրաստած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Մտերմիկ սեղանի շուրջ, Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան անգամ մը եւս ողջունեց Սրբազան հօր այցելութիւնը, մաղթելով անփորձանք եւ արեւշատ տարիներ. իր աղօթքին մէջ յիշեց նաեւ իրաքահայ համայնքի զաւակները, մաղթելով որ Աստուած իրենց ապահով եւ անսասան պահէ։ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Օհան Օհաննէսեան խօսք առնելով, ինք եւս բարի կեցութիւն մաղթեց Սրբազան հօր, փոխանցելով իր եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներու բարի մաղթանքները։